Սիրելի ընթերցող,
Ինչպէս նախորդ թիւին մէջ տեսանք եւ լսեցինք Յովսիա թագաւորին խօսքը երբ կ՛ըսէր` «երբ հասնիս եկեղեցւոյ դռան առջեւ, նախքան մտնելդ, հետեւեալ հարցումը ուղղէ՛ դուն քու անձիդ. ԵՍ ՈՐՈ՞Ւ ՔՈՎ ԵԿԱԾ ԵՄ»: Ահաւասիկ այսօր ալ նոյնպէս, մեր հետ ունենալով Հին Կտակարանի նշանաւորագոյն թագաւորներէն մին՝ Յովսիա թագաւորը, պիտի փորձենք կարելի եղածին չափ օգտուիլ անոր ժամանակաւոր ներկայութենէն մեր հետ՝ սկիզբ տալով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի այժմու աչքերով դիտուած միայն ու միայն հոգեւոր վերլուծում – մտածականի մը, նպատակ ունենալով ամէն մէկ Հայ հաւատացեալի սրբութիւնն ու յառաջդիմութիւնը իր հոգեւոր կեանքին մէջ: Այս բոլորը` անշուշտ ի մտի ունենալով Անձեւացին, Լամբրոնացին եւ Օձնեցին եւ խոնարհելով անոնց մեծութեանը առջեւ եւ ընդունելով իմ անձիս խեղճութիւնն ու անկարող եւ սահմանափակ վիճակը՝ այսպիսի անձնաւորութիւններուն եւ անոնց գործերուն դիմաց:
Ես. Տէր արքայ, վստահ եմ որ տակաւին շատ բաներ ունիք մեզի ըսելու եւ փոխանցելու: Արդեօք կարելի՞ է մեզի բացատրել 131-րդ սաղմոսին պարունակութիւնը, իմաստն ու անոր կարեւորութիւնը՝ յատկապէս այն ինչ որ կը վերաբերի զգեստաւորման արարողութեանը:
Դուն. Այո, տէր արքայ, արդեօք ի՞նչ կը պատահի աւանդատան մէջ նախքան Սուրբ Պատարագի խորհուրդը սկսիլը:
Յովսիա Թագաւոր. Սիրելիներս, այս սաղմոսը ինծի համար կարեւորագոյն սաղմոսներէն մին է, որովհետեւ բխած է սրտէս եւ գրուած՝ իմ արցունքներովս: Այս սաղմոսը արտասանեցի երբ օտար թագաւորութիւններ կը պատրաստուէին քանդել պատմական Երուսաղէմն ու անոր սուրբ քաղաքը: Այս սաղմոսը արտասանեցի որպէսզի կարողանայի բոլոր քահանաներուն եւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին կոչ ուղղել որպէսզի դարձի գան իրենց մեղքերէն, եւ զղջալով՝ կրկին դառնան իրենց Երկնաւոր Հօր Սուրբ եւ Հզօր բազուկներուն ներքեւ: Եւ վերջապէս, այս սաղմոսը արտասանեցի որպէսզի կարողանայի շարժել Աստուածային մեծ գութը եւ կանչել Անոր ողորմութիւնն ու Հայրական գուրգուրանքը: Միթէ կա՞յ Աստուծոյ նման մէկը որպէսզի մարդս թէ՛ իր նեղութեան եւ թէ ալ իր ուրախութեանը պահուն իր ամբողջական վստահութիւնը Անոր վրայ դնէ:
Ահա թէ ինչ կ՛ըսէ սաղմոսը:
«Քու քահանաներդ արդարութիւն թող հագնին, եւ քու սուրբերդ ցնծալով թող ցնծան»:
Եղբայր Խաչիկ, երբ ապագային Սուրբ խորան բարձրանաս յիշէ՛ որ Սուրբ Պատարագի զգեստը պարզապէս նշան մըն է այդ ճշմարիտ արդարութեանը՝ զոր կարելի է ընդունիլ միայն ու միայն երկինքէն եւ հանապազօրեայ խնդրանքով ու անվերջ աշխատանքով:
Սիրելի եղբայր Խաչիկ, երբ դուն միշտ հագած ես եւ կամ միշտ կը փորձես հագած մնալ արդարութեան զգեստը, յիշէ որ շատ շատեր քեզի նայելով պիտի սիրահարին այդ արդարութեան՝ ճշմարիտ արդարութեան զգեստին, եւ այդ պահին է որ պիտի իրականանայ այն խօսքը ուր կ՛ըսուի թէ մեզի կը մնայ սերմը ցանել, իսկ ջրելն ու խնամք տանիլը՝ միայն Աստուծոյ վերապահուած է:
Դուն. Իսկ մեր դերը ի՞նչ է այստեղ.
Շատ սիրեցեալ հաւատացեալ որդիներս, դուք ալ չմոռնաք ձեր պատարագիչ եղբօրը ինչպէս նաեւ դուք ձեր անձերուն համար աղօթելու, որովհետեւ փոխադարձ աղօթքը շատ մեծ հրաշքներ եւ հոգեւոր բժշկութիւններ կարող է գործել:
Ով Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր խոնարհութիւնը:
Խոնարհութիւն: Ահաւասիկ բառ մը զոր մինչեւ այսօր աշխարհը կարող չէ հասկնալ: Վա՛յ քեզի եղբայր Խաչիկ երբ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ բառը մեկնաբանես որպէս տկարութիւն: Այն ինչ որ մարդս տկար կը դատէ եւ կամ խեղճ, Քրիստոս զայն կը նկատէ որպէս մեծութիւն եւ սրբութեան ձգտումի նշան: Յիշէ՛ նաեւ ով մարդ արարած, թէ ինչ որ ալ ընես եւ ինչ շնորհք եւ կամ ձիրք ալ ունենաս, այդ բոլորը կը պարտիս ՄԷ՛Կ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԷԿ ՀՕՐ ՈՐ ԿԸ ԲՆԱԿԻ ԵՐԿԻՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՐՏԵՐՈՒ ՄԷՋ: Կը յիշե՞ս որ օր մը դուն հող էիր եւ հող պիտի մնայիր եթէ Քրիստոս քու սիրոյթ եւ փրկութեանդ համար չխաչուէր ու չմեռներ: Պահ մը սենեակ մտի՛ր եւ դուն քեզ հետեւեալ հարցումը ուղղէ. Ո՞Վ ԵՄ ԵՍ ԱՌԱՆՑ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Իսկ դո՛ւք, շատ սիրեցեալ հաւատացեալ որդիներս, երբ կը պատրաստուիք Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մասնակցելու, չմոռնաք ձեր հետ բերելու տունէն ձեր պարզ հոգիներն ու սիրտերը, որովհետեւ Քրիստոս ձեզմէ պիտի չխնդրէ ճառեր պատրաստել եւ կամ բանաստեղծութիւններ ասմունքել որպէսզի Ան ձեզ ընդունի: Բաւարար է միայն ձեր խոնարհ սրտերով եւ հոգիներով իրեն նայիք ու ներկայանաք, եւ վստահ եղէք որ Ան ձեզի շատ շուտով պիտի հասնի եւ ձեր յոգնած եւ յուսահատ հոգիներուն մէջ՝ պիտի դնէ յաւիտենական ջուրն ու խաղաղութիւնը:
***
«Թէ ինչպէս երդուընցաւ եւ ուխտեց Յակոբի Աստուծոյն ըսելով, թէ իմ տունէս ներս պիտի չմտնեմ եւ պիտի չելլեմ իմ անկողինիս մահիճին վրայ: Թէ իմ աչքերուս քուն՝ եւ արտեւանուքներուս նիրհ՝ եւ մարմնոյս հանգիստ պիտի չտամ, մինչեւ որ Յակոբին Տիրոջ Աստուծոյն բնակարանին մէջ տեղ գտնեմ:Ահաւասիկ անոր մասին լսեցինք Եփրաթայի մէջ, եւ զայն գտանք մայրիներու դաշտին մէջ»:
Ամէն մարդ արարած, իր աշխատանքային օրուայ աւարտին, կ՛ուզէ իր ձեւով հանգչիլ եւ կամ զուարճանալ: Կան մարդիկ որոնք կը սիրեն բարեկամներով զբաղիլ, իսկ ուրիշներ` այցելել իրենց մտերիմներն ու լաւ ժամանակ անցնել անոնց հետ: Բայց տարօրինակ կերպով, երբ կը կարդանք սուրբերուն կեանքը կը տեսնենք թէ ինչպէս անոնք միայն Քրիստոսի մէջ կը տեսնեն ու կը գտնեն իրենց յաւիտենական միակ հանգիստը: Այսօր աշխարհը փոխուած է, այսօր աշխարհը կուրցած է, այսօր աշխարհը իր հաւատքը կորսնցուցած է, այսօր աշխարհը կը վերածուի դժոխքի, իսկ մարդիկ՝ կը դառնան մէկական փայտեր որպէսզի դժոխքի կրակը շատ լաւ վարի ու այրէ Աստուածային Սուրբ ձեռքերով շինուած, պատրաստուած եւ ստեղծուած մարդկային մարմիններն ու հոգիները: Այսօր աւելի հաւատացեալներ կան ժամանցի վայրերու դռան առջեւ, քան թէ՝ Եկեղեցիներուն, այսօր մարդս աւելի կը նախընտրէ հարիւրաւոր տոլարներ մսխել մի քանի ժամուայ հաճոյքներուն համար՝ փոխանակ ներկայանալու Քրիստոսի սուրբ մարմինին առջեւ եւ մասնակից դառնալու Անոր ձրիաբար շնորհած փրկութեանը եւ յաւիտենական հաճոյքին:
Սիրելիս, երբ միայն մարմինդ ուրախ է, այդ կը նշանակէ թէ քու ուրախութիւնդ ժամանակաւոր է եւ մակերեսային, իսկ երբ հոգիդ ուրախ է` այդ պահին է որ պիտի հասկնաս թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճշմարիտ եւ յաւիտենական ուրախութիւնը: Յիշէ որ ոչ ոք կարող է քու հոգիիդ հասնիլ, հետեւաբար ուրախութիւնը ապահով եւ քաղցր ձեռքերու մէջ է, անհոգ եղի՛ր:
Երանի անոր, որ իր կեանքի բոլոր օրերուն կը փափաքի Տիրոջ տունը բնակիլ ու միայն ու միայն Անոր ծառայել՝ առանց ոչ մէկ փոխադարձ խնդրելու եւ կամ սպասելու՝ բացի մեղքերու թողութենէն եւ երկնային փառքի պսակին մասնակից դառնալու արժանացումէն: Միթէ յօժար ու պատրա՞ստ ես:
Շարունակութիւնը՝ յաջորդ թիւով
ԽԱՉԻԿ կիս. սրկ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ