Ժամանակ ունի՞ս

Ժամանակ ունի՞ս

20-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին բնորոշիչ երեւոյթն է ժամանակի հետ պայքարը: Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, Եւրոպայի թէ՛ յաղթական եւ թէ՛ պարտուած երկիրները սկսան աւերակներու վերականգնումի եւ պատերազմի հետքերու վերացման գործընթացը: Բոլոր երկիրները կարծես ժամանակի հետ մրցումի մէջ էին, կ’ուզէին առագասլաց քայլերով վերականգնել քանդուած քաղաքներն ու հասարակութիւնները ամէն առումով:

Այսպէսով մոլորակիս վրայ յառաջացաւ քաղաքական եւ տնտեսական երկու հսկայ ճակատներ (bloc), մին արեւմտեան, ազատապաշտ` (liberal), Ամերիկայի Միացեալ Նահնգներուն առաջնորդութեամբ, իսկ միւսը համայնավար` Սովետական համակարգին մէջ ընդգրկուած եւ անոր դաշնակից այլ ընկերվարական երկիրներէ բաղկացած միութիւնը:

Այս երկու ճակատներէն իւրաքանչիւրը ամէն ջանք եւ ճիգ կը թափէր դառնալու աշխարհի գերագոյն պետութիւնը եւ համայն աշխարհին պարտադրելու իր տնտեսական եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, ուղղութիւնն ու տեսութիւնը:

Պատերազմի աղէտէն ետք, եւրոպայի ժողովուրդներուն եւ երիտասարդութեան աշխարհայեայցքը բոլորովին փոխուեցաւ, բարոյականութեան հանդէպ նոր ըմբռնում մը ստեղծուեցաւ, մարդկային արժէքներուն եւ առաքինութեանց նկատմամբ միահամուր յեղափոխութիւն մը հռչակուեցաւ: Ընկերային համակարգին օրէնքները համընդհանուր վերատեսութեան եւ յեղաշրջումի ենթարկուելով նոր բարոյականութիւն մը յառաջացաւ:

Զինուորական, տնտեսական, գիտական, գիտարուեստական ասպարէզներուն մէջ ակներեւ եւ գնահատելի առագասլաց յառաջդիմութիւն արձանագրելու մրցումը բաւական մարդուժ եւ նիւթական պաշար կը պահանջէր: Երկու հսկայ գերիշխանութիւնները` իւրաքանչիւրը իր կարգին, նուաճեցին գիտութեան բոլոր գագաթները, հասան լուսին, արբանեակներու հնարումով կարողացան միացնել աշխարհիս չորս ծագերը եւ շրջանցելով բոլոր սահմաններն ու հեռաւորութիւնները կարողացան նոյնիսկ ուսումնասիրութեան ու տարրալուծութեան ենթարկել տիեզերքի մոլորակներու խորհուրդներն ու գաղտնիքները:

Միջին Արեւելքի եւ նորանկախ ու թերաճ այլ երկիրներ, զիրենք գրաւող պետութիւններուն մշակոյթներէն, քաղաքակրթութենէն ու գաղափարախօսութիւններէն ազդուելով, իրենք եւս որդեգրեցին նոր համաշխարհային տնտեսաքա-ղաքական համակարգը:

Քարիւղի եկամուտին շնորհիւ, Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներու մէջ շատ արագ ու հսկայ բարենորոգումներ եւ բարեկեացութիւն ու արդիականութիւն յառաջացաւ:

Պատերազմի աղէտին եւ անոր փորձանքներու տառապանքներէն ու յուսախաբութիւններէն ընկճուած Եւրոպայի եւ արեւմուտքի ժողովուրդներու մօտ ազատութեան հանդէպ նոր մտայնութիւն մը ստեղծուեցաւ:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած մարդու իրաւունքներու օրէնքին վրայ հիմնուելով, վերոյիշեալ երկիրները ու պետութիւնները նոր սահմանադրութիւններ հաստատեցին, աշխարհական, ազատապաշտ, ժողովրդավարական համակարգ մը որդեգրելով , սանձարձակ մարդկային ազատութիւն շնորհեցին եւրոպացի անհատին, հեռացնելով զինք ամէն տեսակ կրօնական եւ հոգեւոր մթնոլորտէ եւ զինք անջատելով իր քրիստոնէական ինքնութենէն:

Այս ուղղութեամբ բռնաբարութեան դէմ ընդվզող եւրոպացի ազգերու կողմէ 1960-ական թուականներուն սեռային յեղափոխութիւն մը յայտարարուեցաւ, ուր այդ ազգերու երբեմնի բարոյական, մարդկային ու քրիստոնէական առաքինութիւնները անհետացան: Մարդոց կապերը եկեղեցւոյ հետ հետզհետէ տկարացան ու թերահաւատութիւնն ու անաստուածութիւնը լայնօրէն տարածուեցան քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ:

Մեր ապրած վերջին քսան տարիներու այս ժամանակաշրջանը կարելի է անուանել համացանցի եւ համակարգիչի կամ ելեկտրոնիքի դարաշրջան, ուր գիտական եւ արհեստագիտական ասպարէզին մէջ ամէն օր` նորութիւն մը կամ նոր գիւտ մը կ’արձանագրուի:

Համայն աշխարհը մրցումի մէջ է արդիականութեան արագասլաց հոսանքին հետ: Որքան ալ կարեւոր ըլլայ ժողովուրդի, ազգի կամ պետութեան մը համար բարօրութիւնը, սակայն անոր գինը պիտի ըլլայ երիտասարդութեան ու հասարակութեան հոգեբարոյականութեան խախտումը, մանաւանդ որ ներկայիս անհատը այլեւս ոչ մէկ մտային, ընկերային կամ հոգեւոր գործողութեան համար յարմար կամ բաւարար ժամանակ կը տրամադրէ:

Այս դժբախտ իրականութիւնը կու գայ շարունակելու 18-րդ դարու Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներն ու ազդեցութիւնը մարդկութեան հոգեւոր սայթաքումներու եւ անբարոյ վարուելակերպի ծիրէն ներս, ուր կատարեալ ազատութեան այլանդակ հասկացողութիւն կը տիրէ համաշխարհային մարդկութեան բարք ու վարքին վրայ:

Իսկ ինչ որ զիս կը հետաքրքրէ որպէս հոգեւորական, ան է որ ներկայիս քրիստոնեայ ժողովուրդը որուն մաս կը կազմէ Լուսաւորչաժառանգ Հայ ժողովուրդը ըլլայ սփիւռքի մէջ, ըլլայ Հայրենիքի, բաւական հեռացած է եկեղեցիէն ու հոգեւոր կեանքէն, բայց այս անգամ նոր պատճառներով, որոնցմէ է օրինակի համար, ժամանակ չունենալու պատճառաբանութիւնը, որ աւելի վտանգաւոր է քան յստակ ու անկեղծ անհաւատութիւնը: Վասնզի մեր Հայ ժողովուրդը զարմանալի կարողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ունի որեւիցէ եղափոխութեան կամ նորոյթի հետ միաձուլուելու ու համակերպուելու, անոր հաւատալու եւ մէջը մխրճուելու այնքան որ կարծես իր նկարագրին մաս կազմելու ըլլար:

Ահա թէ ինչու ամէն անգամ որ նոր սերունդի մեր հայ հաւատացեալներէն մէկուն հարցնենք թէ ինչո՞ւ եկեղեցի չի յաճախեր կամ արարողութիւններուն չի մասնակցիր, եւ նոյնիսկ իր տան մէջ անձնական աղօթք կամ աւետարանի ընթերցում ինչո՞ւ չի կատարեր, ակնթարթային արագութեամբ իր պատասխանը կ’ըլլայ ժամանակ չունենալու պատճառաբանութիւնը: Այս պատասխանը պատճառաբանութեանց պատճառաբանութիւնը կարելի է համարել:

Խուսաբելու կամ իրականութիւն մը շրջանցելու միջոց մըն է ժամանակ չունենալու այս պատրուակը, սակայն ծիծաղելի է: Ծիծաղելի` որովհետեւ ան կը տրուի նոյն այն անձերուն կողմէ, որ Աստուած փառաբանելու եւ սիրելու ժամանակ չունենալով հանդերձ, բաւական ժամանակ ունին զբաղելու բազմաթիւ այլ դատարկաբանութիւններով:

Ծիծաղելի է, որ անգործ անձեր այնքան բազմազբաղ ձեւանան, որ ժամանակ չունենան իրենց Արարիչը պատուելու:

Այս գրութեամբ քեզի հետեւեալ հարցումը կ’ուղղեմ ով հայ հաւատացեալ. ժամանակ ունի՞ս երկարատեւ կամ գէթ 3 ժամ երկարող շարժանկարի մը հետեւելու, բայց ժամանակ չունիս յանուն պատարագի սուրբ խորհուրդին դատարկ ժամանակէդ ժամ մը զոհելու:

Ժամանակ ունի՞ս ուրիշին համբաւը բամբասանքներով աղաւաղելու, սակայն օրուան ընթացքին կարող չես 5 վարկեան իսկ յատկացնելու Տիրոջդ գոհութիւն մատուցանելու:

Ժամանակ ունի՞ս մարդ Աստուծոյ` ամբողջ օր մը կորսնցնելու յաղաքս մարդկային տեսակ տեսակ կիրքեր յագեցնելու ծրագիրներ մշակելու: Իսկ կիրակնօրեայ երկնային Հօրդ հետ հանդիպելու զաղափարը երբեք թանկարժէք ժամանակէդ ռոպէ մ’իսկ չարժեր:

Ժամանակ ունի՞ս ով Հայ տիկին եւ պարմանուհի, վարսայարդարին մօտ օր մը ամբողջ վատնելու, մի քանի թել մազի գոյնը փոխելու համար, կամ հեռատեսիլէն սփռուած «թրքական» շարժապատկերներու հետեւելու, իսկ հոգին զարդարող Տիրոջ հետ հանդիպիլը անխելքութեան երեւոյթ մը կը համարես:

Իսկ դո՛ւն, ով Հայ երտասարդ կը զարմանամ ու կը մտածեմ թէ ինչպէ՞ս ժամանակ ունիս երկու ժամ երկարող ոտնագունտի խաղ մը այնքան խանդավառութեամբ դիտելու, որ կարծես մրցակցող խումբերէն մէկուն անդամը ըլլայիր: Բայց միեւնոյն ատեն Կիրակի օրուայ քարոզը այնքան ծանր է սրտիդ եւ ականջիդ վրայ, որ անոր պատճառաւ եկեղեցի գալը քեզի համար մխձաւանջ մըն է:

Ժամանակ ունի՞ս, սիրելի եղբայրս ի Քրիստոս, օրուան ընթացքին քանի եւ քանի անգամ բջջային հեռախօսդ քննելու, տեսնելու համար թէ քանի նամակ ստացած ես, եւ կարդալէ յետոյ ժամանակ ունիս ցանկիդ վրայ արձանագրուած բոլոր թիւերուն փոխանցելու զայն: Բայց որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրես թերթատելու Սուրբ Գիրքին էջերը, գէթ ճանչնալու համար անոր մէջ յիշուած բազմաթիւ տիպարներն ու օրինակելի անձնաւորութիւնները եւ աւելի ընտելանալու քեզ փրկող Տիրոջ հետ:

Ոմանց մօտ «Ժամանակ չունիմ» կտրուկ խօսքը, մերժումի արտայայտութեան մը քաջութիւնը չունենալու նշան է, վասնզի ինչպէ՞ս կարելի է ժամանակ տրամադրել անոր որ չեն սիրեր կամ չեն հաւատար: Բնական է որ մարդս իր ժամանակը իր նախասիրութեանց համար կը վատնէ: Զարմանալի է որ ժամանակ չունենանք սիրելու` ժամանակն իսկ ստեղծողը:

Այս աշխարհիս վրայ միակ ձրի բանն է ժամանակը, որ աստուածային պարգեւ մըն է եւ մեզմէ ոչ մէկ ջանք կամ յոգնութիւնկը պահանջէ: Ինչո՞ւ ուրեմն կ’ուզես սեփականացնել բան մը, որ ոչ մէկ մարմնական կամ նիւթական ճիգ կը թափես զայն շահելու համար, այլ քեզի ձրիաբար շնորհուած է Աստուծմէ: Բայց թերեւս այսպէս կը վարուիս որովհետեւ 20-րդ դարու մարդս ինքզինք բացարձակ տէր կը հռչակէ բնութեան` ինքնիրեն իրաւունք տալով սանձարձակօրէն շահագործելու անոր բոլոր իրերը:

Վերջին խօսքս քեզի կ’ուղղեմ ով Հայ հաւատացեալ: Ինչպէս որ երկրային կեանքիդ ընթացքին Տիրոջդ տրամադրելու ժամանակ չունէիր, նոյնպէս մեծ դատաստանին օրը հակառակ որ Տէրը ժամանակ ունի ներելու մեղքերդ, դուն ժամանակ պիտի չունենաս դարձի քալու եւ դրութիւնն ու պայմանները փոխելու:

Ուստի, սիրելի եղբայր, պահն է հիմա Աստուած ճանչնալու. կը կարծեմ դեռ եւս ժամանակ ունիս ասիկա ընելու, իսկ եթէ չունիս` զայն ստեղծէ՛: Որոշումը քուկդ է:

 

Հ. ՎԱՐԱԳ Վրդ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ