ԱՅԴ «ՄԷԿԸ»՝ ՏԱՍԸ ՄԻԼԻՈՆՈՎ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՈՒԱԾՈՒԺՈՎ ԿԸ ՅԻՇԷ՛ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

ԱՅԴ «ՄԷԿԸ»՝ ՏԱՍԸ ՄԻԼԻՈՆՈՎ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՈՒԱԾՈՒԺՈՎ ԿԸ ՅԻՇԷ՛ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի Դ. նիստը, որ գումարուեցաւ 27 Մայիսին Երեւանի մէջ, եկաւ անգամ մը եւս վկայելու որո՛չ միայն չիրականացաւ աշխարհի վրայ միայն մէկ հայ, այն ալ թագարանի համար ողջ ձգելու օսմանեան կայսրութեան գազանաբարոյ ղեկավարներուն երազը, այլ տասը միլիոնով բազմապատկուած այդ մէկը՝ այսօր, 100 տարի ետք կը պայքարի ուպիտի շարունակէ պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման համար, ինչպէս հաստատեց նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ համայն հայութեան ներկայացուցիչները համախմբող նիստի բացման իրբաւական լայնածաւալ խօսքինմէջ։

«Թողոչ մէկը մտածէ թէ – ըսաւ ան – Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը մեր դատի սահմանագիծն է…։ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մենք ներկայանալու ենք նորացուած նպատակադրումներով եւ մեր առջեւ դրուած համահայկական նոր օրակարգով, առաւել հզօր պետականութիւն եւ առաւել համախմբուած սփիւռք ունենալու մեր ծրագրերով։ Հարիւրամեակով մենք ազդարարելու ենք յանուն արդարութեան վերականգնման պայքարի նոր փուլ մը»։ Նախ. Սարգսեան շատ յստակօրէն հասկցուց որ պայքարը պիտի չդադրի մինչեւոր Թուրքիա գիտակցի թէ օսմանեան կայսրութեան յանցակիցը չդառնալու համար պատմութեան հետ առերեսումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը այլընտրանք չունին։

Հայաստանի նախագահին ելոյթը՝ 100-րդ տարելիցի սեմինհամայն հայութեան ներկայացուցիչները համախմբող աննախընթաց լսարանի մը դիմաց,իր յստակ առաջարկներով ու առաջադրանքներով, ամբոխներ խանդավառելու սահմանուած սոսկ հռետորաբանութիւնչէր, այլ հայկական պահանջատիրութեան պայքարի նոր փուլին ազդանշանը՝ բոլո՛ր ճակատներուն եւ հարթակներուն վրայ, ներքինու միջազգային։ Ան յստակ յղում մըն էր էրտողանեան Թուրքիոյ,պատասխան մը՝ թրքական իբրեւ թէ «բարիկամեցողական» առաջարկներուն,քօղազերծումն էր միջազգային հասարակութեան «բարի կամեցողութեան տէր» եւ «վշտակից մարդ»ու դիմակով ներկայանալու թրքական կեղծաւորութեան։ Հրաւէր մը Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, ճշմարտութեանհետ։ Հրաւէր մը թրքական իշխանութիւններուն՝ ճշմարտութիւնը փոխանակ արխիւներու մէջ փնտռելու ժամավաճառութեան, «առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ» մտնելով աշխարհասփիւռ ոեւէ հայ ընտանիքիտունէններս եւ հարց տալու թէ «ի՞նչ է ձեր նախնիներուն այստեղ յայտնուելուն պատճառը», եւ ապա Ապրիլի 24-ին գալու Ծիծեռնակաբերդ՝ հասկնալու համար այդ օրուան խորհուրդը իւրաքանչիւր հայու համար։

Գնդակը Էրտողանի բերդէն ներս ուղարկելու Սերժ Սարգսեանի հարուածը իր ամբողջ ուժգնութիւնը ստացաւ Թուրքիոյ նախագահը ¥ովոր ալ ըլլայ ան յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքով¤ 2015-ի Ապրիլին Հայաստան այցելելու հրաւէրով՝ առերեսուելու համար Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ։ Միջազգային իրաւարարները վստահաբար Հայաստանին ի նպաստ կէտ մը արձանագրեցին այս չսպասուած հրաւէրով, որուն Անգարայի պատասխանին ուշացումը թրքական դիւանագիտութեան շփոթահարութեան հետեւանքը կրնայ ըլլալ՝ եթէ նկատի ունենանք որ Տաւուտօղլուիիսկ խոստովանութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին դէմ աշխատանքի լծուած են «դիւանագիտութենէն մինչեւ իրաւական, հասարակականէն մինչեւ գիտական ոլորտներունմէջ եւ թրքական սփիւռքի մասնակցութեամբ» եւ Էրտողանի ապրիլի 23-ի ուղերձը «այդ թրքական ամբողջական ռազմավարութեան մաս կը կազմէր»։ Իր այս խոստովանութեամբ, Տաւուտօղլուն անգամ մը եւս հաստատեց որ «20-րդ դարասկիզբին իրենց կեանքերը կորսնցուցած հայերու թոռներուն ցաւակցութիւն յայտնելով»՝ զոհն ու դահիճը եւ ընդհանրապէս պատերազմի կորուստները հաւասարեցնելու Էրտողանի փորձը իրականութեան մէջ ցեղասպանութեան իրողութիւնըժխտելու եւ չքմեղանալու նորովի փորձ մըն է։

Մինչեւ 2015-ի Ապրիլ, նման փորձերու շարքը հաւանաբար պիտի երկարի։ Մինչ այդ, զանոնք դիմագրաւելու, չէզոքացնելու, անոնց հակազդելու եւ միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու պատրաստ գտնուելուկոչ մըն էր նախ. Սարգսեանինխօսքը ուղղուած իւրաքանչիւր հայու։ «Իւրաքանչիւրս պէտք է ունենանք մեր պատասխանատուութեան զգացումն ու չափաբաժինը հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուելիք միջոցառումներուն յաջող անցկացումին եւ միջազգային իրազեկման նոր մակարդակ ապահովելու համար»։ Այս ուղղութեամբ ան խիստ կարեւորեց լոպպիիստական եւ իրազեկման կառոյցներուն դերը։ Այդ կարեւորութեան գիտակցութեամբ եւ համապատասխան զգօնութեամբ եւ աշխուժութեամբգործելու կոչուած են զանգուածային լրատուամիջոցները, եւ մանաւանդ անոնք որոնք օտար լսարաններէ ներս թափանցելու հնարաւորութիւնը ունին։ Եւ քիչ չէ անոնց թիւնու հեղինակութիւնը։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ