27 ԾԱՂԻԿՆԵՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԻՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ

27 ԾԱՂԻԿՆԵՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԻՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ

Շաբաթ, 21 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի հանդէսը, հովանաւորութեամբ՝ արհիապատիւ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի (Պատրիարքական փոխանորդ Լիբանանի կաթողիկէ հայոց Թեմի), նախագահութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Ժագ Կիսոյի, եւ ներկայութեամբ՝ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, գերապատիւ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի, հարազատներու, բարեկամներու եւ հիւրերու։

Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, շրջանաւարտները մուտք գործեցին սրահ եւ բեմին վրայ գրաւեցին իրենց տեղերը: Անոնք բացման խմբային խօսքով, երեք լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն, հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի բուրաւէտ ծաղկանոցին, եւ ապա բեմ հրաւիրեցին վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը։

Harb3
Տիկ. Պոյաճեան, ներկաները ողջունելէ ետք, խօսքը գունաւոր բուրումնաւէտ ծաղիկներուն ուղղելով ըսաւ. «Այսօր պիտի ստանաք ձեր դպրոցական կեանքի առաջին վկայականը: Տարիներ ետք դուք պիտի ստանաք շատ աւելի բարձր վկայականներ, բայց այս մէկը պիտի ունենայ իր յատուկ կարեւորութիւնը եւ տեղը ձեր սրտին մէջ, որովհետեւ ան իր մէջ կը խտացնէ ձեր մանկութեան բոլոր յիշատակները` երգերը, պատմութիւնները, եւ ձեր մանկական քաղցրութիւնն ու անմեղութիւնը»: Ան նշեց, թէ «հայը իր գոյատեւումը ապահոված է հայ եկեղեցիով եւ դպրոցով. երկու կառոյցներ` որոնք փրկչագործական աշխատանք տարած են օտարացման ու ձուլումի կլանող ալիքներուն դէմ: Այդ պատճառով, հայ դպրոցին պահպանումն ու գոյատեւումը սրբազան առաքելութիւն մը կը համարուի, որուն համար մարտնչիլը ազգային պարտականութիւն դարձած է»: Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին հայրերու տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, օրուան նախագահ ամոլին, եւ բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին վարժարանին:

Harb4

Արհիապատիւ հայր Գաբրիէլ Մուրատեան ըսաւ, թէ իր երկու կողմերը կը գտնուին հրեշտակներ, որոնք մեզի յանձնուած են, եւ մենք պարտինք լաւ օրինակ դառնալ անոնց: Ան նշեց, թէ «այս հրեշտակ-մանուկներուն ծնողները վստահութիւն ունին հայ կաթողիկէ վարժարաններուն վրայ եւ այդ վստահութեան հիմնուելով իրենց զաւակները յանձնած են Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին, հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է վստահեցնել անոնց, որ իրենց զաւակները ա՛յս վարժարանին մէջ կը ստանան լաւ ուսում եւ կրթութիւն, որպէսզի դառնան տիպար եւ օրինակելի հայորդիներ, որոնք կը կրեն հայկական եւ քրիստոնէական շունչը իրենց մէջ»:

Գերապայծառ հօր, հանդէսի նախագահին եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ վկայականներու բաշխումէն ետք, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները բեմականացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Քէֆ Ընողին Քէֆը Չի Պակսիր» գործին թատերական ներկայացումը, որուն ընթացքին անոնք պարեցին նաեւ հայերէն եւ արաբերէն պարեր:

Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները իրենց յատուկ բուրմունքով եւ հաճելի ձեւերով պարեցին իրենց ծնողներուն եւ ներկաներուն համար:

Harb1

Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու աշակերտներու միասնաբար երգով եւ փակումի պարով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին: Այնուհետեւ, Տիկ. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, յատկապէս մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանին, իրենց աշխատանքներուն ու նուիրուածութեան համար: Ապա, ներկաները անցան վարժարանիս շրջափակը, ուր շրջանաւարտները իրենց ծնողներուն հետ պարեցին իրենց առաջին պարը՝ հրավառութեան լոյսերուն տակ: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն՝ երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեանի հայրերու նուիրուած երկու երգերու կատարողութեան ընկերակցութեամբ:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ