Հ. Կ. Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու ամավերջի հանդէս

Հ. Կ. Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու ամավերջի հանդէս

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրգաոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ, հինգշաբթի, 5 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանին, հոգեւոր հայրերու, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, կրթական մշակներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք, մուտք գործեցին շրջանաւարտները: Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ առաջին հերթին խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք չէ մոռնայ իր ազային պատկանելիութիւնը եւ ուր որ ալ գտնուի ու ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ պէտք է տարածէ Հայկի յաղթական ոգին, Սասունցի Դաւիթի պայքարելու խիզախութիւնը, Վարդանի անձնազոհութիւնն ու Անդրանիկներու կամքը»:

Պրն. Գալուստ յայտարարեց, որ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արաբերէն քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական դասարանէն երկու աշակերտներ յաջողութեամբ աւարտած են եւ ստացած` համալսարանական ուսումի ամբողջական կրթաթոշակ, ինչ որ ցուցանիշ է վարժարանի կրթութեան բարձրորակ մակարդակին: Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնց հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ կարելի է նուաճումներ արձանագրել:

Ապա Նարեկ Հեքիմեան եւ Ժոզէֆ Ահմարանի նուագեցին «Աւէ Մարիա»ն, որմէ ետք շրջանաւարտներու հայերէն խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըգեան: Ան ըսաւ. «Ուսումնական այս հանգրուանի աւարտը կը թելադրէ բաժնուիլ մեր սիրելի վարժարանէն, բայց վստահ եղէք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը Մեսրոպեան մը պիտի ունենայ իր հոգիին մէջ, ու պիտի դառնայ մշակը հայ ժողովուրդին»:

Mes13

Ալիս Աբարդեան արաբերէնով ընթերցեց 75-ամեակի մաղթանք մը: Գեղարուեստական յայտագիրի ա. բաժինով արուեստիցի աւարտական աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը, որմէ ետք Համբիկ Յովսէփեան դաշնամուրով նուագեց «Նաթինկ էլս մէթըրս»: Շրջանաւարտներու ֆրանսերէն խօսքը արտասանեց Աննա-Քրիսթինա Գոլանճեան, որ յայտնեց, թէ շրջանաւարտները ստացած են 75-ամեայ ամուր կառոյցէն 15 տարուան կրթութիւն, եւ այս արժէքը ինքնին կ’ապահովէ եւ կ’երաշխաւորէ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի փայլուն ապագան: Գոլանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, իրենց նուիրական աշխատանքին համար:

Ապա Լիզա Սվաճեան երգեց «Միասնութեան շուրջպար»ը, ընկերակցութեամբ շրջանաւարտներուն: Շրջանաւարտներու արաբերէն խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմէքեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութեամբ շրջանաւարտներու երազներէն մէկը իրականացաւ, բայց անդին կան բազմաթիւ երազներ, որոնց իրականացման համար շրջանաւարտները պէտք է ունենան հաւատք եւ կամք, աշխարհին ցոյց տալու, որ իրենք ժառանգորդներն են պահանջատէրներու:

Արուեստիցի աւարտական աշակերտներու կողմէ «Տոզ Ուըր Տը Տէյզ» երգի կատարումէն ետք, ներկաները դիտեցին աւարտական դասարաններու աշակերտներու առօրեան ներկայացնող տեսերիզ մը:

Շրջանաւարտներու անգլերէն խօսքը արտասանեց Սիփան Իսքէնտէրեան, որ յայտնեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը հիմքն էր շրջանաւարտներու կեանքի ուղիին, ուր կազմաւորուեցան մեր մտային կարողականութիւններն ու անհատականութիւնը:

Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին արաբական պար մը, որմէ ետք իր հայրական պատգամը փոխանցեց Հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան: Հոգեւոր հայրը ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը լիբանանահայ կրթօճախներուն մէջ կը ներկայանայ որպէս անխորտակելի կաղնի, լուսաշող փարոս եւ կանանչաւէտ ովասիս մը` մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոնէակերտումի:

Հայր Եղիայեան յայտնեց, որ Մեսրոպեանի ապագան ձգտում ու սլացք մըն է նուաճումէ նուաճում, յաջողութենէ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութենէ յառաջդիմութիւն: Մեսրոպեանական շրջանաւարտները այսուհետեւ զինուած են գիտութեամբ, գօտեպնդուած են բարոյական սկզբունքներով, հզօրացած են հայու պատկանելիութեամբ եւ ինքնութեամբ:

Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի Վահան»ի փոխանցումէն ետք, խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին «Մօր ձեռքերը», որմէ ետք շրջանաւարտները երգեցին «Վերջին զանգ»ը:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում, կարկանդակի հատում, հրավարութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունում:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ