Դարձեալ Նախագահի ընտրութեան երկունք

Դարձեալ Նախագահի ընտրութեան երկունք

Կ՛ապրինք նախագահական ընտրութեան երկունքի օրեր: Եգիպտոսը՝ երկար տառապանքէ ու ազատագրման ցոյցեր կատարելէ ետք, վերջապէս կարողացաւ ընտրել իր նախագահը. որով Ապտ Ալ-Ֆադդահ Ալ-Սիսի՝ 96,6% համեմատութեամբ ապահովեց իր յաղթանակը: Ապա, Սուրիան՝ հակառակ պատերազմի եւ գաղթի ծանր պայմաններուն, լիայոյս էր որ իր զօրավարը՝ Պաշար Ալ-Ասատ պիտի վերընտրուի: Արդարեւ, 88,7% համեմատութեամբ, ան մնաց նախագահական աթոռին վրայ: Անոնք ընտրեցին, սակայն չեմ գիտէր թէ ապահովեցի՞ն իրենց երազած գարունը: Արդեօք ա՞յս էր գարունը որուն համար այնքան պայքարեցան ու սուղ գին վճարեցին: Եւ կամ այս ընտրութիւններու արդիւնքը որքա՞ն կայուն է, մանաւանդ երր Օպաման կը յայտարարէ թէ աւելիով պիտի օժանդակէ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժին: Յամենայնդէպս, կը շնորհաւորենք Եգիպտոսն ու Սուրիան, եւ կ՛ըսենք…

Տարոսը Լիբանանին:

Լիբանանի անկախութեան թուականէն՝ 1943-էն մինչեւ օրս, 12 նախագահներ իրարայաջորդեցին, իւրաքանչիւրը թողելով իրեն յատուկ բարեբեր հետք մը, որ երբեմն նոյնիսկ ժխտական անդրադարձ ունեցաւ: Բարեբեր հետք որ ժխտակա՞ն անդրադարձ ալ կ՛ունենայ: Կարծեմ այս երեւոյթը միայն լիբանանցին կրնայ հասկնալ, որովհետեւ յաճախ կ՛ապրի այդ իրականութիւնը:

Ամէն անգամ որ նախագահ մը պիտի ծնի Լիբանանի մէջ, կարծէք Պետութիւնը ստիպուած է միեւնոյն երկունքի ցաւերը ապրիլ: Անհամաձայնութիւն նախագահին ինքնութեան, յատկութիւններուն եւ առաքինութիւններուն շուրջ: Որով անհամաձայնութենէն կը ծնի բաժանում: Եւ բաժանումէն՝ պարապութիւն, նոյնիսկ եթէ որոշ շրջանի մը համար ըլլայ ան: Իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ հարց տալ թէ Լիբանանը «այսօր» ինչպիսի՛ նախագահի կարիքն ունի, լաւ ապացոյց է, որովհետեւ 2014-ինը չի կրնար նման ըլլալ 1943-ինին, եւ ոչ իսկ 2008-ինին: Լիբանանը երէկ եւ այսօր նոյնը չէ, եւ կարծէք այս ընթացքով տակաւին շատ պիտի փոխուի: Ուրեմն, կարեւոր է հարց տալ թէ Լիբանանը «այսօր» ինչպիսի՞ նախագահի կարիքն ունի: Սակայն երբե՛ք այդ «այսօր»ին համաձայն նախագահ չենք ունեցած, որովհետեւ մէկ կողմէն այս հարցումին պատասխանը չենք գտած, եւ երկրորդ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, կարողացած չենք այդ «այսօր»ուան Լիբանանը սահմանել, որպէսզի իրեն համեմատ մէկը նստեցնենք գահին վրայ: Ժամանակին միշտ կը լսէինք թէ մեր նախագահը «դուրսը» կ՛ընտրուէր, եւ կը պարտադրուէր մեզի. այս պատճառաւ կ՛այպանէինք այդ «դուրսինները», մինչեւ որ, շնորհիւ լիբանանցիին բողոքներուն եւ ցոյցերուն անոնք վերադարձան իրենց տուները: Իսկ այսօր որ այդ «դուրսինները» հոս գոյութիւն չունին, որո՞ւ պէտք է այպանենք, եւ կամ եթէ պէտք ըլլայ, վերադարձնենք իր տունը:

Գաղտնիք մը չէ որ Լիբանանի իրավիճակը բաւական վատ է եւ վտանգաւոր: Այսուհանդերձ լիայոյս ենք ապագայ գարնանային տեսլականով մը: Որպէսզի շրջանցենք այս անհամաձայնութեան փոթորիկները, մեզմէ պահանջուած է ըլլալ աւելի գիտակից մեր միասնականութեան կարեւորութեան: Լիբանանը պէտք ունի նախագահի մը, որ գիտէ միացնել, եւ ոչ թէ բաժնել, գիտէ տիրել, եւ ոչ թէ տիրապետուիլ, գիտէ դիրքորոշել, եւ ոչ թէ քաոս ստեղծել: Մէկ խօսքով գիտնայ հաւատարիմ մնալ սահմանադրութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան:

Այժմ, Լիբանանի Նախագահական Գահը թափուր է: Ո՞վ պիտի ըլլայ 13-րդ նախագահը. ո՞վ պիտի ստանձնէ ղեկը՝ ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստը. ո՞վ պիտի ըլլայ այդ իմաստունը, որուն ինքնութեան մէջ պիտի գտնենք լիբանանի դրօշին վրայ գտնուող Մայրիի ծառին արմատները: Չենք գիտէր: Բայց յոյսով ենք, ինչպէս միշտ: Յոյսով նաեւ որ սպասումը երկար պիտի չտեւէ:

 

Ս.Կ.