Հռթիռ՝ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ Փարոս Վարժարանին վրայ 1 մահ 60 վիրաւոր

Հռթիռ՝ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ Փարոս Վարժարանին վրայ 1 մահ 60 վիրաւոր

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ` հայր Գէորգ վրդ. Պահէէն տեղեկացանք թէ ժամը 7:44-ին հրթիռ մը աւեր գործած է հայ կաթողիկէ Փարոս վարժարանէն ներս, խլելով զոհ մը եւ պատճառելով 57 վիրաւոր, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց, վիրաւորներէն վեցը՝ ծանր վիճակի մէջ: Զոհն ու վիրաւորներուն մեծ մասը աշակերտներ են: Տեղւոյն առաջնորդ արհիապատիւ հայր Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեան ժողովրդապետ հօր կողքին անձամբ օգնած է ազատարարական գործողութիւններուն: Դէպքը խոր յուզում յառաջացուցած է Դամասկոսի հայկական բոլոր շրջանակներէն ներս:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը տեղեկանալով ողբերգութեան անմիջապէս հաղորդակցութեան մէջ մտաւ տեղւոյն ժողովրդապետին հետ, իր ցաւակցութիւններն ու աղօթքը փոխանցեց Հայ կաթողիկէ առաջնորդին, զոհերու պարագաներուն, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով զոհերու հարազատներուն եւ համայն դամասկահայ գաղութին:

Արիւնալի դէպքէն անմիջապէս ետք, Սուրիոյ Վարչապետը անձամբ այցելած է հիւանդանոց, մօտէն հետեւելու համար վիրաւորներու հոգատարութեան գործողութիւներուն: