Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմը կը գուժեն Մխիթարեան ուխտէն՝ գերյ. հայր Ռափայէլ վրդ. Անտոնեանի մահը, որ պատահեցաւ հիւանդութենէ ետք, 6 ապրիլ 2014-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, Պոսթոն: Գերյ. հայր Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեան ծնած է 14 յունուար 1941-ին. կրօնաւորական ուխտերը կատարած է 17 օգոստոս 1962-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած է 25 դեկտեմբեր 1965-ին:
Թող Աստուած զինք դասէ իր ընտրեալներուն հետ:
«Մասիս» իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ հանգուցեալ վարդապետին պարագաներուն:
Մահագրական հայր Ռափայէլ վարդապետ Անտոնեանի
Մխիթարեան Միաբանութիւնը սրտի մեծ ցաւով կը հաղորդէ, որ 6 ապրիլ 2014-ին, կիրակի առաւօտեան, հայր Ռափայէլ վրդ. Անտոնեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ:
Հոգեշնորհ Վարդապետը ծնած է Հալէպ 14 Յունուար 1941-ին: Վենետիկ կը ժամանէ 8 մարտ 1953-ին ու կը յաճախէ «Սուրբ Ղազար»ի հոգեւոր ճեմարանը: 1962-ին՝ Տիրամօր Վերափոխման տօնին օրը ուխտադրութեամբ կ՚անդամակցի Միաբանութեան: Յետ Հռոմի «Գրիգորեան» համալսարանէն իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները ոսկի մետալով աւարտելուն, քահանայ կը ձեռնադրուի 1965-ին:
Պաշտօնավարած է «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանին մէջ որպէս վարժապետ, հսկող, ուսումնապետ, եւ հուսկ տնօրէն եւ վարիչ ամառնային հայագիտական դասընթացքներուն (1968-73 եւ 1985-92): Իսկ Փարիզի «Սամուէլ-Մուրատեան» վարժարանին մէջ իբր մատակարար, ուսումնապետ եւ ապա տեսուչ (1973-85). «Սուրբ Ղազար»ի մենաստանին մէջ, տնտես, փոխ տեսուչ (1966-68) եւ հուսկ ընդհանուր մատակարար Մխիթարեան միաբանութեան (2008-10):
Իր վերջին առաքելութիւնը եղաւ հովուական նուիրումը Պոսթոնի «Սուրբ Խաչ» հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, ուր ամբողջական կենսունակութեամբ ծառայեց 1993-էն մինչեւ իր մահը: Իր կարեւորագոյն արժանիքներէն մին եղաւ Պոսթոնի Հայ կաթողիկէ համայնքը օժտել նորակառոյց կեդրոնագմբէթ շքեղ եկեղեցիով մը իր ենթակառոյցներով:
Իր վաստակներէն մին եղաւ սատար կանգնիլ Հայաստանի մեծ երկրաշարժէն տուժած հայութեան, գլխաւորապէս գործակցելով իտալացիներուն եւ Շարլ Ազնաւուրի հետ: Այս առիթով իր մեծ վաստակը եղաւ «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանի դռները բանալ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք աղէտեալ գօտիներէն ժամանեցին Վենետիկ:
Հայր Ռափայէլ վրդ. աշխատակցած է Միաբանութեանս «Բազմավէպ» պարբերաթերթին՝ իմաստասիրական ու գրական բովանդակութեամբ յօդուածներով, ինչպէս նաեւ հեղինակ է Քահանայապետական հովուական նամակներու հայերէն թարգմանութեան. «Փրկիչը Մարդուն» Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ «Աստուած Սէր է» Բենեդիկտոս ԺԶ.ի:
Անողոք հիւանդութիւնը հիւծեց ժպտադէմ ու կենսունակ վարդապետը, որ հրաժեշտ առնելով իր հաւատացեալներէն եւ զօրացած սուրբ Եկեղեցւոյ խորհուրդներով, մեկնեցաւ դէպի յաւերժութիւն:
Իր բնածին ու աստուածատուր ձիրքերը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին եւ սէր ու յարգանք վայելեց իր աշակերտներէն եւ հաւատացեալներէն: Բոլոր անոնք որ մօտէն ճանչցան զինքը` գնահատեցին իր մէջ խոր մարդկայնութիւնը եւ Մխիթար Աբբահօր ու Միաբանութեան նկատմամբ տածած խանդն ու պաշտամունքը: Այս հոգիէն դրդուած փափաք յայտնեց թաղուիլ իր եղբայրակիցներուն մօտ՝ «Սուրբ Ղազար» մենաստանին գերեզմանատան մէջ:
Թող իր հոգին մաքրազարդուած քառասնորդացի պահեցողութեամբ ու հիւանդութեան տառապանքով, արժանի ըլլայ իր պաշտած ու քարոզած ու յաւիտենական լոյսով ողողուած Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան, ուր ցմիշտ կանգ կ՚առնեն լացն ու սուգը:
Մաղթելով որ Յիսուսի Յարութեան լոյսը հասնի բարի կամեցողութիւն ունեցող համայն մարդկութեան՝
Աղօթքի միութեամբ՝
ՀԱՅՐ ԵՂԻԱ ՎՐԴ. ՔԻԼԱՂՊԵԱՆ
Ընդհ. Աբբահայր Մխիթարեան Միաբանութեան