Չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, տեղի ունեցաւ թագադիր ծայրագոյն վարդապետական աստիճանի տուչութիւն Վարժարանի տեսուչ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վ. Նորատունկեանին։
Արարողութեան ներկայ էին Արեւելեան Եկեղեցիներու ենթաքարտուղար՝ գերյարգելի Հ. Մաուրիցիօ Մալվեսդիդի, երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան առթիւ Հռոմ ժամանած սրբազան հայրեր, ինչպէս նաեւ Ան. Յղ. միաբանութեան քոյրեր, եւ խումբ մը հաւատացեալներ։
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը անուանեց Երուսաղէմի եւ Յորդանանի առաքելական կառավարիչ, անոր՝ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի տեսուչի պաշտօնին զուգահեռ։
* * *
«Մասիս» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը եւ անոր կը մաղթէ արդիւնաշատ ծառայութիւն։