Մինչեւ ե՞րբ պիտի անտեսուին տնտեսական հարցերը

Մինչեւ ե՞րբ պիտի անտեսուին տնտեսական հարցերը

Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերը իրենք զիրենք շահագրգիռ կը նկատեն երկրին շահերը հետապնդելու, մինչ անկախութեան թուականէն ի վեր արկածախնդրական դէպքերը տարիէ տարի կը շարունակուին յատկապէս քաղաքական գետնի վրայ, իսկ վերջին չորս տասնեակ տարիներուն, «պատմական հանգրուանները» փոքր հայրենիքը մարտադաշտ դարձուցին հզօրներու պայքարներուն, եւ այս տարածքին վրայ անպակաս մնացին ներքին եւ արտաքին պատերազմները, հակամարտ ճակատները արդարացի նկատելով իրենց պայքարը երկրին գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանելու պատրուակին տակ:

Սակայն արդեօք այս կողմերը տակաւին չանդրադարձա՞ն թէ շարունակուող հակամարտութիւնները, զինեալ կամ անհամաձայնութեան ոճերով, մինչեւ օրս միայն նպաստեցին երկրէն քանդումին, քաղաքացիին աղքատութեան եւ պետութեան սնանկացումին, եւ մինչ աղքատ երկիրներ վերջին տասնեակ տարիներուն բարգաւաճելու սկսան, հարուստ երկիր Լիբանանը չքաւորութեան ճանապարհը կը հետապնդէ: Դժբախտաբար, պետական պատասխանատուները կ’անտեսեն երկրի տնտեսութիւնը քաջալերելու միջոցները: Կ’ակնկալուէր որ «հանճարեղ լիբանանցին» պիտի սթափի եւ առաջնահերթ հետաքրքրութիւն պիտի ընծայէ երկրին տնտեսութեան վերականգնումին: Մինչեւ օրս դեռ այդ տնտեսութիւնը իսկական փրկութեան ուղիին վրայ չէ եւ ամենուրեք կը շարունակուին չարաշահութիւնները եւ անարդարութիւնները: Ոչ ոք, նոյնիսկ նախագահական ընտրութիւններու պատրաստուող թեկնածուները, կը մտածէ կամ կը ներկայացնէ տնտեսական ամբողջական ծրագիր կամ տեսակէտ, հակառակ որ հաւանական անուններու շարքին կը նկատուին տնտեսական մարզերու մէջ գործող անձնաւորութիւններ:

իսկապէս հեգնական է որ 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի կիսուն, երկրի մը մէջ տնտեսութեան կարեւորութիւնը յետին տեղ գրաւէ, եւ ժողովուրդին ձեւով մը պարտադրուի գլխաւոր մտահոգութիւնը նկատել ապահովութեան հարցերը:

Պատասխանատուները չե՞ն անդրադառնար թէ տնտեսութեան այս վիճակը իր ժխտական հետեւանքները պիտի ձգէ բոլոր քաղաքացիներուն վրայ, առանց խտրութեան անոնց դաւանական պատկանելիութեան կամ կուսակցական անդամակցութեան, յաւելեալ վնաս պիտի բերէ երիտասարդական խաւերուն, որոնք ոչ մէկ յոյս տեսնելով այս հայրենիքի բարգաւաճման, կը յուսալքուին եւ կը մտածեն վայրկեան մը առաջ արտագաղթելու մասին` իրենց ապագան կերտելու համար:

Այսպէս, Լիբանան կը կորսնցնէ իր արտադրական ուժը, իսկ մենատէրերը իրե՛նք կ’իշխեն պետական եւ սեփական մարզերուն, որոնք հաւանականութիւն ունին երիտասարդներու նիւթական եկամուտի հանգիստ աղբիւր դառնալու, եւ տակաւին կը շարունակուին գիներու բարձրացումները որոնք ընդհանրապէս ընչաքաղցութեան հետեւանք են, քան թէ իրական սղաճի, տակաւին առանց մտածելու թէ այս բարձրացումները դժգոհ ձգեցին թէ՛ քաղաքացին եւ թէ՛ զբօսաշրջիկը, ինչպէս նաեւ հարուածեցին ներդրումային ծրագիրները:

Ճիշդ է որ նախագահական շատ կարեւոր ընտրական հանգրուանի առջեւ կը գտնուինք, բայց երանի թէ այս հանգրուանը շատ հեզասահ ըլլայ եւ մեկնակէտ` տնտեսական զարթօնքի հանգրուանին, նախքան հրդեհը հրկիզէ ամէն ինչ: Հետեւաբար, պէտք է սկսինք օգտաշատ յեղաշրջումներու եւ ապագայի կերտման, որպէսզի առաջին հերթին, ինչպէս ըսինք, հոս պահենք մեր երիտասարդ ուժերը եւ ոչ թէ արտածենք օտար ափեր: Շատ բան ունինք կատարելու զանազան մարզերու մէջ, երանի ազդու ուժերը եւ ընդհանրապէս պետական պատասխանատուները համոզուին թէ բարեփոխելու ժամանակը հասած է…:

 

ԶԱՒԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ