Դաստիարակութիւնը վաղուան ընկերութեան մէջ

Դաստիարակութիւնը վաղուան ընկերութեան մէջ

Ընկերութիւնը` իր զանազան ենթաբաժիններով, յեղաշրջում մը կ՚ապրի: Մարդ անհատին կարիքները, երազներն ու գաղափարները տարբեր փուլի մը անցած են:

Այս բոլորին կողքին կրթական-մանկավարժական դրոյթը այլընտրանք չունի եթէ ոչ՝ քայլ պահել համաշխարհայնացման հետեւանքով յառաջացած բոլոր պայմաններուն հետ, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով մասնաւորաբար նոր սերունդին փոխանցուած կրթութեան կողքին ընկերութեան մէջ ասպարէզ գտնելու համար համապատասխան կազմաւորման ճիգ կատարելու էական հարցին վրայ:

Իրականութեան մէջ, ի՞նչն է կրթութեան եւ ուսում ջամբելու ծրագրին հիմնական առաքելութիւնը, ընկերութեան մէջ ասպարէզ գտնելո՞ւ մղել աշակերտը թէ արժանիք եւ վարք փոխանցել անոր:

Բազմաթիւ են անոնք, որոնք կը հաւատան կրթութեան եւ դաստիարակութեան ա՛յն վսեմ առաքելութեան,որուն շնորհիւ երիտասարդը «պիտի տաշուի» եւ բիւրեղանայ. ապա դառնայ գիտակից ու զգօն այն անհատը, որ ընկերութեան մէջ արժէքներ պիտի պահէ: Կան երկրորդ գաղափարին ջատագովներ, որոնց համար դպրոցներ, համալսարաններ սոսկ հաստատութիւններ են, ուրկէ երիտասարդը դուրս կու գայ, որպէս «թրծուած» լա՛ւ արհեստավարժ՝ «գործակատար», ընտրած ասպարէզը կուլ տուած երիտասարդ մը, որ ընկերութեան բոլոր պահանջներուն փութալով, պիտի յաջողի նիւթական եկամուտով բարելաւել իր կենցաղն ու ապրելաձեւը: Այս վերջիններուս մօտ ընկերային կարիքներն ու նիւթական շահեկանութիւնը ընդգծուած են, իսկ մարդկային առաքինի ու վսեմ արժէքները նուազագոյն ձեւով կարեւորուած:

Իրապաշտ գտնուելով ըսենք թէ դպրոցի մը առաքելութիւնը երեք կէտերէ բաղկացած է.
-Կերտել մարդը
-Կերտել քաղաքացին
-Կերտել աշխատաւորը

Ի հարկին վերոյիշեալ երեք կէտերը իրար ամբողջացնող ազդակներ են:

Լիբանանի պարագային, հրատարակուած Ունեսքոյի մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ճշդուած է թէ մինչեւ 2015, Լիբանանի կրթական առաքելութեան ծրագիրը կը մնայ բաժնուած երկուքի եւ յատկապէս երկու տիպի կրթական գործունէութեամբ պիտի ընթանայ: Առաջինը՝ անձնական վարժարաններն ու կրթական հաստատութիւններն են, ուր ընդհանրապէս կը յաճախեն որոշ ընկերային դիմագիծ ունեցող ընտանիքներու զաւակները: Այդ վարժարաններուն մէջ, աշակերտը կը սորվի, կը զարգանայ, որակաւոր ընտիր ուսում կը ստանայ եւ որոշ շրջանակի «քաղքենի» դասակարգ մը կը ստեղծէ:

Մինչ երկրորդ հաստատութիւնները՝ պետական դպրոցներն են,ուր ընդհանրապէս աղքատ դասակարգի զաւակներ կը յաճախեն եւ ուր անոնք կը ստանան պատշաճ ուսում, սակայն հեռու մնալով այն ակնկալելի պսպղուն շրջանակէն:

Հայկական վարժարաններու պատկերը բոլորովին առանձնայատուկ է:

Որպէս Լիբանանեան ընկերութեան անբաժան մասնիկը, կառչած լիբանանեան կրթական ծրագրին, այդ բոլոր արժէքներու փոխանցման առընթեր, հայ աշակերտին կը ջամբեն հայկական արժէքներուն, պատկանելիութեան ու ինքնաճանաչման բարձրաստիճան գիտակցութիւն:

Սակայն վերջին տասնամեակներուն, խառն ամուսնութիւններու պատճառաւ, կարգ մը ընտանիքներ որոշակի «շնորհալի» համբաւ ունեցող դպրոցներ կ՚արձանագրեն իրենց մատղաշ հոգեհատորները` զանազան պատրուակներով, հայկական կրթօճախէն զրկելով երեխաները: Ոմանք հայերէնն ու Հայոց պատմութեան դասապահերէն դժգոհ կը դիմեն աւելի «պերճ» մթնոլորտ ապահովող վարժարաններու:

Հուսկ, հայկական Վարժարանները՝ հայ գաղութի զաւակները իրենց երդիքին տակ պահելու համար, ամէն տեսակի զոհողութիւններ եւ վնասներ յանձն կ’առնեն:

Կարգ մը վարժարաններ` նկատի առած դժուարութիւնները, իրենց ներքին դասաւորումները կատարած են. ոմանք հայերէնի դասապահերը նուազեցուցած են, ուրիշներ նիւթերը աւելի մատչելի դարձուցած են` աւելի արդի եւ աշակերտին սիրելի: Արդ, այս բոլորը մանրամասնութիւններ կը մնան այն էական հարցին դիմաց թէ աշակերտը շրջանաւարտ դառնալով հաստատութենէ մը, ինչպիսի՞ մէկ առաքելութիւն պիտի ստանձնէ, միթէ իր ստացած գիտելիքները՝ ուսումնական ըլլան թէ՛ բարոյական ու մարդասիրական, որքանո՞վ ազդու տուեալներ պիտի դառնան իր ապագային համար, որքանո՞վ ճիշդ ընտրութիւն ըրած պիտի ըլլայ իր ասպարէզին մէջ: Արդեօ՞ք բաւարար են աւարտական դասարաններուն տրուած կողմնորոշման յատուկ այդ այցելութիւնները ընտրելու համար որոշակի ասպարէզ մը:

Բազմազան են տագնապայարոյց կրթական խնդիրները, սակայն այս բոլորին մէջ էականը աշակերտին փոխանցելն է մարդասիրական լիիրաւ արժէքները: Ծագումով հայ լիբանանցին իր կարգին յստակ գիտակցելու է թէ ինք անբաժանելի մէկ մասնիկն է լիբանանեան համապատկերին:

Արդ, ընկերային թէ քաղաքական կեանքէն ներս ան իր մարդկային եւ ազգային արժէքներով հաւասարակշռելու է իր երկհպատակութեան մղումները, որպէսզի լիբանանեան ընկերային շրջանակէն ներս իր շինիչ դերակատարութեամբ միշտ ակնածանքով դիմաւորուի:

ՍԻՊԻԼԱ Մ. – Փ.