Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր դարմանատան, շրջանին մէջ բնակող տարեց մամիկներն ու պապիկները` 15 ապրիլ 2014-ին, համախմբուեցան Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր ընկերային բժշկական կեդրոնին մէջ միասնաբար նշելու համար սուրբ Յարութեան տօնը:
Միացեալ հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Կոստան Եափուճեան: Ան նշեց, որ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնի այս հաւաքը Աւագ Շաբթուան ընթացքին մեր մէջ կ՚արթնցնէ քրիստոնէական կարեւորագոյն արժանիքներէն մէկը, որ եղբայրսիրութիւնն է: Ան յայտնեց, որ ներկայ դժնդակ օրերուն, քրիստոնեաներու միակ ապաստան երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ կը մնայ Լիբանանը: Ան ըսաւ նաեւ թէ օրէ օր կը քայքայուի Սուրիոյ հարիւրամեայ գաղութը, կը քանդուին մեր եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները եւ հայ ընտանիքը պանդխտութեան ցուպը ձեռքին կ՚ուղղուի դէպի օտարութիւն: «Սիրե՛նք մեր տեղահանուած եղբայրները, աւելցուց ան, աղօթե՛նք քրիստոնէավայել կերպով եւ տոկանք լիբանանեան ամրոցին մէջ»:
Այս առիթով, տոքթ. Եափուճեան ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց մանրանկարչական գործ մը եւ խնդրեց Հոգեւոր Տիրոջմէն, որ նոյնպիսի գործ մը հասնի գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշին, որ կեդրոնի բարերարներէն է:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեց հայրիկներուն եւ մամիկներուն հետ հանդիպելուն համար: Հոգեւոր Տէրը յատուկ կերպով վստահեցուց ներկաները որ իրենք Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ կը պատկանին:
«Մենք կարիքը ունինք ձեր փորձառութեան եւ տարիներու վրայ երկարող նուիրումին, որոնք երիտասարդութեան համար փարոսներ պիտի հանդիսանան: Դուք օտարներ չէք, դուք մեր հայկական մարմնին հիմնական մասն էք», ըսաւ Հոգեւոր Տէրը:
Ապա ան աղօթեց եւ պահպանիչով փակեց իր խօսքը: Կեդրոնը եւ տարեցները ջուրով օրհնելէ ետք, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ ջուրով օրհնելը կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի` ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով մկրտութիւնը: «Հայը եթէ քրիստոնեայ չէ, հայ ըլլալէ կը դադրի», ընդգծեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:
Այնուհետեւ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը (գեղարուեստական ղեկավար` Գարմէն Աճէմեան) յաջորդաբար մեկնաբանեց Աշուղ Աշոտի «Հով գիշեր, զով գիշեր», Սայաթ Նովայի «Քամանչա», «Սարվորի երգ» եւ «Սիւնեաց սարեր» երգերը: Գարմէն Աճէմեան երգեց «Անջիգեար» երգը, իսկ վարժարանէն աշակերտ մը ջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը: Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ, ապա` մատուցուեցաւ կէսօրուան ճաշ:
Թ.