Զմմառու Ժառանգաւորները նշեցին «Հայոց Լեզուի Օրը»

Զմմառու Ժառանգաւորները նշեցին «Հայոց Լեզուի Օրը»

Մայրենիի պահպանութիւնը բաւական յոգնատանջ ու նուիրական գործ է, որ կարիք ունի նուիրեալներու, որոնք ինքնահրկիզմամբ վառ պիտի պահեն անզուգական հայերէնը իր երկու՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն թեւերով: Պահպանելով հայոց լեզուն` մենք ոչ միայն կը պահպանենք մեր ազգն ու ժողովուրդը, այլ կը պահպանենք համամարդկային այն մեծ արժէքները, որոնք ստեղծուած ու արարուած են հայոց լեզուով, որուն շնորհիւ մարդկային արժէհամակարգը չի զրկուիր իր կարեւոր մէկ բաղադրիչէն, եւ ի զուր չէ, որ փետրուարի 21-ը հայրենի իշխանութեանց կողմէ հռչակուեցաւ «Հայոց Լեզուի Օր»:

Կիրակի, 2 մարտ 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Զմմառեան Միաբանութեան վանքի՝ «Վերափոխման Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց սաներու կազմակերպութեամբ նշուեցաւ «Հայոց Լեզուի Օրը», հովանաւորութեամբ՝ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Զմմառեան Միաբանութեան ժառանգաւորաց տեսչութեան, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր դասին, Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Աշոտ Քոչարեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի, կրթական մշակներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, նորընծաներուն ծնողներուն եւ հոծ բազմութեան:

Zemmar 1

Ժառանգաւորներուն հնչեցուցած Տէրունական աղօթքով ընթացք առաւ միջոցառումը: Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար` կիսասարկաւագ Պարգեւ Պաշխընճին: «Հայապահպանութեան հիմնախնդրի լուծման եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման ի խնդիր՝ Զմմառեան Միաբանութեան ժառանգաւորներս եւս, որպէս սփիւռքի մէջ գործող կարեւոր կրթօճախներէն մին՝ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կոչին, կազմակերպեցինք սոյն միջոցառումը», ըսաւ ան: Ապա հրաւիրեց ժառանգաւորաց փոխ տեսուչ՝ գերապատիւ՝ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը, որպէսզի արտասանէ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը ուղղուած սոյն միջոցառումը կազմակերպողներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան.- «Ձեզ՝ սիրելի դպրեվանքցիներ, լիբանանահայ համայնքի իմ սիրելի հայրենակիցներ, բոլորին՝ հոգեւոր հայրերին, մեր բոլոր ուսուցիչներին, աշակերտներին ֊կրկին յղում եմ ողջոյններ մայրենիի տօնի առթիւ, մաղթում եմ, որ հանդիսութեանը, որին այդքան ջերմեռանդօրեն պատրաստուել էք, նոր՝ հայրենաշունչ լիցքեր հաղորդի ներկաներին եւ ուղենիշ հանդիսանայ ազգային դիմագիծը, մայրենի լեզու-սրբութիւնը պահպանելու ճանապարհին»:

Ժառանգաւորներն ու նորընծաները հերթաբար ներկայացուցին Մայրենիի նուիրուած ոտանաւորներու ծաղկաքաղ մը:

Օրուան բանախօս՝ կիս.սրկ. Տիգրան Փիլիպպոսը սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու հասցէին դրուատանքի խօսքեր շռայլելու կողքին, անդրադարձաւ գաղթօճախներու մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիներ ոռոնելու կարեւորութեան մասին, ապա լաւատեսական տրամադրութեամբ աւելցուց. «Ուստի, եկէք Մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամենօրեայ մշտական տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»:

Zemmar 3

Ժառանգաւորները հնչեցուցին փառապանծ հայոց լեզուին նուիրուած երգերու փունջ մը` «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Ով Հայոց Աշխարհ» եւ «Ս. Թարգմանչաց Սահակայ եւ Մեսրովպայ շարականը», ղեկավարութեամբ ժառանգաւորաց փոխ տեսուչ՝ գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ տիար Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա Սիամանթոյի «Գիւտին Փառքը» ասմունքեց Ժագ Քէշիշեան, ֆլիւթի ընկերակցութեամբ՝ Յովհաննէս Չագըր-եանի:

Լիբանանի հնագոյն յուշահամալիրներէն մին հանդիսացող Զմմառու վանքը 2009-ին զբօսաշրջութեան նախարարին կողմէ պաշտօնապէս գրանցուեցաւ լիբանանեան կրօնազբօսաշրջիկութեան ցուցակին վրայ: Առ այդ այստեղ խնամքով պահպանուած Մեսրոպատառ կարգ մը մատեաններ տեսաերիզի միջոցաւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնուեցան: Տեսաերիզը պատրաստած էին Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանն ու Ժան Տիգրան Փիլիպպոսը:

Zemmar 4Օրուան պատգամը փոխանցեց, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց եւ սուրբ Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ՝ գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը: «Ազգային նկարագրի կարեւորագոյն բաղադրիչը հանդիսացող հայոց լեզուն, սփիւռքի պահպանութեան ամենաէական կռուանն է: Մօր կաթին հետ մատուցուող եւ մօր կաթին չափ կենսական այս գործօնը, անհատնում աղբիւր է հայ ժողովուրդի պահպանութեանն ու անոր բարգաւաճմանը»: Տեսուչ հայր սուրբը վեր առաւ այն գաղափարը որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ՝ արժանի է խրախուսանքի: «Մայրենիին տէր կանգնիլ կը նշանակէ իւրացնել զայն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ կը նշանակէ՝ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգութիւն ընել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը», ըսաւ ան:

Zemmar 5Ապա, հայրենի իշխանութեանց անունով խօսք առաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեան: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայոց լեզուի օրուան ստեղծմանն ու ընթացքին մասին: Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպիչներուն:

Այնուհետեւ, Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան եւ ժառանգաւորաց տեսուչ՝ գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ընծայարանիս 50-ամեակի յուշանուէրովը պարգեւատրեցին հայրենի դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեանը: Մեծաւոր հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ Մայրենիին զարկ տալու գաղափարը եւ հայրենիքի մէջ Զմմառեան միաբանութեան գրանցման հարցը: Ան հայերէն լեզուին պահպանման մասին շեշտելով Zemmar 6աւելցուց. «Այն ինչ որ 1915 Ապրիլ 24-ին թուրք դահիճները չկարողացան իրագործել, այսօր, սփիւռքի տարածքին սպիտակ ջարդի միջոցաւ մենք իրագործած չըլլանք»: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու յատուկէն տեսչութեան՝ յանձինս Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին ու Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին: Ի վերջոյ, պահպանիչի օրհնութեամբը եզրափակեց Մայրենիի նուիրուած տօնակատարութիւնը, որմէ ետք բոլոր ներկաները մասնակցեցան հիւրասիրութեան Մայրավանքի դահլիճէն ներս:Zemmar 7

Այս առթիւ, ներկաները ստացան դպրեվանքիս տարեթերթ՝ «Կանչ Հրեշտակապետին»էն եւ նոր լոյս տեսած Զմմառու վանքի պաշտօնական տարեթերթ՝ «Զուարթնոց»էն օրինակներ: Իսկ ներկաներէն ոմանք արձանագրութիւններ կատարեցին ընծայարանիս 50-ամեակի յատուկ ոսկեմատեանին մէջ:

 

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ