Վարդանանց տօնակատարութիւն Յ. Պօղոսեան սրահին մէջ

Վարդանանց տօնակատարութիւն Յ. Պօղոսեան սրահին մէջ

Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Զմմառու վանքի մեծաւոր գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ հայ կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, չորեքշաբթի 26 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտութիւնն ու հոծ բազմութիւն:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք, օրուան հանդիսավար՝ Սուրբ Մեսրոպի արիներէն Լեւոն Փիլաւճեան ողջունեց ներկաները: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Պր. Եղիկ Պետրոսեան, որ Վարդանանց ոգիով ընթանալու կոչ ըրաւ:

V1

Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժինը կ՚ընդգրկէր խմբային ասմունք` «Վարդանատօն»ը Մեսրոպեան վարժարանի 8-րդ դասարանի մասնակցութեամբ, «Վարդանանց» ասմունքներ՝ կատարողութեամբ Ազնիւ Փոլատեանի եւ «Համադրում Վարդանանցի» Սրբուհի Ագնէս վարժարանի աշակերտներուն կողմէ: Ապա «Սարդարապատ» եւ «Երեւան» ազգային ու ժողովրդական երգերը, կատարողութեամբ Ֆլիւթ՝ Նարեկ Հեքիմեանի, Քլարինէթ՝ Արմիկ Հեքիմեանի, դաշնամուր՝ Համբիկ Յովհաննէսեանի եւ օրկ՝ Յովսէփ Ահմարանեանի: Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբը ներկայացաւ «Հայ ենք մենք» պարով: Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի կղերիկոսները ներկայացուցին «Նորահրաշ Պսակաւոր» եւ «Գողթնի Քնարք» տաղերը, ղեկավարութեամբ՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի:

GhazarՕրուան բանախօս՝ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան նախ պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Վարդանանցը, ըսելով. «Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման առաջին իսկ օրէն, հայը փարեցաւ Քրիստոսին եւ իր կեանքի գնով պայքարեցաւ, որ զայն ամուր, անբիծ պահէ:

«Ճիշտ է որ պատերազմը Մայիսին տեղի ունեցաւ Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին. սակայն մենք զայն կը նշենք Բարեկենդանին նախորդող հինգշաբթին, որպէսզի Վարդանանցի ոգիով տոգորուած պահենք պահոց շրջանը:

«Վարդանանց Ճակատամարտին ազգս զոհեց երկրի ղեկավարութիւնը. անոնք ինկան որպէսզի մենք ապրինք արժանապատուօրէն եւ քրիստոնեավայել կեանք մը: Վարդանանց ոգին 5-րդ դարէն սաւառնելով հասաւ մերօրեայ Արցախեան պայքարին, ուր հայը անգամ մը եւս ապացուցեց որ ի հարկին ինքնանուէր կ՚ունենայ մարտունակ ոգի:

«Ինչպէս գիտէք, Վարդանանցի պատգամով եւ օրինակով այսօր եւս մեզի կը ներկայանան նորանոր հերոսներ, նորանոր պատգամներ եւ նորանոր ուխտեալ Վարդաններ»: Ապա հայր Ղազար երեք հիմնական գաղափարներու շուրջ զարգացուց իր բանախօսութիւնը. «Հաւատք Քրիստոսի վրայ, հաւատք ազգային արժանիքներու նկատմամբ եւ հաւատք մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին»: Հուսկ, հայր Սուրբը ապագայի տեսլականով եզրափակեց խօսքը:

Գեղարուեստական յայտագրի երկրորդ բաժինը ընդգրկեց՝ Բլբուլ մանկապատանեկան եւ Արծիւեան երգչախումբերու ու մենակատարութիւններու ներկայացումը, ղեկավարութեամբ՝ Պր. Մանուէլ Քէշիշեանի:

V2

Ապա, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութիւնը յաջողցնողներուն եւ մասնակիցներուն :

Տօնակատարութեան աւարտին, գերապայծառ՝ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Մեծաւոր հայրը յորդորեց ըսելով. «Վարդանանց երախտաւորները կը հաւատային թէ հայը հիմնուելով Քրիստոսի հաւատքին վրայ եւ յանուն այդ հաւատքի ամրապնդման՝ պիտի մարտիրոսանան, որով մեր ժողովուրդը վերընձիւղուեցաւ եւ այսօր կը յիշատակենք անոնց սխրագործութիւնը: Ուրեմն եկէ՛ք Վարդանանց ոգիով տոգորուած շարունակենք մեր երթը՝ ի կատարումն աշխարհի»: Այնուհետեւ, ան պահպանիչով փակեց երեկոն: