ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԶՈՒԼԱԼ ԱՂԲԻՒՐԸ ՄԵՐ ՄԱՐԵՄԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԶՈՒԼԱԼ ԱՂԲԻՒՐԸ ՄԵՐ ՄԱՐԵՄԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ

«Մա՜յր Քրիստոսի, Մա՜յր Փրկչին, աղօթեա՛ վասն մեր»:

Ստէպ, բայց մանաւանդ Մայիս ամսուան մէջ կը լսենք անտեղի առարկութիւններ, դժգոհանքներ ու խծբծանքներ մեր մարեմասիրութեան նկատմամբ…:

Հաստատելէ յետոյ, թէ այս տեսակները միայն աղօթքով, ապաշխարութեամբ խելքի եւ դարձի կու գան (Մրկ. 9,29), յայտնեմ, որ առարկողները, դժգոհողներն ու խծբծողները լուր չունին ո՛չ Աստուածաշունչէն, ո՛չ Ս. Եկեղեցիին վարդապետութենէն, ո՛չ մեր Սուրբ Հայրերէն, ո՛չ մեր մատենագիրներէն եւ ո՛չ ալ հայ ժողովուրդին 301-էն սկսած մարեմականութենէն…:

Բայց անցնի՛մ եւ ուրիշ առիթի ձգեմ մանրամասնելու, հիմնաւորելու մեր մարեմախանդ սէրը, յարգանքը, եւ այն՝ Ս. Գիրքէն, մեր Եկեղեցիին ուսուցումէն, հայ սրբաբանութենէն ու մատենագրութենէն, հայ շարակնոցէն եւ ազգագրութենէն, հայ դիւցազնավէպէն ու գրականութենէն:

Կը գոհանամ յաջորդ խորհրդածութիւններով եւ քանի մը տուեալներով, որոնք առ այժմ մեզ լիովին կը գոհացնեն: Յստակ ըլլայ բոլորին ու մեզի: Ճշմարտութիւնը մէկ է: Ճշմարտութիւնը պարզ է: Հետեւեալն է:

Մենք կը սիրենք Մարիամը, որովհետեւ կը սիրենք Յիսուսը:

Մենք կը յարգենք Մարիամը, որովհետեւ կը պաշտենք Յիսուսը:

Մենք կը դիմենք Մարիամին, որովհետեւ ամէն բան կը սպասենք Յիսուսէն:

Ստուգիւ, մենք մարեմասէրներ ենք, որովհետեւ յիսուսասէրներ ենք նախ:

Մեր մարեմասիրութիւնը կը բխի եւ կրնայ գոյատեւել միայն մեր յիսուսասիրութենէն: Այո՛, որովհետեւ Յիսուս առաջին ու մեծագոյն մարեմասէրն է, մենք թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ պարտաւորութիւնն ունինք դառնալու եւ մնալու քրիստոսական մարեմասէրներ: 

Յիսուս Քրիստոս, Աստուած եւ Մարդ, սիրեց ու յարգեց իր չքնաղ Մայրը: Մենք մեր Վարդապետին եւ Փրկչին հետեւելով լոկ՝ կը սիրենք ու կը յարգենք Մարիամը՝ Կուսամայրը Խաչեալին, Յարուցեալին, Համբարձեալին եւ Փառաւորեալին, ինչպէս ալ մեր Մայրն երկնային:

Յիսուս ոչ միայն անգերազանցելի Օրինակն է, մշտազուլալ Աղբիւրն է մեր սուրբգրային եւ տոհմային մարեմականութեան, այլ նաեւ Քրիստոս` Կենդրոնը, Խթանը, Մղիչն է մեր որդիական ու իմացական մարեմասիրութեան:

Հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց կրնայ աղօթել ու պէ՛տք է աղօթէ այսպէս. «Դո՛ւն, Յիսուս, ի՛մ Տէրս եւ Եղբայրս, բայց մասնաւորապէս ի՛մ Վարդապետս ու Դաստիարակս, Դո՛ւն կրնաս, գիտես եւ կ’ուզես զիս առաջնորդել Քու Մօրդ՝ Մարիամին, ի՛մ Մօրս: Մե՛ր անարատ յղացեալ եւ կոյս Մօր, որ Սէրն է, Գութն է, Ապահովութիւնն է: Քրիստոս, Դուն սորվեցո՛ւր ինծի սիրել եւ յարգել մեր Մայրը՝ Մարիամը, ինչպէս Դուն սիրեցիր ու յարգեցիր: Ամէն»:

Այնճար, 4 Մարտ 2014

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ