Ազգէն եւ Ազգին – «Ծուռ Նստինք, Շիտակ Խօսինք»

Ազգէն եւ Ազգին – «Ծուռ Նստինք, Շիտակ Խօսինք»

Շարունակուած նախորդ թիւէն

2. Այբուբենը՝ որպէս Հայու անբաժան էութիւնը

Հայորդի մը.- Ո՞վ ենք ՄԵՆՔ եւ ի՞նչ է հայոց Այբուբենին դերը 21-րդ դարուն: «…Եւ այս պատճառով կը նախընտրեմ յաճախել ոչ հայկական դպրոց»

Ես.– Ո՜վ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, ո՜վ հայ ազգի յարատեւութեան պատճառը, ի խորոց սրտի կը խնդրեմ որ ցոյց տաս քու ժողովուրդիդ, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին, քու կատարած մեծ եւ պատմական հրաշքդ:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց.– Գլուխդ վեր բարձրացուր ու դիտէ ձեռքերուս մէջ գտնուող ոսկէ տառերը:

Ահաւասիկ Ա.ը` որ արեւն է առաւօտեան, Բ.ը` որ բնութիւնն է հայկական , Գ.ը` որ գանձն է յաւերժական, Դ.ն` որ դուռն է բոլոր լուծումներուն, Ե.ը` որ եղնիկն է թափառական, Զ.ն` որ զօրութիւնն է երկնային, Է.ն` որ էութիւնն է Աստուածային, Ը.ը` որ ընդունելութիւնն է եղբայրական, Թ.ն` որ թռչունն է ազատութեան, Ժ.ն` որ ժիրայրն է նեղութեան, Ի.ն` որ ինքնութիւնն է Հայ Ազգին, Լ.ը` որ լոյսն է խաւարին, Խ.ն` որ Խաչն է մեր ժողովուրդին, Ծ.ն` որ ծնունդն է ապագայի, Կ.ը` որ կատարելագործումն է բոլոր գործերուն, Հ.ն` որ հուրն է մեր յիշատակին, Ձ.ն` որ ձիւնն է Արարատեան գագաթին, Ղ.ը` որ Ղեւոնդն է Աւարայրի դաշտին, Ճ.ն` որ ճանապարհն է դժուարին, Մ.ը` որ մեծն է բոլոր մարդկային ցեղին, Յ.ն` որ յոյսն է բոլոր որոշումներուն, Ն.ն` որ նաւն է կեանքին, Շ.ն` որ շրջանակն է մտերիմ, Ո.ն` որ ողորմութիւնն է անսահմանելի, Չ.ն` որ չարչարանքն է Տէր Զօրի, Պ.ն` որ պսակն է նահատակութեան, Ջ.ն` որ ջուրն է կեանքի, Ռ.ն` որ ռազմիկն է պայքարի, Ս.ն` որ սուրն է պաշտպանութեան, Վ.ն` որ Վարդանն է քաջ, Տ.ը` որ Տրդատն է քրիստոնեայ, Ր.ն` որ Րաֆֆին է անմահ, Ց.ն` որ ցորենն է՝ սնած արիւնով, Ւ.ը` որ իւրայատկութիւնն է իր տեսակին մէջ, Փ.ը` որ փառքն է՝ լի մեծութեամբ, Ք.ն` որ քաջութիւնն է մարտնչելու, Օ.ն` որ օրհնութիւնն է՝ իջած երկինքէն, Ֆ.ն` որ ֆետայիներն են ինկած վասն ազատութեան:

Ես.– պրն. Զրուցակից, այս բոլորէն ետք, արդեօք կա՞յ աշխարհիս վրայ Այբուբեն մը, որուն ամէն մէկ տառերուն ընդմէջէն կարելի է պատմել Ազգի եւ կրօնքի մը պատմութիւնը:

Պրն. Զրուցակիցս.– Բայց ինչպէ՞ս կարելի է հպարտանալ պատերազմով մը, որուն արդիւնքը պարտութիւն էր:

3.Վարդանանքը՝ որպէս Հայու Հոգեւոր Նկարագրի Պատերազմ

Ես.-Յաճախ քմծիծաղով կ՛ըսուի թէ ինչպէ՞ս ազգ մը կրնայ հպարտանալ եւ դարէ դար յիշատակել այդ պարտութիւնը, երբ պատերազմէն դուրս եկած է՝ պարտուած: Ահաւասիկ այն վճռական բառերը որոնք արտասանուեցան 451 թուին, երբ Հայ Ազգը դէմ յանդիման կը գտնուէր իր հոգեւոր առաջին քննութեան եւ իր մատղաշ նկարագրի կազմաւորման հետ:

«Յայսմ հաւատոյ զմեզ ոչ ոք կարէ խախտել, ոչ հրեշտակք եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր, ո՛չ հուր, ո՛չ ջուր, ո՛չ ամենայն զինչ եւ են դառն հարուածք:… Եթէ սովին հաւատովք թողուս, ոչ յերկրի այլ տէր փոխանակեմք ընդ քեզ, եւ ոչ յերկինս այլ Աստուած փոխանակեմք ընդ Յիսուսի Քրիստոսի, որ չիք այլ Աստուած բայց ի նմանէ:… Ի քէն տանջանք, եւ ի մէնջ յանձնառութիւնք. սուր քո, եւ պարանոցք մեր: Չեմք ինչ լաւ մեք քան զառաջինսն, որ յայսր վկայութեան վերայ եդին զինչս եւ զստացուածս եւ զմարմինս իւրեանց»:

Աւետարանը կ՛ըսէ թէ, ի՞նչ օգուտ երբ մարդս ամբողջ աշխարհը շահի բայց իր կեանքը կորսնցնէ…: Պրն. Զրուցակից, չե՞ս կարծեր որ մեր հայրերը, այս փոքրիկ պատասխանով կարողացան թէ՛ իրենց հողը փրկել, թէ ՛ իրենց կրօնքը պաշտպանել, ինչպէս նաեւ յաւիտենական աշխարհին մէջ տեղ ժառանգել:

Պրն. Զրուցակիցս.– Իսկ ձեր ջարդուելով, որո՞ւ փորձեցիք նմանիլ…:

Ես.– Մէկ կողմէ կը տեսնէի այդ մեծ անձնաւորութիւնը որ խաչը ուսին ու փուշէ պսակը գլուխին կը գալէր որպէս գառնուկ, իսկ միւս կողմէ` հազարաւոր մարդիկ, փոխան հարստութիւններու ու կալուածներու, կը կրէին իրենց սրտերուն ու ձեռքերուն մէջ եկեղեցւոյ սպասներն ու սրբութիւնները: Կը տեսնէի այդ անմեղ գառնուկը որ անդադար իյնալով կÿըսէր թէ ծարաւ է, իսկ անոր կողքին` փոքրիկներ, իրենց մերկ ու մաշած ոտքերով, կÿըսէին. «Մայրիկ, ո՞ւր կ՛երթանք այս անմարդաբնակ ու յոգնեցուցիչ անապատներու մէջէն»: Սակայն հայ մայրերը, կերպարանափոխուելով մէկական Աստուածամայրերու, կը պատասխանէին. «Որդեակ, այս է այն ճամբան որ մեզ երկինք պիտի հասցնէ»: Կը տեսնէի գողգոթա լեռը ուր կը պատրաստուէր բարձրանալ Բարձրագոյնը, իսկ հեռուն, Եփրատ գետի մօտ, կը լսուէր «Հայր Մեր»ը: Այնտեղ կը խաչուէր խաչեալը որպէսզի շնորհէր մեղքերու թողութիւն ու հոգիներու փրկութիւն, սակայն այդ տառապող ժողովուրդը կը չարչարուէր որպէսզի պահէր իր պատիւը, իր ազգութիւնը, իր ինքնութիւնն ու իր կրօնքը…:

Պրն. Զրուցակիցս.– Իսկ մի օր, ձեր ազգը պիտի կարողանա՞յ յարութիւն առնել նման Քրիստոսի:

Ես.– Պրն. Զրուցակից, կոյր ըլլալու է չտեսնելու համար Հայ Ազգին յարութիւնն ու վերածնունդին վկայութիւնները, անոր յաղթանակը, նուաճումները, ազատ եւ անկախ պետականութիւնը: Ամբողջ Ազգը այսօր պահանջատէր է Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչումին, որպէս ցեղասպանուած ժողովուրդ իր իրաւունքներու ճանաչումին ու արդար հատուցման: Իսկ ԵԿԵՂԵՑԻ եւ ԱԶԳ, ՈՐՊԷՍ ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ, կը գործեն ի խնդիր ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ եւ ԱԶԳԻ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ, ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԶՕՐԱՁՄԱն:

Արարատով մեզի տրուեցաւ տաճառի պատկերը, Այբուբենով՝ մեր էութիւնը, Վարդանանքով՝ Հոգեւոր Նկարագիրը, իսկ ջարդով՝ Ազգի եւ Կրօնքի սերտ միութիւնը: Չե՞նք կարծեր որ պահը հասած է ոտքի կենալու որպէս ՄԻ ԱԶԳ ԵՒ ՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՆՈՐ ՈՍԿԵԴԱՐ ՄԸ:

Ով ՀԱՅ ԱԶԳ, դի՛ր ԵՐԿՈՒ ձեռքերդ Եկեղեցւոյ ձեռքերուն մէջ որպէսզի հոգեպէս զօրանաս ու բնաւ չտկարանաս: Ով Հայ Սուրբ Եկեղեցի, զետեղէ քու Սուրբ Աջդ Ազգին ձեռքերուն մէջ, որպէս նշան կղերականը ԱԶԳԷՆ է եւ միշտ պիտի գործէ վասն կրօնից եւ հայրենեաց` ԱԶԳԻՆ կարգախօսին:

 

 ԽԱՉԻԿ կիս. սրկ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ