Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2014, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Քեսապի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ երեք հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն, պատասխանատու մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:
Օրուան հանդիսավար՝ Օրդ. Անի Չէլէպեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Վարդանանց եւ մեր բոլոր նահատակներուն, որմէ ետք հրաւիրեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ յաջորդաբար երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, «Նորահրաշ»ը եւ «Հիմի է՞լ Լռենք»ը` խմբավարութեամբ՝ արժ. տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի եւ նուագակցութեամբ՝ Ռազմիկ Մելքոնեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց Պատուելի Սեւակ Թրաշեան, որ ըսաւ թէ Վարդանանց Պատերազմը միայն հայոց պատմութեան անցեալի էջերուն մէջ գրուած պատմութիւն մը չէ, այլ՝ մեր գոյութեան պատճառն է որպէս հա՛յ քրիստոնեայ ազգի զաւակներ: «Հաւատք, ինքնութիւն, լեզու, մշակոյթ եւ հող բաւարար պատճառներ են ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր այդ բոլորին համար մեր կեանքերը նուիրելու: Նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց փախուստը երբեք լուծում մը չէ: Վարդանի տիպարը, իբրեւ դպրոց՝ ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան, պէտք է դրոշմուի եւ սերմանուի մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ նորահաս սերունդին մտքին, խիղճին եւ ինքնութեան հասկացողութեան մէջ:»
Օրուան բանախօսը, Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան իւրայատուկ կերպով ներկայացուց Վարդանանց քաջագործութեան եւ զոհաբերութեան խոր իմաստը:
«Վարդանանք ինկան բայց չմեռան: Անոնց մարմինները անտարակոյս հողին պիտի յանձնուէին օր մը, սակայն անոնք իմացեալ մահով անմահութեան դափնեպսակները եղան դարէ դար» ըսաւ Հայր Նարեկ, եւ շարունակեց.- «Հայկէն մինչեւ Վարդանանք ու ասդին, հայոց պատմութիւնը գոյամարտ մը եղաւ, վկայութիւն մը իր հայկեան ինքնութիւնը ու ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանող: Հայոց թագաւորութիւնը հայրենիքին տուաւ մեծութիւն, քրիստոնէութիւնը՝ խիղճի ու հոգիի ազատութիւն: Ահա թէ ինչու անոնք հերոսաբար բարձրացուցին ապստամբութեան դրօշը, որովհետեւ որպէս հայր դաւանեցին Ս.Աւետարանը եւ որպէս մայր՝ ընդհանրական եւ առաքելական Ս.Եկեղեցին:»
Հայր Նարեկ պատմական ընդարձակ ակնարկ մը նետելէ ետք Վարդանանց պատերազմին վրայ, շեշտեց թէ հակառակ պարսիկներուն եւ թուրքերուն վայրագ յարձակումներուն, հայ ժողովուրդը միշտ կառչած մնացած է իր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն եւ յաղթական դուրս եկած, որովհետեւ յաղթանակը քրիստոնէութիւնը պահելն է: Ան աւելցուց ըսելով թէ այսօր հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ հայրենիքի վերականգման, Արցախի հարցի լուծման, Ջաւախքահայութեան, սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ հայութեան սպառնացող հայապահպանման խնդիրներ, որոնք կը կարօտին համահայկական ջանքերուն:
Հայր սուրբը իր խօսքը աւարտեց ըսելով.- «Փառք ու պատիւ Աւարայրի հաւատամարտի դիւցազուններուն: Փառք՝ հաւատքի եւ հայրենիքի սուրբ խորաններուն իրենց կեանքը անսակարկ նուիրաբերող իմացեալ կեանքի երգիչներուն: Փառք ու պատիւ ուխտապահ զաւակներ ծնող հայ մայրերուն: Յաւէտ Փառք մեր նորօրեայ հպարտ Հայաստանի Վարդանի ժառանգորդ հայ բանակին եւ ազատութեան կերտիչ հայ ֆիտայիներուն»:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Հ.Կ.Մ.ի եւ Հայ Աւետ.կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, ներկայացնելով Վարդանանց պատերազմին նուիրուած ոգեւորիչ երգեր եւ արտասանութիւններ:
Տօնակատարութեան աւարտին արժ. տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան անդրադարձաւ այն հաստատ իրականութեան թէ Վարդանանց յիշատակի տարեկան մեր ոգեկոչումը սովորական աւանդութիւն մը չէ, այլ՝ խորիմաստ եւ բովանդակալից օր մըն է իր յատուկ խորհուրդով ու պատգամով, իր ներշնչանքով, իր հպարտութեան խօսքերով եւ յաղթանակներով: «Այս օրը մեզի համար որպէս հաւատացեալ քրիստոնեաներ` մեծ արժէք ունի, որովհետեւ այստեղ մենք մեզ է որ ցոյց տուած ենք, մեր ինքնութիւնն է որ փաստած ենք, մեր հաւատացեալի կերպարն է որ ցոյց տուած ենք, մեր հայկական դրոշմն է որ կնքած ենք: Այս օր, մենք մեր գործնական հաւատքով անգամ մը եւս կը հաւատարմագրուինք մեր հայութեան եւ քրիստոնէութեան եւ մեր կապուածութիւնը կը յայտնենք մեր նախահայրերուն: Այնքան ատեն որ կը հաւաքուինք երեք յարանուանութիւններ միաբուռն եւ միասիրտ կերպով` անյաղթելի կը դառնանք եւ հոս է միութեան արժէքը յաղթութեան տեսակէտէն»:
Տէր հօր օրհնութեամբ եւ պահպանիչով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը: