Միջերկրական՝ Մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ

Միջերկրական՝ Մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ

Միջերկրականեան տարածաշրջանը, որ միշտ իւրայատուկ աշխարհաքաղաքական դիրք մը գրաւած է համաշխարհային գերուժերու հակամարտութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ներկայիս կը դիմագրաւէ բազմազան մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան անոր անվտանգութեան եւ համընդհանուր զարգացման:

Միջերկրականի ապահովութեան հետ առնչուող վերլուծումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը հանդիպինք զանազան բարդ կացութիւններու եւ յարաճուն վտանգներու, որոնք տարածաշրջանի անկայունութեան եւ անապահովութեան հիմնական գործօնները կը հանդիսանան: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է մօտէն դիտարկել շրջանի անվտանգութեան խնդիրները, պարզելու համար անոնց հիմնական պատճառներն ու հետեւանքները:

Այս ծանրակշիռ կացութիւնը եւ մարտահրաւէրները անհրաժեշտ կը դարձնեն մշակումը շրջանի գլխաւոր դերակատարներուն կողմէ, ինչպէս հարաւային ծովեզերքի արաբական երկիրներն ու Եւրոպան, ապահովական ծրագիրներու, որոնք կ՚ընդգրկեն ընկերաքաղաքական, ջուրի տագնապի եւ ուժանիւթի նման խնդիրները, միաժամանակ առանց անտեսելու Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դիրքորոշումները տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով անցեալէն ժառանգուած ինքնութեան վերաբերող հարցերը:

Ա- Քաղաքական խնդիրները

Յաճախ տարածաշրջանի խնդիրներու կեդրոնը հանդիսանալով, Միջերկրականը կը կրէ ռազմաքաղաքական բարդ կացութեան ծանր հետեւանքները եւ կը դիմագրաւէ զանազան մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան անոր անվտանգութեան եւ յառաջընթացին:

Միջերկրականի արեւելեան մասը գրաւող Միջին Արեւելքը ցնցող հարցերէն մին կը հանդիսանայ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը, որ մինչեւ օրս անլուծելի կը մնայ եւ շրջանին մէջ տիրող հակամարտութիւններուն առանցքը կը կազմէ: Լուծումի բոլոր քաղաքական ծրագիրները ցարդ ապարդիւն մնացին բազմաթիւ պատճառներով: Նախ աշխարհագրական-կրօնական սուր հակասութիւնները արաբ եւ իսրայէլացի ժողովուրդներուն միջեւ արգիլեցին եւ կ՚արգիլեն շօշափելի յառաջխաղացք մը այս ուղղութեամբ Բ. համաշխարհային պատերազմի աւարտէն մինչեւ օրս: Երկրորդ գործօն մը, որ աւելի կը բարդացնէ այս հիմնախնդիրը՝ մասնաւորապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու հարցն է: Կան նաեւ տարածաշրջանի այլ հակասութիւններ ու լարուածութիւններ, որոնք առաւել եւս խոչընդոտներ կը ստեղծեն արաբ-իսրայէլեան հիմնախնդրի լուծման համար եւ կը բարդացնեն երկկողմանի բանակցութիւնները: Վերջին տասնամեակին նշմարելի կերպով զարգացող իսլամ ծայրայեղական հոսանքները իրենց կարգին ժխտական ազդեցութիւն ունեցան այս շրջագիծին մէջ եւ այլ ուղեգիծեր պարտադրեցին անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գործընթացին համար:

Արաբական յեղաշրջումները, որոնք տեղի ունեցան վերջին տարիներուն, ծանր կացութեան մատնեցին Միջերկրականի անվտանգութիւնը: Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ (Թունուզէն մինչեւ Սուրիա) յառաջացած ներքին խռովութիւններն ու զինեալ բախումները անկայուն ու վտանգաւոր իրավիճակ մը ստեղծեցին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային գետնի վրայ: Այս լարուածութիւնները առիթ ստեղծեցին ծայրայեղ իսլամ հոսանքներու մեծ չափով աճին, տարածումին եւ զարգացումին: Հետեւաբար, ահաբեկչութեան ու ծայրայեղական շարժումներու երեւոյթը, որ բացայայտօրէն պարզուեցաւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրաքի մէջ, շատ վտանգաւոր մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ Միջերկրականի ապահովութեան եւ անվտանգութեան համար:

Միւս կողմէ, Միջերկրականի հարաւային շատ մը երկիրներու մէջ մենատիրական իշխանութիւնները, քաղաքական տկար ու անկարող կառոյցները, ժողովրդավարութեան պակասը, մարդկային իրաւունքներու անտեսումը եւ ընկերային արդարութեան չգոյութիւնը, յաւելեալ դժուարութիւններ կը ներկայացնեն պետութեան համար եւ առիթ կու տան ընկերային ներքին խռովութիւններուն ու անկայունութեան:

Միջերկրականի բարդ քաղաքական իրավիճակին մէջ նկատառելի է Թուրքիոյ ապակառուցողական դիրքը Միջին Արեւելքի մէջ, շրջանային (յատկապէս՝ Իրան եւ Սուէտական Արաբիա) ու միջազգային ուժերու (յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Եւրոմիութիւն) միջամտութիւնները, որոնք իրենց մեծ ազդեցութիւնը կը ձգեն տարածաշրջանի ընդհանուր անվտանգութեան վրայ:

Բ- Ջուրի տագնապը:

21-րդ դարուն, ջուրը գերազանցօրէն առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ Միջերկրականի պէս լարուած ու զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ: Արաբական երկիրներու երկու երրորդը ջուրի լուրջ տագնապէ կը տառապի: Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն մէջ կը գործածուի ջուրը որպէս սպառնալիք եւ ճնշումի հիմնական միջոց, պարտադրելու համար որոշ ռազմաքաղաքական ուղղութիւններ:

Միջերկրականի տարածքին արձանագրուող բնակչութեան մեծ աճը աւելի կը սաստկացնէ ջուրի տագնապին հետեւանքները ընկերային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Տարածաշրջանի ջուրի չնչին բնական աղբիւրները եւ ժամանակի ու տարածութիւններու վրայ անոնց անհաւասար բաշխումը (86 տոկոսը Միջերկրականի հիւսիսային շրջանին մէջ, իսկ 14 տոկոսը միայն հարաւային շրջանին մէջ) եւս ժխտական իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան ջուրի մատակարարման ու ապահովման մէջ: Այս իմաստով Միջին Արեւելքը լուրջ կերպով կը տառապի ջուրի տագնապէ եւ անհաւասար ջրաբաշխութենէ: Եփրատ ու Տիգրիս գետերը Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ աշխարհաքաղաքական մեծ կարեւորութիւն կը ստանան ջուրի տագնապի այս շրջագիծին մէջ: Միւս կողմէ, Լիբանանի հարաւն ու Կոլանի բարձունքները իսրայէլեան սահմանին վրայ, որոնք նշմարելի չափով բնական ու ջրային մեծ հարստութիւններ կ՚ընդգրկեն, յաճախ ռազմաքաղաքական հակամարտութեան պատճառ կը դառնան տասնեակ տարիներէ ի վեր: Ջուրի հարստութեամբ` Թուրքիա կը գերազանցէ տարածաշրջանի երկիրները (180m³ միլիառ տարեկան), Իրաք ունի 80m³ միլիառ տարեկան, Եգիպտոս` 63,5m³ միլիառ տարեկան, Սուրիա ունի 10m³ միլիառ տարեկան եւ Լիբանան` 3,6m³ միլիառ տարեկան:

Ջուրի աղբիւրներու հսկողութիւնն ու մատակարարումը ամենամեծ մտահոգութիւններէն մէկը կը նկատուի շրջանային ու միջազգային գերուժերուն համար: Ինչպէս կը տեսնուի, Մերձաւոր Արեւելքը անգամ մը եւս դէմ յանդիման կը գտնուի բարդ ու բազմակողմանի խնդիրի մը, որն է՝ ջրաբաշխութիւնը, նկատի առնելով ջուրի անմատչելիութիւնը արդէն իսկ լարուած տարածաշրջանի մը մէջ: Այս առնչութեամբ դժուարութիւններն ու բարդութիւնները լուծում չեն գտներ այնքան ատեն որ շրջանին մէջ քաղաքական ու ապահովական լարուածութիւնները կը շարունակուին եւ լուրջ կերպով կը սպառնան ընդհանուր անվտանգութեան եւ ժողովուրդներու յարատեւ զարգացման:

Գ- Ուժանիւթի եւ կենսոլորտի հարցեր

Ռազմաքաղաքական ու աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ` վերջերս երեւան եկան ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու հարցերը, մանաւանդ արեւելեան ծովափին վրայ: Ուժանիւթը հիմնական գործօն դարձաւ անվտանգութեան մարզին մէջ, նկատի առնելով անոր քաղաքական ու տնտեսական անդրադարձները, միջազգային տնտեսական ու ֆինանսական տագնապին եւ շրջանին մէջ տիրող անապահովութեան ու ծանր կացութեան լոյսին տակ:

Ուժանիւթի կապակցութեամբ ներկան ու ապագան անորոշ կը մնայ Միջերկրականի շրջանին մէջ: Անոնք պայմանաւորուած են ապահովութեան ու անվտանգութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներով, յատկապէս նկատի ունենալով ուժանիւթի մարզէն ներս ապահովութեան, մատակարարման, համագործակցութեան, ծրագրման, ֆինանսաւորման եւ արդիականացման խնդիրները:

21-րդ դարու սկիզբը երեւան եկան նաեւ կենսոլորտի հրատապ հարցերը, մանաւանդ ապականութեան ու առողջապահութեան դէմ սպառնալիքները: Ըստ երեւոյթին, բոլոր այս խնդիրները ժամանակի ընթացքին կը բազմապատկուին եւ մեծ վտանգ կը ներկայացնեն, մանաւանդ եթէ տեղի ունենան կլիմայի ծանր փոփոխութիւններ (ջերմաստիճանի եւ ծովերու մակարդակի ոստում, անձրեւի քանակի զգալի նուազում…): Ինչպէս կը տեսնուի, Միջերկրականը կը դիմագրաւէ նոյնպէս հսկայական մարտահրաւէրներ ուժանիւթի եւ կենսոլորտի մարզերուն մէջ:

Իրօք, Միջերկրականեան տարածաշրջանին մէջ յայտնուած տագնապներուն մեծ մասը, որ երեւան կու գայ 21-րդ դարուն, կախեալ չէ միմիայն քաղաքական կամ միջազգային յարաբերութեանց հակասութիւններէն, այլ նաեւ տնտեսական, կենսոլորտային, ուժանիւթի եւ ջուրի տագնապի երեւոյթներէն: Նկատի առնելով բազմակողմանի այս հիմնախնդիրները, Միջերկրականի անվտանգութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերը եւ տեսութիւնները կարելի չէ մասնակի ձեւով պատկերացնել, այլ անհրաժեշտ է ամբողջական տեսանկիւնէ մը ուսումնասիրել զանոնք եւ գիտականօրէն քննարկել շրջանին մէջ յառաջացող մարտահրաւէրներն ու վտանգները, յարմար ու գործնական լուծումներ գտնելու համար տարբեր խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն:

Հ.է.