Հայաստան – Սփիռք

Հայաստան – Սփիռք

ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ճատրակի Միջազգային Ֆետերասիոնը (ՃՄՖ) հրապարակեց աշխարհի լաւագոյն վարպետներու անուանացանկը, ուր Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Լեւոն Արոնեան 2830 կէտով կը գրաւէ երկրորդ տեղը, կէտերու շատ քիչ տարբերութեամբ առաջինէն (2881) , որ նորվերիացի Մակնիւս Գարլսընն է։

Բացի Լեւոն Արոնեանէն, աշխարհի հարիւր լաւագոյն ճատրակիստներու շարքին կը գտնուին նաեւ Հայաստանի երեք ուրիշ ներկայացուցիչներ՝ Վլատիմիր Յակոբեան (2682 կէտ), Սերկէյ Մովսիսեան (2678 կէտ) եւ Գաբրիէլ Սարգիսեան (2676 կէտ)։

Լեւոն Արոնեան, որ ծնած է 2 Հոկտեմբեր 1982-ին, 2005-ին տիրացած է Ճատրակի Աշխարհի Բաժակին եւ իր գլխաւորութեամբ, Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականը ճատրակի ողիմպիականներու ոսկի մետալին արժանացած է 2006821490-ին Թորինոյի, 2008-ին Տրեզտենի, 2012-ին Իսթամպուլի մէջ ,իսկ 2011-ին՝ աշխարհի խմբային ախոյեանութեան Նինկպոյի մէջ։

Արոնեան Ճատրակի Միջազգային Ֆետերասիոնին Կրան Փրին շահած է 2008-2010-ին, դառնալով Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի թեկնածու 2012-ին։

 

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՈՍԿՈՐՆԵՐ

Տիգրանակերտի Չինար գաւառի Ջերզեւան ամրոցը գտնուող ջրամբարին մէջ յայտնաբերուած են 25 մարդոց ոսկորներ, որոնք, ըստ նախնական ուսումնասիրութիեան, սպաննուած են 1915 թուականին: Ըստ «Ակօս» թերթին, դատախազութեան եւ Տիգրանակերտի թանգարաններու տնօրինութեան հնագէտները այդ ոսկորները կը պատկանին Մարտինի մէջ Հայկական Ձեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած հայերուն:

Ջերզեւան ամրոցը յայտնի է իբրեւ Մարտինի հայերու կոտորածի հիմնական վայրերէն մէկը եւ շատ յաճախ յիշատակուած է հայ եւ ասորի ականատեսներու յուշերուն մէջ: Ջերզեւանի մէջ հայերու սպանութիւնները նկարագրուած են հայր Հիացինտ Սիմոնի «1915. Մի Քահանայի Օրագիր» գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս դահիճները ամրոցին մէջ սպաննեցին հարիւրէ աւելի մարդիկ` դանակներով, փայտերով, քարերով, իսկ յետոյ զանոնք նետեցին փոսը:

Ջերզեւանի մէջ մարտինցիներու սպաննութիւնները ներկայացուած են նաեւ Իվ Թեռնոնի «Մարտին 1915» գիրգին մէջ:

 

ՓԱՐԻԶԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՆ ՅԱՐԳԵՑ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԵՒ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

55.Memory-of-Gurgen-Margaryan-has-benn-honored-in-the-Military-Academy-of-Paris-22.02Փետրուարի 20-ին, Փարիզի ռազմական Ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբի անդամներուն՝ նացիներուն կողմէ գնդակահարման 70-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառում, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի նախկին ռազմիկներու հարցերով լիազօր նախարար Քատեր Արիֆ, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեան, Շարլ Ազնաւուր, Փարիզի քաղաքային իշխանու-թիւններու ներկայացուցիչներ, Ֆրանսահայ կազմակեր-պութիւններու համակարգող խորհուրդի ղեկավար կազմը, հայկական կազմակերպութիւններու հարիւրաւոր ներկայա-ցուցիչներ։

Իր բացման խօսքին մէջ, նախարար Արիֆ ներկայացուց Մանուշեանի կենսագրականը եւ ըսաւ որ Մանուշեանի խումբի մեծարման միջոցով՝ Ֆրանսան իր երախտիքը կը յայտնէ Ֆրանսայի ազատութեան համար մարտնչած բոլոր կանանց ու տղամարդոց, որոնք օտար երկիրներու մէջ ծնած ըլլալով հանդերձ դարձան այսպիսի մեծ ֆրանսացիներ։

Իր հերթին դեսպան Չիթեճեան Մանուշեանի խումբին անդամները բնութագրեց որպէս «23մահկանացուներ, որոնց սէրն առ հայրենիք զիրենք դարձուց անմահ»։

Արարողութեան ընթացքին, ներկաները յոտնկայս վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին 10 տարի առաջ կոյր ատելութեան զոհ դարձած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակը։

 

ՆԱԽ. ՀՈԼԱՆՏ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

francois-hollande-attempts-reinvention-with-new-social-democrat-visionՓարիզի արուարձանին մէջ գտնուող՝ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման «Մոն Վալերիան» յուշահամալիրին մէջ Փետրուած 21-ին տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած Միսաք Մանուշեանի խումբի անդամներուն՝ նացիներուն կողմէ   գնդակահարման   70-րդ   տարելիցին։   Արարողութեան  ներկայ  էին  Ֆրանսայի  նախագահը Ֆրանսուա Հոլանտ, ֆրանսական կառավա-րութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային Ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, Շարլ Ազնաւուրը, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Եդուարդ Նալպանտեան։

Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Միսաք Մանուշեանի կեանքի վերջին ժամերուն գրած նամակը իր կնոջ՝ Մելինէին։

«Քանի մը ժամ ետք ես այլեւս այս աշխարհի մէջ պիտի չգտնուիմ։ Զիս պիտի գնդակահարեն կէսօրէն ետք։ Երանի անոնց՝ որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը։ Ես վստահ եմ որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատիւօրէն կը պահեն մեր յիշատակը։ Եթէ հնարաւոր ըլլայ, իմ յիշողութիւններս փոխանցէ Հայաստան գտնուող հարազատներուս» գրած է Մանուշեան իր կնոջ։

Մանուշեանի յիշատակին արտասանած իր խօսքին մէջ, նախ. Ֆրանսուա Հոլանտ ըսաւ յատկապէս.- «Մանուշեանը Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն էր որ հաստատուեցաւ Ֆրանսա եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրութեան պայքարին։ Մանուշեանը միակ հայը չէր, որ կեանքը զոհեց այս երկրի ազատութեան համար»։

Այնուհետեւ, Ֆրանսայի նախագահը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ծաղկեպսակներ զետեղեցին դամբարանին։

 

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ

PerezAOՔալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ Հինգշաբթի, Փետրուար 20-ին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը վերահաստատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քալիֆորնիոյ հաստատակամ դիրքորոշումը:

Թիւ 35 բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահ Պարաք Օպամային, որ հետեւելով Քալիֆորնիոյ օրինակին՝ յստակօրէն ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւը Ապրիլ 20-26 շաբաթը կը կոչէ «1915-1923ի Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբաթ Քալիֆորնիոյ մէջ»:

 

ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ  90-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՞ ԹԷ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ…

 

«Նուվել տ’Արմէնի»ին համաձայն, Շարլ Ազնաւուր իր 90 ամեակը պիտի նշէ Գերմանիոյ մէջ երկու համերգներով, որոնք տեղի պիտի ունենան Պերլինի եւ Ֆրանքֆորթի մէջ, «Առասպելին վերադարձը» լոզունCharles Aznavour in his house in Mouries - France - 22/08/07 Olivia Droeshaut © REPORTERSգին ներքեւ։

Նախապէս, «Շախմատային Հայաստան» պարբերականին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, աշխարհահռչակ շանսոնիէն ըսած է որ իր 90-ամեակը պիտի նշէ հաւանաբար Երեւանի մէջ՝ համերգային ծրագիրով մը։ Ան ըսած է որ հրաւէրներ ստացած է շատ մը երկիրներէ, սակայն «կը կարծեմ որ ճիշդ պիտի ըլլայ որ Հայաստանի մէջ կազմակերպուի երգահանդէսը» ըսած է ան։

Նշենք որ Ազնաւուր ծնած է 22 Մայիսին

Մինչ այդ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ¥ՀԲԸՄ¤ Շարլ Ազնաւուրի 90 ամեայ յոբելեանին առթիւ ծրագրած է կարգ մը ձեռնարկներ Փարիզի մէջ՝ իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն մեծանուն երգիչին։ Այս ձեռնարկներու կազմակերպման պատասխանատու Հայկ Փոթուկեան «Արմենփրես»ին տեղեկացուցած է որ Ապրիլի 28-ին լոյս պիտի տեսնէ աշխարհահռչակ շանսոնիէին տարբեր տարիներու գործերը ամփոփող 32 ձայնասկաւառակներէ կազմուած ձայնադարանը, ուր ներառուած են Ազնաւուրի 1948-2011 թուականներուն ստեղծուած անկրկնելի գործերը։ Ան ըսած է նաեւ որ Ազնաւուրը շուտով համերգով հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ, իսկ անոր յաջորդ համերգը տեղի կþունենայ Փարիզի մէջ, մայիսի 15-ին, «Անակօ» զբօսանաւուն վրայ։

 

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ «ՎԻՐՉՈՒԸԼ» ՀԵՌՈՒՍՏԱԴՊՐՈՑ

photoՀայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Փետրուար 18-ին ընդունած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեանը եւ միութեան հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկած է մասնաւորաբար Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ մայրենի լեզուի ուսուցման «վիրչուըլ» հեռուստադպրոց ստեղծման ծրագիրը։ Նախատեսուած է հեռակայ ուսուցմամբ մայրենին հասանելի դարձնել հայկական սփիւռքի տարբեր համայնքներուն։ Հայոց լեզուն պիտի դասաւանդուի օտար լեզուի հիմքով։

Ծրագիրը նախատեսուած է լեզուի իմացութեան տարբեր մակարդակներու համար եւ 10 տարեկան եւ աւելի մեծ տարիք ունեցողներուն համար։

Խօսելով հայկական սփիւռքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին,  նախարարուհին առաջնային նկատած է հայոց լեզուի ուսուցումը, պահպանումը եւ տարածումը՝ իբրեւ հայկական ինքնութեան պահպանման միակ առհաւատչեայ։ 

 

ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ՆԿԱՏՈՒԱԾ ԵՆ «ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՆՋ»ի ԿՈՂՄԷ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»-ի Հայ լուսանկարիչներ Վազգէն Մարտիրոսեանի եւ Կարէն Չախալեանի լուսանկարները «Նեշընըլ Ճիոկրաֆի»ի կայքին կողմէ նկատուած են համապատասխանաբար օրուան եւ շաբաթուան լաւագոյն լուսանկարներ:

Կարէնի լուսանկարը դարձած է շաբաթուան լաւագոյնը՝ Փետրուար 24ին, իսկ Վազգէնի աշխատանքը՝ օրուան լուսանկարը ընտրուած է 5 Մարտին: «Նիուզ»ը այս առիթով զրուցած է լուսանկարիչներուն հետ։

Վազգէն Մարտիրոսեան յայտնած է, որ լուսանկարը ինք տեղադրած է կայքին վրայ, սակայն որպէս օրուան լուսանկար ընտրուած է կայքին խմբագիրներուն կողմէ: «Լուսանկարը դոկումենտալ է: Այնտեղ պատկերուած երեխաներին նայելով՝ ամէն մէկը փորձում է ինչ որ բան զգալ: Պարզապէս այդ երեխաների հայեացքը շատ խորը հայեացք է», նշած է ան։