ԶՈՀՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՄԱՅՐԸ

ԶՈՀՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՄԱՅՐԸ

Պատերազմը իր աւարտին հասաւ։

Ողջ զինուորները վերադարձան իրենց տուները, իսկ զոհուածներուն մայրերը պետութեան կողմէ կանչուեցան մխիթարուելու ու պատուուելու համար։

Զօրավարը հարցուց զոհուած զինուորին մօր. «Զաւակդ հերոս կը նկատե՞ս»։

Մայրը պատասխանեց. «Այո՛»։

Զօրավարը հարցուց. «Ինչո՞ւ»։

Մայրը ըսաւ. «Որովհետեւ ազատագրեց երկիրը»։

Պահ մը լուռ մնալէ ետք, շարունակեց ըսելով. «Ինչո՞ւ զաւակիս մահէն առաջ չհարցուցիր ինծի եթէ զաւակս հերոս կը նկատեմ, ինչո՞ւ չհարցուցիր ինծի եթէ համաձայն եմ որ պատերազմը տեղի ունենայ, ինչո՞ւ չհարցուցիր ինծի եթէ համաձայն եմ որ զաւակս պատերազմին մասնակցի, ինչո՞ւ չպատուեցիր զիս զաւակիս մահէն առաջ, արդեօք այն ատեն պատիւի արժանի մայր չէի՞։ Զաւակիս մահէն առաջ արժէք ունէի՞ քեզի համար, գիտակից էի՞ր իմ գոյութեանս։ Հաւատա՛ որ կը նախընտրէի ողջ զաւակի անյայտ մայր մը ըլլալ, քան մեռած զաւակի պատուըուած մայրը։

Օրեր ետք, երբ զաւակին մարմինը գտան պատերազմի դաշտին մէջ, դագաղին մէջ ամփոփելով բերին զայն յանձնելու համար հողին։ Զինուորական գունդը պարտաւոր էր շքեղ թաղում մը կազմակերպել յարգանք ցուցաբերելու համար անոր տարած զոհողութիւններուն. իրենց ուսերուն վրայ շալկեցին անոր դագաղը, ու դանդաղ քայլերով, շեփորախումբի սրտայոյզ եղանակներով, ուղղուեցան դէպի գերեզման։ Անոր մայրը յառաջ երթալով կանգ առաւ իր զաւակին մարմինը շալկող շքախումբին դիմաց, եւ իր ուժաթափ մարմինով արգելակեց անոր ընթացքը ու ըսաւ. «Ես պիտի շալկեմ զաւակս»։ Զօրավարը պատասխանեց. «Կիներու գործը չէ դագաղ շալկել, այլ՝ տղամարդոց»։ Մայրը պատասխանեց. «Հապա ի՞նչ ըլլալու է զոհուած զինուորի մը մօր առաքելութիւնը այսուհետեւ. սպասե՞լ զաւակին դարձը, լա՞լ, աղօթե՞լ, ցաւի՞լ։ Ե՛ս եմ որ զինքը ինն ամիսներ շարունակ արգանդիս մէջ շալկեցի, ես եմ որ զինք տարիներ շարունակ գիրկս առի, սրտիս ու մտքիս մէջ շալկեցի, ես եմ որ ձեռքերուս մէջ կ՛ամփոփէի զինք երբ նեղանար, ցաւէր, տառապէր, լար, վիրաւորուէր։ Եւ հիմա եկած ես ինծի ըսելու թէ զաւակ շալկելը իմ գործս չէ՞»։ Եւ յառաջ երթալով շալկեց իր զաւակին դագաղը ։

Զօրավարը՝ գերեզմանին առջեւ կանգնած, իր կողքին գտնուող զինուորին ըսաւ. «Որքան հետաքրքրութիւնն ունիմ հիմա ծանօթանալու այս նահատակին»։ Զինուորը պատասխանեց ըսելով. «Ուշ է այլեւս։ Երանի փափաքն ունենայիր ճանչնալու զինք ողջ եղած ատենը։ Արդեօք պէտք է մեռնի՞նք որպէսզի ծանօթանաք մեզի։ Մահը չէ որ կը մղէ մեզ ճանչնալու ուրիշը, այլ՝ կեանքը, սէրը»։

Երբ հողին յանձնեցին նահատակը, անոր մայրը պահ մը զգաց թէ իր զաւակին մարմինը պատսպարող հողը նոյնացաւ իր արգանդին հետ. միեւնոյն հերոսը որ իր արգանդին մէջ կազմուեցաւ որպէսզի ծնէր այս աշխարհին մէջ, նոյնպէս այդ հողին մէջ պիտի կազմուէր որպէսզի ծնէր Արքայութեան մէջ։ Իր արգանդն ու այդ հողը եղան մէկ։ Ինչպէ՞ս կարելի էր այլեւս հեռացնել մայրը իր զաւակին գերեզմանէն։ Ան ամէն օր շարունակ կ՛այցելէր զաւակին գերեզմանը։ Շատեր ըսին. «Խենթացաւ այս կինը»։ Ո՛չ ոք կրնար զգալ անոր ցաւը։ Կարելի՞ բան էր մայր մը բաժնել իր արգանդէն, որ կեանքի աղբիւրն է, որ իրեն տուաւ ամենագեղեցիկն ու թանկագինը։

 

Ամիսներ ետք, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը պարգեւատրեցին նահատակ զինուորին մայրը։ Անոր սուգի սեւ զգեստներուն վրայ գունաւոր շքանշաններ կախեցին, կարծելով թէ այդպէսով պիտի յաջողէին գունաւորել անոր կեանքը։ Հանդիսութեան աւարտին, զօրավարը մօտեցաւ եւ հարցուց պարգեւատրուած մօր. «Հիմա ի՞նչ պիտի ընես»։ Ան ըսաւ. «Աղջիկս յղի է, պիտի սպասեմ անոր ծննդաբերութիւնը»։ Կեանքը պիտի շարունակուէր։ Այդ մայրը պիտի շարունակէր ապրիլ, եթէ ոչ ինքնիրեն համար, գէթ իր թոռնիկին համար, որ պիտի ծնէր։ Ոչ ոք կրցաւ զինք համոզել թէ նահատակութեամբ իր զաւակը հերոս դարձած է, որովհետեւ ինք վաղուց գիտէր թէ իր զաւակը հերոս էր. ան հերոս էր առաջին վայրկեանէն որ սկսաւ կազմուիլ իր մօր արգանդին մէջ։ 

Արդեօք խաղաղութեան ու ազատագրման գինը պատերա՞զմը պէտք է ըլլայ, մա՞հը։ Բաւ է մօր մը ցաւը զգալ, որպէսզի դադրին այլեւս պատերազմները, մարդասպանութիւնները, բայց ո՞վ ականջ ունի լսելու։ Ափսո՛ս։ Զոհուած զինուորի մը մայրը պարգեւատրումով չարժեւորուիր. ան կը նախընտրէ իր զաւակին մայրը մնալ, քան դառնալ խորհրդանիշ մայրութեան։

Սերունդներ կը դաստիարակուին այն համոզումով թէ պատերազմը արդարացի եւ իրաւասու եղելութիւն է։ Զարմանք կը պատճառեն, երբ հարց կու տան թէ արդեօք պատերազմի մէջ մարդ սպաննելը սխա՞լ է, մե՞ղք է։ Եւ կարծէք թէ պատերազմը բարիք մըն է, որ լիազօրութիւնը կու տայ մարդասպանութեան։

Հ. ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ