ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԴԵՌ ԵՒՍ ՅՈՒՍԱԼՈՒ

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԴԵՌ ԵՒՍ ՅՈՒՍԱԼՈՒ

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ․ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ


Գաղտնիք չէ որ կեանքը վիշտով ու տառապանքով շաղախուած է: Ասիկա հետեւանքն է մարդուն երանական Եդեմէն վար իյնալուն՝ «որովհետեւ դուն այն ծառէն կերար, որուն մասին քեզի պատուիրեցի «անկէ մի՛ ուտեր», գետինը քու պատճառովդ անիծեալ ըլլայ: Կեանքիդ բոլոր օրերը ցաւով պիտի ուտես անկէ. փուշ ու տատասկ պիտի բուսցնէ քեզի…» (Ծնն. 3:17-18): Հետեւաբար, կրնանք ըսել թէ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ կեանքը լեցուն է «փուշով եւ տատասկով»:
Լիբանան ներկայիս կ’ապրի տնտեսական եւ ապահովական աննախընթաց ճգնաժամեր՝ փուշեր եւ տատասկներ: Դեղորայքի բացակայութիւն, վառելանիւթի չգոյութիւն, աննախընթաց սղաճ, գործազուրկներու մտահոգիչ տոկոս, ուտեստեղէնի աստիճանաբար նուազում եւ ցանկը կ’երկարի:
Վախ, յուսահատութիւն եւ հոգեկան ճնշումներ կու գան ժողովուրդին արդէն իսկ սաստիկ տագնապալի իրավիճակը առաւել վատթարացնելու: Ժողովուրդին «Ի՞նչ պիտի ընենք», «ո՞ւր պիտի երթանք» եւ «որո՞ւ պիտի դիմենք» հարցումները անպատասխան կը մնան: Պատասխան գտնել կամ նոյնիսկ փորձել պատասխանել նման հարցադրումներու, ապարդիւն ջանք մը կը թուի:
Ինչպէս կը տեսնուի, պետական կառոյցներու եւ պատասխանատուներու ապիկարութիւնը, անտարբերութիւնը, անպատրաստակամութիւնը, ինչպէս կ’ուզէք կոչեցէք, ժողովուրդին թշուառութիւններուն ու զրկանքներուն լուծումներ գտնելու, բոլորովին շփոթահար կը դարձնէ մարդիկը: «Տակաւին որքա՞ն կրնանք դիմանալ», «ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր զաւակներուն ապագան» հարցումները կու գան միանալու վերոյիշեալ միւս հարցումներուն:
Յիսուս իր հետեւորդներուն կը թելադրէ, որ իրենց տուները շինեն ժայռի վրայ (Մատթէոս 7:24-25), այսինքն ապրիլ իր պատուիրաններու հնազանդութեամբ: Այն ժամանակ «երբ անձրեւներ տեղան, գետեր յորդին, հողմերը փչեն եւ հարուածեն տունը» ան պիտի չփլի: Այս աստուածային պատուիրանը ցոյց կու տայ կարեւորութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութեան, որպէս նախապատրաստութիւն ընդդէմ կեանքի դժուարութիւններուն եւ որպէսզի այդ դժուարութիւնները որեւէ ժխտական ազդեցութիւն չունենան հաւատացեալին վրայ: Իսկ առարկայական նայուածքէն մեր շրջապատին՝ ի յայտ կու գայ, թէ որպէս հաւատացեալներ թերի գտնուած ենք մեր տուները «ժայռի» վրայ շինելու մէջ: Այդ պատճառով յոյսի նշոյլ իսկ տեսնելու կարելիութիւնը չունինք: Կարծէք Աստուած գոյութիւն չունի եւ հետաքրքրուած չէ իր զաւակներով: Արդեօք եկեղեցւոյ, իր զանազան հաստատութիւններով, եւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու երկարած օժանդակութեան ձեռքերը աստուածային ողորմութեան նշաններ չե՞ն: Չարը մոլեգին ալիքներ կը բարձրացնէ մեզ խեղդելու, սակայն Յիսուս այդ ալիքներու վրայէն կը քալէ: Եթէ մեր աչքերը կեդրոնացած պահենք Անոր վրայ, պիտի կարենանք Պետրոսի նման այս աշխարհի կատաղի ալիքներու վրայէն քալել: Այլապէս ամեհի ալիքները մեզ պիտի խեղդեն, ինչպէս նկատելի է շատերու մօտ: Այո՛, կրնանք թերացած ըլլալ մեր տուները ժայռի վրայ շինելու, սակայն Աստուծոյ ողորմութեան դռները միշտ բաց են, երբեք ուշ չէ վերադառնալու Անոր ապաշխարութեամբ եւ աղօթքով, խնդրելով իրմէ, նման Եգիպտոսի մէջ գերեվարուած եբրայեցիներու, որ մեզի ազատարար մը ուղարկէ եւ կամ այս տագնապի օրերը վերացնէ մեր վրայէն: Դառնանք Աստուծոյ իրմէ սէր առնելով եւ բաշխենք զայն մեր շրջապատին, որ այնքան կը տառապի սիրոյ պակասէն: Աղօթենք յատկապէս քաղաքական իշխանութեան վրայ գտնուողներուն համար, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին տեսնեն մարդկութեան հանդէպ իրենց գործած ոճիրները: Ամէն օր անոնց գլխուն անէծքներ կը թափին, եւ անէծքը առաւել եւս զիրենք մեղքի մէջ կը մխրճէ: Իրենց մեղքի մէջ մնալը, մեր տառապանքի պատճառն է: Աղօթքն ու օրհնութիւնը զիրենք դուրս կը բերեն իրենց մեղքերուն տիղմէն: Ս. Պետրոս կը գրէ՝ « Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է, որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը, բարիք գործելով. ըլլալով ազատ, բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ոչ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա իբր Աստուծոյ ծառաներ» ( Ա. Պետ. 2:15-16):
Ներկան աւելի քան երբեք դէպի Աստուծոյ դառնալու ժամանակն է: Բոլոր փորձերը մեր կեանքերը առանց Աստուծոյ կառավարելու, մահացու հետեւանքներ ունեցան: Միայն Աստուծոյ մօտ կայ փրկութիւն, խաղաղութիւն եւ հանգիստ: Եւ Աստուած, որ իր Միածինը տուաւ մեր փրկութեան համար, անոր հետ պիտի տայ Ս. Հոգին, որ մեր մօտ մնայ եւ մեզ զօրացնէ:
Այո՛, իրաւունք ունինք յուսալու, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է, որուն օգնութեան կարօտն ունինք աւելի քան երբեք այսօր։