ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆ

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ  ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

——————————

Կարելի չէ մեղադրել այն մարդիկը որոնք կը մտածեն թէ իրապէս խենդ ըլլալու է կամ խելագարուած ամբոխ՝ կռիւի ելլելու համար թիւով բազմապատիկ աւելի եւ ռազմական միջոցներով անհամեմատօրէն աւելի հզօր ուժի մը դէմ։ Բայց պատմութիւնը ցոյց տուաւ որ այդ անձնուրաց մարդոց գործած “խենդութիւնը” շատ աւելի արդիւնաւէտ ու փրկարար եղած է քան ամէնէն հնարամիտ դիւանագիտութիւնը։ Վկայ՝ Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի առաջնորդած 66 հազար քաջամարտիկներուն սխրագործութեան արդիւնքը։ Անոնք՝ իրենց գիտակից մահուամբ Ազգին պարգեւեցին այն հայանպաստ ելքն ու ճարը, զորս հայ արքաներն ու իշխանները, մարզպաններն ու զօրավարները, նոյնիսկ եկեղեցականները ի զուր կ’որոնէին 387-էն սկսեալ երբ Հայաստան բաժնուեցաւ, հայ ժողովուրդը պառակտուեցաւ, ջնջուեցաւ հայոց թագաւորութիւնը եւ մինչեւ իսկ Վաղարշապատի կաթողիկոսական աթոռին բազմեցան ասորի կաթողիկոսներ։
Առանց պատմաբան ըլլալու, հայոց պատմութեան էջերը թերթատողները նկատած պիտի ըլլան որ կորսնցուցած էինք գրեթէ ամէն բան եւ առ յաւէտ պիտի կորսնցնէինք մեր հաւատքն ու ինքնութիւնն ալ, եթէ չգտնուէին Վարդաններուն նման դիւցազուններ, որոնց նմանները այնուհետեւ ալ իրենց խիզախ կեցուածքով եւ գերագոյն զոհողութեամբ ծառացան Հայութեան ինքնութեան, ազատ եւ անկախ լինելութեան սպառնացող բռնակալներուն դէմ, դիմեցին Հայութեան գոյերթը երաշխաւորող անխուսափելի ընտրանքին, որ ուղղակի ճակատումն էր։
Անոնց թիկունքին կանգնեցաւ ուխտապահ ողջ Հայութիւնը։
Եւ պատահեցաւ Հրաշքը։ Մահը յաղթանակի՛ վերածող հրաշքը։
Կռիւի դաշտին վրայ ինկան անոնք քառապատիկ վնաս պատճառելէ ետք թշնամիին։
Մեռան անոնք, բայց յաղթեցի՛ն ու չկորա՛ն, եւ 15 դար ետք, հայ բանաստեղծին բերնով ըսին ողջ աշխարհին.-
«Մենք չընկանք, մենք միշտ կանգ,
Մենք չյանգանք, դեռ կը գանք»։
Այդ հրաշք յաղթանակին փաստն է այսօր 10 միլիոն Հայութիւնը, Աւարայրի Դիւցազնամարտը՝ 15 դար ետք տօնակատարող ողջ Հայութիւնը՝ իր հարուստ մշակոյթով, համաշխարհային արժէքներով, իր Լուսաւորչեան Հաւատքով եւ այդ Հաւատքին խորհրդանիշերով, իր ազատ ու անկախ պետականութեամբ ու ՄԱԿ-ի ճակատին ծփացող եռագոյնով։

ԱՒԱՐԱՅՐԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒՆ
Աւարայրի սրբազան խենդերը՝ իրենց նահատակութեամբ ազդանշանը տուին յետագայ ազատագրական մարտերուն՝ որոնք մղուեցան յատկապէս Վարդանի եղբօր՝ Հմայեակի զաւակներէն Վահան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ։ Անոնք Հայութիւնը ազատեցին իր վրայ բանեցուած ուղղակի եւ անուղղակի բռնամիջոցներէն, ճնշումներէն ու հալածանքներէն, որոնք կը միտէին հաւատուրացութեան եւ ազգուրացութեան մղել եւ ձուլել զայն։ Անոնք՝ յաղթական հանգրուանի հասցուցին Անգղի մէջ սկսուած եւ Աւարայրի ճակատամարտով նուիրագործուած ազատագրական պայքարը։ Աւարայրի ճակատամարտէն 33 տարիներ ետք, Նուարսակի դաշինքը եղաւ այդ յաղթարշաւին պսակումը, Աւարայրով զօրացած հայկական դիւանագիտութեան յաղթանակը։
Ինչպէս կը վկայէ Աւարայրի ճակատամարտին անզուգական պատմիչը՝ Եղիշէ, «կարեւորը այն է որ Հայ ժողովուրդը, այդ օր, դիմագրաւած թշնամիին եւ գալիք բոլոր թշնամիներուն ցոյց տուաւ կռուելու եւ գլուխ չխոնարհեցնելու իր աննկուն կամքը, հասկցուց որ իր ազգային ինքնութիւնն ու հաւատքը չի զիջիր երբեք եւ որեւէ գնով»։
Հայ ժողովուրդը այս ճշմարտութեան ապացոյցը տուաւ յաջորդող դարերուն բազմաթիւ անգամներ, Սարդարապատի եւ վերջին երեք տասնամեակին՝ Արցախի մէջ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԳԻՏՆԱԼԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ
Կրնա՞յ գտնուիլ Վարդանանց պատմութիւնը չգիտցող հայորդի մը, եթէ նոյնիսկ ան Հայ դպրոց յաճախելու բախտը չէ ունեցած։ Կը բաւէ որ ան հայաբոյր ընտանեկան յարկի մը մէջ մեծցած ըլլայ, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանութիւնը սորված ըլլայ, այնուհետեւ յաճախած ըլլայ Հայկական Եկեղեցի, Ակումբ, կը բաւէ որ գոնէ տարին անգամ մը ներկայ գտնուած ըլլայ Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին, որպէսզի սորվի Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Իսկ չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ոչ միայն Վարդանանց, այլ մեր ժողովուրդին մղած բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։
Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը գիտնալը եթէ չենք կրցած իւրացնել Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքի հերոսներու անուններէն ու նկարագրականէն աւելին։ Այսինքն, եթէ չենք հաղորդուած անոր խորհուրդով, չենք ընկալած անոր անժամանցելի պատգամները, պէտք եղած դասերը չենք քաղած անկէ, ան չէ եղած մեր կեանքի ուղեցոյցը, եթէ չենք ներշնչուած պատմութեան հերոսներու ոգիով։
Օտարներ ալ կրնան կարդացած ըլլալ այդ պատմութիւնը եւ գիտնալ այդ բոլորը։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ ազգովին չենք սորված Աւարայրի ճակատամարտին նշանակութիւնը Հայ Ազգին համար, եթէ սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, եւ թութակաբար կ’արտասանենք «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»։ Եթէ չենք առաջնորդուիր Աւարայրի հերոսներու ժառանգորդները ըլլալու կոչումէն բխած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ։ Յանձնառութիւն՝ ԿՐՕՆՔԻՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հաւատարմութեան։ Յանձնառութիւն՝ չցամքեցնելու Աւարայրէն հինգ տասնամեակներ առաջ հանճարեղ Մաշտոցին վառած անմահութեան կանթեղին ձէթը՝ շաղախուած Աւարայրի նահատակներուն արեամբ։

ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ՝ ՄԻԱ՛ՅՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
Վարդանանց հերոսամարտի ոգեկոչումներուն ընդմէջէն մեր ակնկալիքներուն կենսագործումը, սակայն, կախեալ է հզօր առաւելութենէ մը, որ հայ ժողովուրդի նուաճումներուն ու յաղթանակներուն գրաւականը եղած է եւ որուն կորուստը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է Հայութեան համար առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր։
Այդ առաւելութիւնը ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահերուն եւ ընտրանքներուն ժամանակ միասնական ու միակամ կեցուածքն է։
Այդ առաւելութեան մէջ կը կայանայ մեր անպարտելիութեան գաղտնիքը, մեր ինքնութեան ու գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները դիմակալելու մեր ուժը։
Պատմութեան դասերը կը պարտաւորեցնեն մեզի կառչիլ այդ առաւելութեան, զօրացնել զայն, լսե՛լ Հայոց պատմութենէն թելադրուած մշտահունչ պատգամը բանաստեղծին.- «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու միասնականութեանդ մէջն է»։ Միասնականութիւն մը որ կը ծնի համայն Հայութեան հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ բոլոր բաղկացուցիչներու ներկայացուցիչներուն համախորհուրդ աշխատանքէն։ Անոնց անշահախնդիր համագործակցութենէն։
Մեր աշխարհասփիւռ ու հայրենաբնակ ժողովուրդը աւելի քան երբեք այսօր պէտք ունի այդ միասնականութեան առաւելութեան՝ իր հիմնախնդիրներու հետապնդումին մէջ, իր ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան, իր ազատ եւ անկախ կամքին ու խղճին սպառնացող բազմաբնոյթ վտանգները դիմագրաւելու համար։
Իբրեւ համայն Հայութեան Հայրենիքը, այդ միասնականութեան շաղախը դառնալու կոչուած է հայկական պետութիւնը, իր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը զօրացնող համաժողովրդային զօրակոչերով, դէպի բոլոր հայկական գաղութները նետուած երկկողմ կամուրջներով, այնպէս ինչպէս եղան Վարդանանք, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահուն ոտքի հանելով եւ համախմբելով տասը միլիոնը։