Ս.Միքայէլ Դպրեվանքի 50-Ամեայ Յոբելեանի Հանդիսութիւն

Ս.Միքայէլ Դպրեվանքի  50-Ամեայ Յոբելեանի Հանդիսութիւն

Փոթորկաշունչ դարի փոթորկայոյզ ասպետը: Այսպէս կարելի է բնութագրել իր էութեամբ ազգային եւ համոզումներով կաթողիկէ, հայ մեծանուն Կարդինալ` հայոց Ջաւախք աշխարհի երբեմնի ծաղուկ ոստան` Ախալցխա գիւղաքաղաքի ծնունդ (18 Սեպտեմբեր 1895) Ղազարոս Աղաճանեանին:

88Ան իր կեանքի ընթացքին յարատեւ ճամբորդելով տարբեր աշխարհներ, ձգտեցաւ բաւարարել իր մտքին ու հոգիին տենչանքը հանդիսացող` արդար ու հաւասար աշխարհի մը կերտումը, ուր իր ազգն ու հայրենիքը հանգիստ ու ապահով կեանք մը ունենային: Հայրենիք հասկացողութիւնը Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանին ընկերակցեցաւ իր կեանքի ողջ ընթացքին: Հայրենիքը աւելի շատ հոգիի հայրենիքի մասին էր, որովհետեւ հայը խորհրդային կարգերու հաստատումով կորսնցուցած էր եւ չէր գիտեր ուր գտնել զայն:

Աղաճանեանին մօտ ձգտումը կար հոգեկան հայրենիքին հասնելու, որը վերացական ու աղօտ էր, սակայն 1963-ին կը յստականար, եւ այսպէս հայ կաթողիկէ համայնքին իր նիւթական օժանդակութեամբ կը ժառանգէր ինքնուրոյն դպրեվանք մը` փարատելով անոր խեղճուկ ու անմխիթար վիճակը:

Արդարեւ֊֊ դպրեվանքը 50 ձիգ տարիներու ընթացքին ազգին շնորհեց բազմաթիւ կուսակրօն վարդապետներ եւ եկեղեցասէր ու ազգանուէր աշխարհիկ անձեր, որոնք ալ այսօր ուրախութեամբ կը նշեն անոր 50 ամեայ յոբելեանը:

Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2013-ի յետ միջօրէի ժամը 6-ին, դպրեվանքի շրջափակին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ դպրեվանքի արծաթէ դարը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախաձեռնութեամբ` Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսչութեան, ներկայութեամբ` հոգեւոր, մշակութային, կրթական, մարզական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, նաեւ նախկին նորընծաներու եւ հոծ բազմութեան:

97

Հնչեցին լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները, Ս. Միքայէլ դպրեվանքի քայլերգը` «Օն, դու ակումբ հրեշտակաց» ներկայացուցին ժառանգաւորները: Բացման խօսքը արտասանեց ժառանգաւորներէն Գրիգոր Պոյաճեանը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի. սրինգի ընկերակցութեամբ` Գէորգ Քէշիշեանի. անոնք ներկայացուցին ռազմահայրենասիրական երգերու ընտրանի մը: Դպրեվանքը անաւարտ թողած, բայց միշտ համայնքին ծառայած` Տէր Ալիշան Քհն. Աբարթեան, Մանուէլ Քէշիշեան եւ Անտրէ Գոտունի, դպրեվանքէն ստացած իրենց անմոռանալի տպաւորութիւնները փոխանցեցին ներկաներուն եւ ստացան յուշանուէրներ, համայնքին հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին համար:

94

Ապա, տեղի ունեցաւ Տիգրան Փիլիպպոսի եւ Գէորգ Ներսէսեանի պատրաստած տեսաերիզի ցուցադրութիւնը որ կ’ընդգրկէր դպրեվանքին պատմականը: Կիսասարկաւագ Պարգեւ Պաշխընճի ներկայացուց 50 ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձօն մը իր յօրինումով: Ժառանգաւորները երկձայն երգեցին Աստուածամօր նուիրուած` «Մնա մեր տան մէջ» տաղը:

93

Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչ` գերապատիւ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան «Արեւելեան կողմն աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ» Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնը արտասանելէ ետք աւելցուց. «Արեւելքը լոյսն է աշխարհի, որմէ կը սնուի քրիստոնէութիւնը: Արեւելքն է որ կը մատակարարէ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան կղերականները»: Այնուհետեւ, արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին եւ այնտեղ բնակող հայութեան ապագային շուրջ խորհրդածելէ ետք, ան շեշտը դրաւ դպրեվանքի կարեւորութեան վրայ` մարդկութեան համար ընդհանրապէս, եւ հայ ժողովուրդին համար մասնաւորաբար ըսելով. «Սփիւռքի տարածքին անկասկած հայապահպանութեան գրաւականը` հաւատքն ու լեզուն է: Ահա թէ ինչու Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, մեր մատենագիրները առաջին հերթին կղերանոցներու կողքին կառուցեցին կաճառներ, ուրտեղ պիտի պատրաստուէին ապագայի ջահակիրները»: Հայր սուրբը եզրափակելով իր խօսքը աւելցուց. «Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, յաղթահարելու համար համաշխարհայնացման յորձանուտը, որ իր հմայքներովը կուլ պիտի տայ նորահաս սերունդին: Հոսանքին հակառակ թիավարելը, եւ զայն մեր ազգին շահերուն համապատասխանեցնելը ազգովին մեր պարտականութիւնն է. ասոր համար անհրաժեշտ է պատրաստուած կղերականներ»:

Ժառանգաւորներուն եւ ներկաներուն իր հայրական պատգամը փոխանցեց ամեն. եւ գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը: «Դպրեվանք կառուցել կը նշանակէ ապագայի քահանայ պատրաստել, քահանայ պատրաստել կը նշանակէ համայնքին գոյատեւումը ապահովել: Արդ, առանց քահանայի եկեղեցին չի գործեր: Անոր խորհուրդները մատակարարող չըլլար…» ըսաւ ան, եւ դպրեվանեցիներու կազմաւորումը ամփոփեց երեք կէտերու մէջ.

1. ժառանգաւոր ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ կոչին ընդառաջել:

2. Ապրիլ հասարակաց կեանք ուր ժառանգաւորը հասարակութեան մէջ ինքզինք կը բացայայտէ:

3. Բանիմաց եւ զարգացած կղերական ըլլալ, որով կարելի կ’ըլլայ ճիշդ ձեւով առաջնորդել հօտը:

Հոգեւոր Տէրը` վանքի մեծաւորը, տեսուչը եւ փոխ տեսուչը, ինչպէս նաեւ ժառանգաւորները շնորհաւորելով եզրափակեց խօսքը:

96

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն: Սոյն պատուին արժանացան ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն ու վանքին մեծաւոր հայրը, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր` գերյ. Հ. Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեանը, որուն բացակայութեան յուշանուէրը ստացաւ վարժարանի փոխ տեսուչ` Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահը: Ապա անոնք միասնաբար բեկանեցին կարկանդակը:

95

Ներկաները Հոգեւոր Տիրոջ, Զմմառու մեծաւորին, ընծայարանի տեսուչ` Գերպ. հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին եւ փոխ տեսուչ` Գերպ. Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին` իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին հիւրասիրութեան ընթացքին:

 

 

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ