Շատեր ՄԵԶ բնաւ չեն ճանչնար, իսկ ուրիշներ կրնան պարզապէս լսած ըլլալ մեր մասին. ոմանք ալ, ամէն Ապրիլ 24-ին, կու գան ցաւակցելու եւ ինչու չէ, մեր հետ կիսելու մեր Ազգին եւ մեր սրտին ցաւը: Սակայն այս բոլորին մէջ կայ նաեւ խումբ մը, որ կը կոչուի պատմաբաններու եւ կամ գիտնականներու խումբ: Ասոնք, երկար պրպտումներէ ու պեղումներէ ետք, կը փաստեն ու կ՛ընդունին գոյութիւնը, անցեալին, ազգի մը եւ կամ փոքր ժողովուրդի մը, որ կոչուած եւ կամ անուանուած է՝ Հայք:
Մեր մասին այսպիսի սահմանափակ գիտելիք ունեցող օտարներէն մէկն է զրուցակիցս, որ կը հարցնէ.
– Ո՞վ ես դուն:
– Ես պարզ Լիբանանահայ մըն եմ, կը պատասխանեմ:
– Ուրեմն կրնանք հասկնալ թէ լիբանանցի ես եւ ոչ թէ հայ, կ՛ըլլայ զրուցակիցիս սահմանափակ եզրակացութիւնը:
– Այո՛ , կը պատասխանեմ ու կը շարունակեմ. թէպէտեւ կը շնչեմ Լիբանանի օդն ու երկինքը եւ կը խմեմ անոր աղբիւրներէն, սակայն իմ էութիւնս, ինքնութիւնս, սիրտս եւ արիւնս ՀԱՅ է:
Ահաւասիկ սիրելի հայրենակից եղբայրս ու բարեկամս, այս պարզ ու հանապազօրեայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշանակալից զրոյցին ընդմէջէն, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, մեր անձերը յաճախ կը գտնուին այնպիսի ցաւալի իրականութեան մը դիմաց, ուր այսօր, կը դժուարանան ազատօրէն արտայայտուիլ եւ կամ իրենք զիրենք ներկայացնել 21-րդ դարու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՒ ՈՉ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ մարմիններու՝ պատասխանելով անոնց՝ «Ո՞վ էք դուք» հարցումին:
Պրն. Զրուցակիցս. Ո՞վ էք դուք եւ ի՞նչ է ձեր ներկայութեան իմաստն ու ձեր կոչումը այժմու աշխարհին համար: Ինչպէ՞ս կրնաք դուք ձեզ Հայ անուանել երբ կը կրէք օտար անձագրեր եւ ինքնութեան փաստաթուղթեր. չէ՞ք կարծեր թէ շփոթ վիճակի մէջ կը գտնուի ձեր ազգային ինքնութիւնը:
Օտարութի՜ւն, Սփի՜ւռք… ցաւալի իրականութիւններ եւ տխուր պատմութիւն…: Ո՜վ սուրբ Հայ հող եւ ո՜վ հզօր մայրենի երկիր, տե՛ս թէ քու որդիներդ որքան կը չարչարուին որպէսզի իրենց մէջ դրոշմուած դարերու ինքնութիւնը՝ շողացող արեւու մը նման անվախ արտայայտեն, ու կենալով համաշխարհային ամպիոններու վրայ՝ վկայեն հզօր ինքնութեան մը մասին, զոր ոչ աշխարհի հարստութիւններով եւ ոչ ալ վաղանցուկ ոեւէ մէկ միջոցով կարելի է փոխել եւ կամ զանց ընել:
Իրաւունք ունիք Պրն. զրուցակից: Կը կարծեմ թէ պահը հասած է կատարելու ազգային մակարդակի վրայ լուրջ խղճի քննութիւն մը, տեսնելու համար թէ այս ազգի կառավարիչներն պատասխանատունները այսօր ինչպիսի ձեւերով կը փորձեն պարզել կամ բացատրել Հայու մը դերը՝ այժմու աշխարհին. եւ կարեւորագոյնը, ճշդել այն ճամբաներն ու միջոցները որոնք պէտք է որդեգրուին, ուղղելու համար ազգը դէպի մօտակայ ապագայ…:
Հայորդի մը. Սակայն ես կը կարծեմ թէ այս բոլորը անօգուտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ դժբախտաբար եւ մինչեւ այսօր, օտարներ են որ իմ նեղութեանս ժամանակ ինծի ձեռք երկարեցին փոխան ազգակիցիս… «եւ այս պատճառով ալ կը նախընտրեմ յաճախել ո՚չ հայկական դպրոց եւ ոչ ալ հայ Եկեղեցի»…:
Ահաւասիկ, յարգարժան ազգային մարմիններ եւ Հայ եկեղեցական դաս, արդէն իսկ վտանգի զանգերը կը ղօղանջեն… եւ այս պատճառով կը նախընտրեմ յաճախել ո՚չ Հայ դպրոց եւ ոչ ալ Հայ Եկեղեցի…:
Աւետարանը կ՛ըսէ. «Ականջ ունեցողը թող լսէ»:
Պրն. Զրուցակիցս. Միթէ՞ Արարատը ձեզ պիտի փրկէ…:
Արարատը՝ որպէս խորհրդանիշ Հայու ինքնութեան
«Եւ նստաւ տապանն յեւթներորդում ամսեանն ի քսան եւ յեւթն ամսոյն ի լերինս Արարատայ» (Ծնդ. 8,4):
Ինչպէս գիտէք, սիրելի ընթերցողներ, թէ Հայու հոգեւոր ու խորհրդաւոր պատմութիւնը սկիզբ կ՛առնէ, երբ Նոյ եւ իր հաւատացեալ փոքրիկ ընտանիքը, տեսնելով որ արդէն իսկ քառասնօրեայ ջրհեղեղը դադրած ու ջուրին մակարդակը նուազած է, Արարատի գագաթէն անոր ստորոտը կ՛իջնեն, ու անոնցմէ ամէն մէկը, համաձայն իր վիճակին եւ աստուածային ծրագրին, կեանքի մէկ ձեւ գծելով՝ զայն կ՛որդեգրէ: Այդ օրէն, Արարատ Հայուն համար դարձաւ հովանաւոր իւրայատուկ սրբութիւն: Հայը իր հայեացքը երբեք չհեռացուց անոր վրայէն:
Պրն. Զրուցակիցս. Կը յիշէ՞ք թէ այսօր Արարատ լերը ձեզի չի պատկանիր…:
Սիրելի Պրն. զրուցակից, երբ մեր նախահայրերը Արարատ լերէն էջք կը գործեն, այդ լերը շատ մը իմաստներ կը զգենու: Օրինակ, զայն կարելի է կոչել կեանքի լեռ, որովհետեւ այդ լերան միջոցով էր որ կեանքը վերագտաւ իր բնականոն վիճակը: Զայն կարելի է կոչել նաեւ փրկութեան լեռ, որովհետեւ այդ լերան շնորհիւ էր որ մարդս հեռու մնաց բոլոր վտանգներէ ու կեանքը խլող փորձանքներէ: Զայն կարելի է կոչել նաեւ մարդկային ցեղի առաջին Մայր Տաճարը, ուրտեղ կնքուեցաւ ու հաստատուեցաւ առաջին ուխտը՝ Աստուծոյ եւ մարդուս միջեւ:
Ահաւասիկ Պրն. զրուցակից, հակառակ որ այսօր այդ լեռը քարտէսի վրայ մեզի չի պատկանիր, բայց ան մեզի համար դարեր ամբողջ եղաւ խորհրդանիշ կեանքի, փրկութեան եւ Մայր Տաճարի, իսկ այսօր՝ ոտնահարուած իրաւունքի…: Քրիստոսի ներկայութիւնը իբրեւ կեանք ու փրկիչ կը յայտնուի Հայկական բոլոր տաճարներուն մէջ: Կարելի՞ է գտնել Հայ մը, որ իր ճակտին վրայ չի կրեր Հայկական տաճարի դրոշմն ու սրբութիւնը:
Սաղմոսը կ՛ըսէ. « Աչքերս լեռները պիտի բարձրացնեմ, ուրկէ ինծի ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ պիտի գայ»
Պրն. Զրուցակիցս. Նոյնիսկ ձեր լեզուն սկսած է աղօտիլ, եւ չէք կարող ճշգրիտ ձեւով պահել զայն…:
Պատասխանս՝ յաջորդ թիւով:
ԽԱՉԻԿ կիս. սրկ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ