Պատմական Ակնարկ Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Նորակերտ շէնքի կառուցման 50 Ամեակին առիթով

Պատմական Ակնարկ Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Նորակերտ շէնքի կառուցման 50 Ամեակին առիթով

Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան հիմնադիր` Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեանի երազն էր հիմնել հայկական վանք մը, որ ո՛չ միայն աղօթատեղի մը ըլլար, այլեւ ուխտավայր մը, մշակութային կեդրոն մը, կրթական օճախ մը եւ գիտութեան կաճառ մը: Պատմական այս տուեալէն կը հասկնանք թէ հիմնադիր հայրապետը ի մտի ունէր արդէն 1742-էն վանքին կից հիմնել դպրեվանք մը, ուր պատրաստուէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ապագայ սերունդներ: Սակայն այդ տարիներու դժուարութիւնները կը խափանեն հայրապետին երազին իրականացումը:

Յակոբ Պետրոս Բ. Յովսէփեան Կաթողիկոս, առաջին հերթին կ’իրականացնէ հիմնադիր հայրապետին երազը, երբ իր օրով կը կառուցուի հայկական վանքը Զմմառու մէջ, ուր նաեւ հիմը կը դրուի հասարակաց կեանքի մը: Վաւերաթուղթի մը միջոցաւ կ’իմանանք թէ արդէն 1772-ին աշակերտական հասարակութիւն մը գոյութիւն ունեցած է եւ անոր թիւը 1774-ին հասած է 18-ի կամ 19-ի, ինչ որ կը մղէ Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան Կաթողիկոսը հիմնելու առաջին նորընծայարանը իրականացնելով իր նախորդներուն երազը։

Նորընծայարանը ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը տեսած ըլլալով, Միքայէլ Պետրոս կը նպատակադրէ նոր շէնք մը կառուցել։ Ուստի, ան իր փափաքը կը ներկայացնէ Ս. Պետրոսի յաջորդին. սակայն նիւթական օգնութիւն չի կրնար ստանալ տնտեսական նեղ կացութեան պատճառով: Ծրագիրը չկատարած կը վախճանի, եւ անոր կը յաջորդէ Բարսեղ Պետրոս Դ. Կաթողիկոս Աւգատեանը: Ան նամակներ կ’ուղղարկէ այլազան երկիրներ, նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար եւ կը յաջողի տասներկու սենեակներ կառուցանել նորընծաներուն համար: Սակայն, իր օրերուն սենեակները չեն դիմանար փոթորիկներուն ու կը քանդուին։ Բարսեղ Դ. Կաթողիկոսը կը վախճանի: Անոր կը յաջորդէ Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւփէլեանը, որ տասը սենեակներով եւ ընդարձակ սրահով նորընծայարան մը կը կառուցանէ Միքայէլ Պետրոս Գ. Կաթողիկոսի կառուցած դպրեվանքին կից՝ բարերարութեամբ Միքայէլ Աղա Բաբումեանի: Բարերարին անունը յաւերժացնելու նպատակով Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետին պաշտպանութեան կը նուիրուի ընծայարանը:

2 (2)

Պատմական այս տուեալներուն դիմաց, կ’անդրադառնանք նաեւ թէ Աստուածային նախախնամութեամբ է որ ե՛ւ հիմնադիր հայրապետը ե՛ւ մեծ բարերարը կը կրէին Միքայէլ անունը: Հետեւաբար, այսօրուայ սերունդը երախտագէտ է ու կը մնա՛յ երկու Միքայէլ-ներուն: Առաջինը, իր հայրապետութեան օրերուն, հակառակ կեանքի դժուարին պայմաններուն իրականացուց իր նախորդներուն երազը՝ հիմնելով կրթական օճախ մը, ուր պիտի պատրաստուէին ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրեալներն ու ապագայ հովիւները: Իսկ միւսը, աւետարանի շունչով լեցուն, Աստուծոյ տուած քանքարները կարողացաւ լաւ մատակարարել ու այն օրերուն առատաձեռնութեամբ կատարեց այս բարերարութիւնը:

Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւփէլեան կառուցել տուաւ նաեւ երկյարկանի նորընծայարան մը քսան նոր սենեակներով, որ հինգ հարիւր թրքական դահեկանէ աւելի արժեց: Այս դպրեվանքին համբաւը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն ուր նուիրատուութիւններու արժանացաւ նորընծայարանը:

Հռոմի Ուրբանեան Վարժարանի օրինակին հետեւելով, Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւփէլեան կը կազմակերպէ ներքին հոգեւոր եւ ուսումնական կեանքը. իսկ 1812-էն ետք, Գրիգոր Պետրոս Զ. Կաթողիկոս Ճերանեանի որոշումով, ուսումնական վերջին տարիները կը յատկացուին աստուածաբանութեան Հայերէն լեզուով, ինչպէս նաեւ կը դասաւանդուին լատիներէն, իտալերէն եւ արաբերէն լեզուները: Գրիգոր Պետրոս Ե. Կաթողիկոս Աստուածատուրեանի օրերուն նորընծաներու թիւը կը հասնի եօթանասունի:
Նորընծայարանը կը փակուի 1918-ին համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն: Իսկ 1922-ին կրկին կը սկսի գործել եօթը աշակերտներով, որմէ ետք թիւը կը հասնի երեսունհինգի:

IMG_110

1926-ին նորընծաները կ’իջնեն Պէյրութ եւ կը յաճախեն Յիսուսեաններու Ս. Յովսէփ համալսարանը:

1934-ին բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար, Զմմառու մեծ ընծայարանի իննը աշակերտները Հռոմ կը մեկնին, կը մտնեն քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան, եւ իմաստասիրական ու աստուածաբանական դասընթացքներուն կը հետեւին Յիսուսեան հայրերու համալսարանէն ներս:

1949-ին Զմմառու աշակերտները կը փոխադրուին Ճիւնիի հոյակապ շէնքը զոր շինել կու տայ վսեմաշուք Կարտինալ` Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը, իսկ Քիւփելեան Կաթողիկոսի կառուցած դպրեվանքը ապագային կը վերածուի Մատենադարանի:

IMG_054

7 Յուլիս 1963-ին տեղի կ’ունենայ Զմմառու վանքին կից նորակերտ նորընծայարանի բացումը։ Այս ընծայարանը կառուցել տուողը կþըլլայ դարձեալ վսեմաշուք Կարտինալ` Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը իր մօր` տիրամայր Իսկուհի Աղաճանեանի յիշատակին: Անոր բացման հանդիսութեան կը նախագահէ Ամեն. Պաթանեան հոգեւոր Տէրը, իսկ ներկայ կը գտնուի նաեւ Կարդինալ Աղաճանեանի քոյրը: Ծիրանաւորը, որ կաթողիկոսական պաշտօնէն հրաժարած էր, բարձր կը գնահատէ եկեղեցական ապագայ սերունդի պատրաստողական տարիները: Քաջատեղեակ դարուն գիտական մարզերէն ներս արձանագրուած բոլոր յառաջխաղացքներէն, ան կը լծուի ազգանուէր ու Աստուածահաճոյ Զմմառու մայրավանքին կից դպրեվանաշինութեան, որուն աշխատանքները սկիզբ կ’առնեն 1960 թուականին:

Հարկ է յիշել թէ 1993-էն մինչեւ 1998 , սոյն ընծայարանէն ներս կը սկսի գործել երէց ժառանգաւորներուն բաժինը:

2001 թուականի Օգոստոս ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած միաբանական ընդհանուր ժողովին որոշում կը տրուի դպրոցը աւարտած աշակերտները պահել սոյն ընծայարանէն ներս, ու ապա զանոնք ուղարկել Հռոմ` մասնագիտական ուսումներ ստանալու: Այսպէս մեծ ընծայարանը կը նուիրուի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի պաշտպանութեան: Սակայն 2008 թուականին սոյն որոշումը կը սառեցուի ու յաջորդ տարին, երէց ժառանգաւորները կը մեկնին Հռոմ հետեւելու փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումներուն, ու Զմմառ կը մնան անոնք` որոնք պէտք էին հետեւիլ պատրաստողական շրջանի դասընթացքներուն:

92

2011 թուականի հոկտեմբերին` դարձեալ տեղի կ’ունենայ ընտրական ժողով Զմմառու Պատրիարքական փոխանորդութեան ու մեծաւոր կ’ընտրուի Գերպծ. Գաբրիէլ Մուրատեան: Նոյն թուականէն կը սկսի դարձեալ գործել համալսարանականներու բաժինը, ու խումբ մը ժառանգաւորներ մինչեւ օրս կը յաճախեն յոյն կաթողիկէ համայնքի Ս. Պօղոս կաճառ, ուր կը հետեւին փիլիսոփայական ու աստուածաբանական դասընթացքներուն արաբերէն լեզուով:

Այսպէս ուրեմն, փոքր նորընծայարանը կը շարունակէ կրել Ս. Միքայէլ անունը, ուր կը պատրաստուին դպրոցական տարիներու աշակերտ-նորընծաները: Անոնք կը յաճախեն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Ս. Խաչ բարձրագոյն վարժարանները: Իսկ մեծ ընծայարանը կը կոչուի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան. այնտեղ կը պատրաստուին համալսարանական եւ պատրաստողական շրջանի ժառանգաւորները:

91

Պարտք կը զգանք յիշելու թէ 2005 թուականին, նորընծայարանը` իր երկու բաժիններով, հիմնական նորոգութեան կ’ենթարկուի Գերյ. Գէորգ Եղիայեանի ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքներով: Անոր վերաբացման հանդիսութեան ներկայ կը գտնուին Միջին Արեւելքի կաթողիկոսները, որոնք Զմմառ կը գտնուէին Միջին Արեւելքի պատրիարքներու ընդհանուր ժողովին առիթով, 2006-ի հոկտեմբերին: Բացումը կը կատարուի ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ:

Մինչեւ օրս ընծայարանը կը շարունակէ գործել եւ այժմ հոն կը պատրաստուին ու կը դաստիարակուին տասներեք ժառանգաւորներ որոնք պիտի դառնան Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան ապագայի ծառայ կղերականները:

Հուսկ, սրտագին շնորհակալական խօսք մը մեր նախնեաց` պատրիարքներուն, մեծաւորներուն, տեսուչներուն ու կղերական դասի բոլոր անոնց` որոնք մեծ նուիրումով ու զոհողութեամբ գործեցին ի խնդիր նորընծայարանի բարգաւաճման ու նորահաս սերունդի պատրաստութեան: Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի բարերարներուն, որոնք առատօրէն իրենց լումաները տրամադրեցին, ու մինչեւ այսօր կը շարունակեն տրամադրել որպէսզի մեր ժառանգաւորները ապրին պատշաճ ձեւով ու լաւագոյն միջոցներով պատրաստուին ապագայի նուիրեալ ծառայութեան:

Զմմառու Տիրամօր հոգածութեան ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեան, ինչպէս նաեւ սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի պաշտպանութեան յանձնուած իւրաքանչիւր ժառանգաւոր կոչուած է դառնալու պարծանքը իր նուիրապետութեան ու միաբանութեան, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի լոյսը սփռող առաքեալը հայ ազգին:

Հ. ՄԱՇՏՈՑ Վրդ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ