Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը
Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերը,
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը,
Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի
Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդութիւնը
սրտի խոր կսկիծով եւ յուզումով կը գուժեն
Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Կղերի Միաբանութեան երէց անդամներէն
Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ատանայի Հայոց
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ
Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆի
վախճանումը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին,
Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական նստավայրին մէջ։
† † †
Կենսագրական
Արհիապատիւ Հայր ՆՇԱՆ Արքեպիսկոպոս ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆ՝ վաստակաւոր Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կեսարիոյ՝ Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Զմմառի Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան անդամ։ Մկրտութեան անունով Եղիա, ծնած է Յունաստանի Բիրիա քաղաքը, 17 Ապրիլ 1932-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ եւ ՀԲԸՄ միացեալ վարժարանին, Ս. Յակոբ ազգային վարժարանին, Հայ Կաթողիկէ – Հ.Օ. Խաչ միացեալ վարժարանին, Ֆրեր Մարիստներու կրթարանին մէջ:
1948-ին, մուտք գործած է Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Վանքի փոքր ընծայարանը եւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ, ինքզինքը նուիրած է Աստուծոյ:
1955-ին կ’առաքուի Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան եւ մինչեւ 1961՝ Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսում:
1960-ին Յուլիս 2-ին կ’օծուի կուսակրօն քահանայ։
1961-ին Փոխտեսուչի եւ ուսումնապետի պաշտօն կը վարէ Զմմառու Տիրամօր Վանքի Ս. Միքայէլ փոքր ընծայարանին մէջ։
1963-ին կը նշանակուի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ, Պուրճ Համուտ, Լիբանան։
1968-ին՝ Փոխ ժողովրդապետ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ, Պէյրութ, Լիբանան։
1969-ին՝ Տնօրէն Զմմառեան Ճեմարանի, Լիբանան:
1976-ին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ վանքին Մեծաւոր։
1978-ին՝ Ժողովրդապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Սան Փաուլօ, Պրազիլ։
1982-ին կ’անուանուի Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց՝ Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ:
1985-1986՝ ներքին մատակարար՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ օգնական ժողովրդապետ՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցւոյ, Աշրաֆիէ, Լիբանան:
1986-1987՝ Ժողովրդապետ՝ Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ:
1987-1988՝ Ժողովրդապետ՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցւոյ, Աշրաֆիէ, Լիբանան։
1988-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կը նշանակուի ժողովրդապետ՝ Մարսիլիոյ եւ Հարաւային Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց։
1991-2015 թուականներուն իրեն կը վստահուի նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդի պաշտօնը Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց:
1993-ին կ’անուանուի Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց։
2000-2015 թուականներուն Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսը զինք կ’ընտրէ Իրանի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ իբր յաջորդ լուսահոգի Վարդան Եպս. Թէքէեանի:
2001-ի Յունուար 28-ին, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի՝ ձեռամբ Ներսէս – Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Պէյրութի Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
2005-ի Ապրիլ 2-ին՝ երջանկայիշատակ Ս. Յովհաննէս – Պօղոս Բ. Քահանայապետին կողմէ կը նշանակուի Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Ատանայի Հայոց Արքեպիսկոպոսի տիտղոսով մինջեւ 2010 թուականը։
Վերջին տարիներուն՝ վաստակաշատ Գերապայծառը մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած էր Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական նստավայրին մէջ, ուր Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներով զօրացած՝ իր մահկանացուն կնքեց իր կեանքի 89-րդ եւ Քահանայութեան 61-րդ տարին:
† † †
Յուղարկաւորութիւն եւ Թաղման կարգ
Հանգուցեալ Միաբանի յուղարկաւորութիւնը, եկեղեցւոյ եւ թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Հայաստան, Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021-ին, ժամը 12:00-ին, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի նախագահութեամբ:
Երեքշաբթի, 23 Փետրուար 2021-ին, հանգուցեալ՝ Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի մարմինը Հայաստանէն փոխադրուեցաւ Լիբանան:
Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Փոխման Ս. Կուսի եկեղեցւոյ մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը:
Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դամբարանին մէջ, ի Զմմառ:
Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգստան պաշտօն մատուցուեցաւ հանգուցեալի հոգւոյն հանգստութեան:
Աստուծմէն հայցելով երկնային խաղաղութիւն եւ հանգուցեալին յաւիտենական հանգիստ, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Միաբանութեանս աւագ եւ կրտսեր բոլոր անդամներուն եւ սգակիր հարազատներուն, խնդրելով Տիրոջմէ նորանոր քահանայական կոչումներ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ:
Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն հոգելոյս Գերապայծառին անմահ յիշատակին: