Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ԱՅՆՇԹԱՅՆ

Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ԱՅՆՇԹԱՅՆ

Այս լուսանկարը յայտնի է մինչեւ օրս, զայն բազմիցս կը հրապարակեն համացանցի վրայ, միլիոնաւոր մարդիկ կը դնեն այն հեռախօսներու կամ համակարգիչներու էքրաններուն, ինչպէս նաեւ շարք մը դասընթացներ, ֆորիւմներ ու միջոցառումներ կ’օգտագործեն զայն իրենց պաստառներուն:
Լուսանկարը առնուած է 1951 թուականին: Այդ օրը Ալպերթ Այնշթայն նշած էր իր ծննդեան 72 ամեակը ու կը լքէր Փրինսթընի համալսարանը: Լուսանկարին մէջ ան արդէն նստած է մեքենայի մէջ դոկտոր Էյտելոթի եւ վերջինիս կնոջ հետ:

Ահաւասիկ նկարը ամբողջութեամբ


Այդ երեկոյ ֆոթօլրագրողները ջանքեր չէին խնայած Այնշթայնին նկարելու համար, սակայն անոնցմէ մէկը՝ Արթուր Սաս, սպասած է այնքան, մինչեւ բոլորը հեռանան որպէսզի մօտենայ մեքենային, ըսելով՝ «Հէ՜յ, փրոֆեսոր, չէ՞ք ժպտար ծննդեան լուսանկարի համար»:
Այնշթայն, որ յոգնած էր տեսախցիկի թիրախ ըլլալէ, արագ մը լեզու հանած է եւ շրջած է գլուխը՝ յոյս ունենալով, որ իրեն չեն հասցներ լուսանկարել: Սակայն Սաս ամէն ինչ հասցուցած է եւ անմահացուցած այդ ակնթարթը: Ան վերադարձաած է խմբագրութիւն ու բոլորը ապշեցուցած՝ տեսնելով գիտնականին անլուրջ նկարը: Խմբագրութիւնը երկար տարակուսանքի մատնուած է՝ հրապարակե՞լ զայն, թէ՞ ոչ: Ի յուրախութիւն մեզ՝ նկարը հրապարակուեցաւ:
Երբ Այնշթայն տեսած է իր լուսանկարը, զարմացած է, սակայն զայն հաճելի գտնելով՝ նկարէն կտրած է միւս հերոսները եւ բացիկի տեսքով ուղարկած է իր ընկերներուն:
2009 թուականին նկարին՝ Այնշթայնի ստորագրութեամբ տարբերակը վաճառուեցաւ 74,325 տոլարով ԱՄՆ-ի մէջ ընթացող աճուրդի շրջանակներու մէջ: Նկարին տէրը դարձաւ Տէյվիտ Ուոքսմընը:

Ն.Է.Ն.