ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ի Հայաստան
Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւն նախագահութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Արքպ. Մինասեանի, վասն Հոգւոյն Հանգստեան Արհիապատիւ Նշան Արքպ. Գարաքէհէեանի։
Սրբազան Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ մօտ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Պեթանգուրը, ինչպէս նաեւ թեմին բոլոր հոգեւորականները, Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, Անարատ Յղութեան միաբանութեան հայ Քոյրերը, Սրբոց Հրեշտակապետաց նորընծայարանի սաները իրենց մեծաւորներուն հետ, հանգուցեալին հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Գերապայծառ Մինասեանի քարոզը
Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Մինասեան յիշելով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը՝ «Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքս», հաստատեց՝ թէ հայր Նշան Արքեպիսկոպոսը նոյնը կատարեց. պատերազմեցաւ բարի պատերազմը ու այժմ մեկնեցաւ առ Հայր։
«Դուն եղար հոգիներու բժիշկ, լսելով մեղքերը ու չարչարուած մարդոց տալով արձակումը» ըսաւ ի մէջ այլոց Գերապայծառ Մինասեանը հաստատելով, որ «այսօր Քրիստոս ու Անոր Սուրբ Մայրը՝ որուն նուիրեցիր ամէնօրեայ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը քեզ կ’ընկալեն երկնքի մէջ։
«Հայր Նշան, Սրբազան հայր, շարունակէ քու բարեխօսութիւնդ Հօր Աստուծոյ դիմաց, մեզի համար, մեր հայրենիքին, մեր համայնքի հաւատացեալներուն, մեր Միաբանութեան եւ բոլոր կղերին համար, աստուածային օրհնութիւնը, նախախնամութիւնը ու մնայուն ներկայութիւնը հայցելով մեր կեանքին մէջ» ըսաւ Գերապայծառ Մինասեան իր քարոզի աւարտին։

Պապական նուիրակին խօսքը
Արարողութեան ընթացքին իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Պեթանգուր, որ ներկաներուն փոխանցեց իր եւ Ֆրանչիկսոս Պապին ցաւակցութիւնները, յիշելով քահանայական ձեռնադրութեան թուականը՝ 2 Յուլիս 1966, ու այդ թուականէն սկսեալ անոր առաքելութեան հանգրուանները, «որոնք յատկանշուեցան ուրախութիւններով, բայց նաեւ այն գիտակցութեամբ, թէ կարելի չէ հիմնուիլ մեր անձնական ուժերուն վրայ, այլ միայն Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ, զոր կանչուած ենք բացայայտել եւ ընկալել մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան մէջ»։
«Ամէն մէկ քահանայի ու մասնաւորապէս եպիսկոպոսի կեանքի ուղեւորութեան մէջ ի յայտ կու գայ այն ճշմարտութիւնը, թէ մենք պէտք է մերկանանք ամէն մէկ ինքնաբաւարարութեան հայցադիմումէն, որպէսզի Յիսուս՝ Տէրը ըլլայ ան, որ ամէն ինչ կը լիացնէ իր շնորհքով» ըսաւ ապա Գերապայծառ Պեթանգուր մատնանշելով՝ թէ ինչպէս Գերապայծառ Նշանի վերջին տարիներու հիւանդութիւնը զինք ուղղեց հաստատ կերպով ընթանալու, «դէպի այն բանը, որ պէտք է ներգրաւէ մեր բոլորի ուշադրութիւնը. վերջին ճամբորդութեան խորհուրդը, այն անցքը ուր իրապէս պէտք է լքենք մեր երկրային կեանքին պատկանող ամէն ստացուածք՝ յաւիտենապէս դառնալու համար Յիսուսին աշակերտները, Անոր զատկական անցքին մէջ» ըսաւ գերապայծառ Պեթանգուրը դիտել տալով նաեւ թէ յատուկ նշանակութիւն ունի, որ Հայր Նշանին անցքը տեղի ունեցաւ քառասնորդացի նախօրեակին, Սուրբ Զատկուան համար պատրաստութեան շրջանին, «Կեանքի Տիրոջ հետ միասին մտնելու համար այն թագաւորութեան մէջ, որ մայրամուտ չի ճանչնար»։
Ան ապա խօսքը աւարտեց մաղթելով՝ որ «Տէրը Գերապայծառ Նշանին պարգեւէ շնորհքը վայելելու Յարուցեալ Քրիստոսին դիմագիծի գեղեցկութիւնը՝ լսելու համար անոր ձայնը որ կ’ըսէ «եկուր ինծի հաւատարիմ եւ բարի ծառայ, մտիր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհաց։

Ի Լիբանան
Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին՝ տեղի ունեցաւ լուսահոգի Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի գերեզմանկարգը: Յաւուր պատշաճի պատարագ մատուցանեց Զմմառու Մայրավանքի փոխ մեծաւոր՝ Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան, նախագահութեամբ Զմմառւ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի:


Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հ. Կ. Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Հ. Գէորգ Եպ. Ասատուրեան, Հայաստանէն ժամանած Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Գերապայծառ, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Հայրեր, Լիբանանի Հ. Կ. Ժողովրդապետութեանց միաբան եւ թեմական Հայրերը, Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեան, Արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Զմմառու դպրեվանքի ժառանգաւորներ, սգակիր հարազատներ եւ հաւատացեալներ:

 

Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի քարոզը
Այս առթիւ՝ Զմմառու վանքի Մեծաւորը խօսք առնելով, ըսաւ. «Այսօր մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուի իր ուխտին հաւատարիմ եւ Եկեղեցւոյ ծառայ՝ Հ. Նշան Գարաքէհէեան: Սիրելինե՛ր, չկայ մարդ որ յաւերժ կ’ապրի: Մեր փոքր տարիքէն կու գանք Զմմառ, կ’ուսանինք Տիրամօր հովանիին ներքեւ, այնուհետեւ կը մեկնինք առաքելութեան եւ երկար տարիներ ծառայելէ ետք մեր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին՝ կը վերադառնանք Զմմառու վանք, մեր տունը, Տիրամօր գիրկը: Աստուծոյ խոնարհ ծառան Հ. Նշան՝ մեր Միաբանութեան նախորդներուն նման, Յունաստանի Բերիա քաղաքէն եկած էր Զմմառ, ուր հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալէ ետք, մեկնած էր Հռոմ եւ քահանայ ձեռնադրուած: Այնուհետեւ երկար տարիներ ծառայելէ ետք Լիբանան, Եգիպտոս, Պրազիլ, Յունաստան եւ յատկապէս Պարսկաստան, ան իր առաքելութեան վերջին հանգրուանին, հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ մեկնած էր Հայաստան, ուր ամբողջ եռանդով նուիրուած էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր վերազարթօնքին եւ շինարարական աշխատանքներուն:
Սիրելի ներկաներ, աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած որ օրհնէ այս Միաբանութիւնը, նորանոր քահանայական կոչումներ ընծայէ եւ յաւերժ պահէ:
Այս տխուր առթիւ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Միաբանութեան անունով՝ իմ խորին ցաւակցութիւնը կը փոխանցեմ Հ. Ռաֆայէլ Մինասեանին եւ հանգուցեալի հարազատներուն»:

Պատարագի աւարտին՝ հոգեւորական դասը եւ բոլոր ներկաները թափօրով եւ «Աշխարհ ամենայնի» երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը: Այնտեղ մարգարէական գրութեան, Պօղոս Առաքեալի Թուղթի եւ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, հանգուցեալ Գերապայծառին մարմինը ամփոփուեցաւ: Այնուհետեւ, տեղւոյն վրայ ցաւակցութիւնները ընդունուեցան:
Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութեամբ աղօթք բարձրացնենք առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսզի հանցուցեալ Գերապայծառին հոգւոյն յաւիտենական հանգիստ շնորհէ, խնդրելով Տիրոջմէ որ իրեն նման բազմաթիւ եկեղեցասէր եւ ծառայասէր հայորդիներ պարգեւէ Միաբանութեանս, ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին:
Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն Հ. Նշանի պայծառ եւ անմահ յիշատակին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի