Ֆրանչիսկոս Պապ. «ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԻՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԻՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 8 Փետրուարին Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած դիւանագիտական անձնակազմին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ան տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն պահանջեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին նպաստող ազգային եւ միջազգային յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ազգային ինքնութիւնը կորսնցնելու եւ շրջանային լարուածութիւններու մէջ ներգրաւուելու վտանգը:
Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց, որ Մայրիներու երկիրը պէտք է պահպանէ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը` երաշխաւորելու համար բազմազան Միջին Արեւելք մը, ուր քիրստոնէական ներկայութիւնը դերակատարութիւն կ’ունենայ եւ ոչ թէ իբրեւ փոքրամասնութիւն կը գոյատեւէ:
«Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ բաղադրիչին տկարացումը կը սպառնայ լիբանանեան ներքին հաւասարակշռութիւնը քանդել», ըսաւ Պապը:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը լուծելու` զգուշացնելով երկրին տնտեսական փլուզումէն:
Եւ վերջապէս, Քահանայապետը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքացիական ղեկավարներուն իրենց անձնական շահերը մէկդի դնելու եւ յանձնառու մնալու արդարութեան եւ բարեկարգումներու գործադրութեան: Ան շեշտեց թափանցիկ գործելու եւ սեփական արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կարեւորութիւնը:

«ԲՌՆԱԿԱԼՆԵՐ, ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՆԵՐ, ՈՃՐԱԳՈՐԾՆԵՐ»


Փետրուար 8-ին, Մար Մարունի տօնին առիթով մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մարոնիթներու Պէյրութի Առաջնորդը՝ Պուլոս Ապտել Սաթեր Արքեպիսկոպոսը բուռն կերպով քննադատեց լիբանանցի քաղաքական գործիչները՝ իրենց «սուտերուն եւ անպատասխանատուութեան համար» եւ յայտարարեց որ պատմութիւնը զիրենք պիտի յիշէ իբրեւ «բռնակալներ, կաշառակերներ եւ ոճրագործներ»։
«Տարի մը առաջ,– ըսաւ Արքեպիսկոպոսը,– բազմաթիւ պատասխանատուներու ներկայութեան արձակեցի լիբանանցի ժողովուրդին ճիչը, ժողովուրդին որ ճնշուած է եւ յուսահատ, որուն արժանապատուութիւնը, ցոյց կատարելու եւ հաշիւ պահանջելու իրաւունքը բռնախլուած է ։ Այդ օրէն ի վեր ոչինչ փոխուեցաւ։ Ընդհակառակը կացութիւնը աւելի վատթարացաւ…։ Զգուշացէ՛ք դուք՝ կառավարիչներ, որ ձեր փառքը կը կառուցանէք ճնշումին ու նուաստացումին վրայ անոնց որոնք ձեզի վստահեցան։ Պատմութիւնը պիտի չխնայէ ձեզի եւ ձեր անունները պիտի յիշէ բռնակալներու, կաշառակերներու եւ ոճրագործներու շարքին»։
Մարոնիթներու Պատրիարքը, Պշարա Ռաի, Պքերքէի մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին, իր կարգին կոչ ըրաւ կազմակերպելու ազգային խորհրդաժողով մը, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ, կանխելու համար Լիբանանի ամբողջական փլուզումը։ Ան յիշեցուց որ Սրբազան Քահանապետը պահանջած էր ազգային եւ միջազգային քաղաքական յանձնառութիւն մը՝ օգնելու համար երկրի կայունութեան եւ զգուշացուցած էր վտանգէն որ Լիբանան կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ հետզհետէ աւելի ներգրաւուի շրջանային տագնապներուն մէջ։