ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԵՐՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԸ. ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԸ

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԵՐՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԸ. ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԸ

Լիբանան առաջին անգամ ոտք դնող Քահանայապետը եղաւ Պօղոս Զ. Պապը՝ 1964-ին։
Ան պաշտօնական հովուական այցելութեամբ չէ, որ ժամանեց Լիբանան, այլ թեքնիք պատճառներու բերումով, մէկ ժամ տեւողութեամբ փոքրիկ դադար կատարեց Լիբանանի միջազգային օդակայանին մէջ՝ դէպի Պոմպէյ ճամբորդութեան ժամանակ ուր ուղղուած էր մասնակցելու համար Սուրբ Հաղորդութեան համաժողովին։
Հազարաւոր Լիբանանցիներուն ներկայութեամբ Պօղոս Զ. Պապը դիմաւորեցին Lիբանանի նախագահ Շարլ Հելու, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան քաղաքական, եկեղեցական անձնաւորութիւններ։
Պօղոս Զ. Պապին կարճ այցելութեան յիշատակը վառ մնաց այն ժամանակուան բարգաւաճ լիբանանցի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ։ Այդ առթիւ արտասանած հակիրճ պատգամին մէջ Պօղոս Զ. Պապը ըսած էր. «Լիբանանը վաստակած է իր պատմութիւնը, մշակոյթը, բնակիչներուն խաղաղ բնաւորութիւնը, կրնանք ըսել ընդհանուր յարգանքն ու բարեկամութիւնը։ Լիբանանի հնագոյն եւ յարգելի կրօնական աւանդութիւնները, նախ եւ առաջ մեր բարձր գովասանքին արժանի է։ Մենք պիտի չմոռնանք մասնաւորապէս այն ինչ որ եկեղեցւոյ համար կը ներկայացնէ Լիբանանի քրիստոնեայ բնակչութեան հաւատքը, արտայայտուած ծէսերու ներդաշնակ բազմազանութեամբ, կրօնական եւ վանական համայնքներու առատութեամբ ու բազմազանութեամբ՝ առաքելական, կրթական, մշակութային եւ բարեգործական գործունէութիւններուն միջոցաւ։

Պօղոս Զ. Պապին ցաւն ու կսկիծը ի տես քաղաքացիական պատերազմին


Պօղոս Զ. Պապին քահանայապետութեան շրջանին աւարտին զուգադիպեցաւ Լիբանանին մէջ սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմը։ Արդարեւ, ան շարունակ կոչ ուղղեց, Լիբանանի ժողովուրդի պաշտպանութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։ 5 Յուլիս 1978-ին, նախքան Հօրենական տուն վերադառնալը, Պօղոս Զ. Պապը կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու ռմբակոծումները որոնք բազմաթիւ զոհ ու վիրաւոր պատճառեցին Պէյրութի քրիստոնեայ շրջաններուն մէջ։

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին սէրը Լիբանանի ժողովուրդին հանդէպ


Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ցաւ պատճառեց նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին։
Լիբանանի խաղաղութեան ի նպաստ յղած բազմաթիւ կոչերէն արժանի է յիշել, 1984-ի Մայիսի մէկին, Լիբանանի պատրիարքներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յղած պատգամը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը լիբանանցիներէն խնդրեց, որ միշտ վառ պահեն իրենց յոյսը հայրենիքին ու մարդուն նկատմամբ, որդեգրելով խաղաղութեան ուղին։

Mandatory Credit: Photo by Plinio Lepri/AP/Shutterstock (7140046c)
Pope John Paul II is greeted by the faithful as he tours past a Lebanese flag on his popemobile, after a canonization ceremony in St. Peter’s Square at the Vatican, . The pontiff named six new saints Sunday including Lebanese Maronite priest Nimatullah Kassab Al Hardini, two Italian priests, a Spanish monk a wealthy Italian widow, and an Italian pediatrician Gianna Beretta Molla – who became a symbol for abortion opponents because she refused to end her pregnancy despite warnings that it could kill her. Beretta Molla died in 1962 at 39 a week after giving birth to her fourth child
VATICAN SAINTS, VATICAN CITY, Vatican Italy

Ապա՝ եկեղեցիէն խնդրեց, որ միշտ ապահովէ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ծառայութիւնը, որուն ուժը կը քաղէ Քրիստոսի սիրտէն։ Արժանի է յիշել Սուրբ Պապին հետեւեալ խօսքը եկեղեցականներուն։ «Գալիք սերունդները ձեզ պիտի դատեն ներկայի լարուածութիւնն ու ողբը յաղթահարելու կարողութեան վրայ»։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբ Քահանայապետը, Լիբանանի պատերազմի վերջին տարիներուն, դիւանագիտական գետնի վրայ ամէն ջանք թափեց պահպանելու եւ գտնելու՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծումներ։
1997-ին, Սուրբ Պապը առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Լիբանան. այս այցելութեան յիշատակը թարմ կը մնայ լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ։ Ան Լիբանանը անուանեց «Պատգամի երկիր»։
36 ժամ տեւողութեամբ Լիբանան կատարած կարճ այցելութեան ծիրէն ներս, Սուրբ Պապին արտասանած խօսքերը տակաւին կը հնչեն Լիբանանի ժողովուրդին ականջներուն մէջ։ «Ձեզի կը պատկանի ցաւի ու տառապանքի օրերուն ձեր հայրենիքին մէջ կառուցուած պատնէշները քանդելու պարտականութիւնը։ Այլեւս՝ պատնէշներ մի կառուցէք ձեր հայրենիքին ծոցէն ներս։ Ընդհակառակը, պէտք է կամուրջներ կառուցել անձերու, ընտանիքներու եւ տարբեր հասարակութիւններուն միջեւ։

Պենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Պապը


Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին Լիբանան կատարած այցելութենէն 15 տարի ետք, Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը պատմական այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան, ուր ան արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Պապը դիմաւորելու եկած էին երկրին իշխանութեան երեք պետերը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը, Լիբանանը բաղկացնող տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Օդանաւին մէջ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը կոչ ուղղեց կասեցնելու դէպի Սուրիա զէնքի ուղարկումը: «Զէնքի մատակարարումը մեծագոյն մեղքն է եւ պէտք է զայն անմիջապէս ու վերջնականապէս կասեցնել», ըսաւ ան:
Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը Լիբանան կեցութեան ժամանակ ունեցած ուրիշ մէկ ելոյթին մէջ շեշտեց Լիբանանէն իր յայտարարելիք «Առաքելական յորդոր»ին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ յորդորը պատգամ մըն է, որ Լիբանանէն պիտի ուղղուի ամբողջ Արեւելքին եւ հոն գտնուող քրիստոնեաներուն:
Պապը նշեց Լիբանանի դիմագրաւած ցաւալի դէպքերը, որոնց լոյսին տակ ընդգծեց տարբեր համայնքներուն միջեւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան կ’այցելէ իբրեւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն եւ այդ պատճառով ալ իր այցելութեան կարգախօսին վերածած է Յիսուս Քրիստոսի «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» պատգամը:
Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն բարեկամն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` գնահատելով անոնց միասնականութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ հաստատելով, որ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը պէտք է Միջին Արեւելքին եւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տայ, որ կայ երկիր մը, որ իր տարբեր համայնքներով համերաշխ կ’ապրի եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը կ’իրականացնէ:
«Լիբանանեան այս հաւասարակշռութիւնը օրինակելի է եւ զգայուն, ինչպէս նաեւ ենթակայ սպառնալիքներու, երբ ան կ’ենթարկուի ճնշումներու: Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ չափաւորական, հաւասարակշռուած եւ իմաստուն», ըսաւ ան:
Պենեդիկտոս ԺԶ. Հարիսայի յոյն կաթողիկէ համայնքի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ստորագրեց «Առաքելական յորդոր»ը, ներկայութեամբ Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Սլէյմանի:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը
Պենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին յաջորդը՝ Ֆրանչիսկոս տակաւին ժամանակ ու առիթ չունեցաւ Լիբանան այցելելու։ Սակայն Ան սիրտով ու միտքով միշտ նեցուկ կանգնեցաւ Լիբանանի ժողովուրդին։
Իսլամ եւ Քրիստոնեայ երկխօսութեան ի խնդիր Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերն ու նախաձեռնութիւնները դադար չունեցան։


2013-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան շրջանին առաջին Աւագ Ուրբաթ օրուան, ճանապարհ խաչի աղօթքի խորհըրդածութիւնները պատրաստեցին լիբանանցի երիտասարդները։ «Տէր, այնպէս մը ըրէ, որ անմեղ զոհերու արիւնը սերմ դառնայ՝ աւելի եղբայրական, խաղաղ ու աւելի արդար Արեւելքի համար»։
Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր առիթներով նաեւ նիւթական օգնութիւն տրամադրեց Լիբանանի ժողովուրդին, յատկացնելով նաեւ կրթաթոշակ դպրոցականներուն:
Վերջերս, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին տխուր առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց հետեւեալ կոչը. «Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանին մէջ զօրեղ պայթումներ պատճառեցին տասնեակ մահեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ ու շատ ծանր վնասներ։ Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ աղօթենք Լիբանանին համար, որպէսզի բոլոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բաղադրիչներու յանձնառութեամբ, կարողանայ դիմագրաւել այս պահը որ այնքան աղէտալի եւ ցաւալի է եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեամբ յաղթահարէ այս ծանր ճգնաժամը»։