ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Կրնա՞յ պատահիլ որ հայկական միջավայրի մը մէջ մեծցած, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանութիւնը սորված, այնուհետեւ Հայկական Վարժարան, Եկեղեցի, Ակումբ, կամ գոնէ 1970 տարիներէ ի վեր կրկնուող Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին տարին անգամ մը ներկայ գտնուած հայու զաւակ մը սորված չըլլայ Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ո՛չ միայն Վարդանանց, այլ մեր ժողովուրդին մղած բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։
Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը գիտնալը եթէ չենք կրցած սորվիլ Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքի նկարագրութենէն ու անոր հերոսներու անուններէն աւելին։ Այսինքն, եթէ չենք հաղորդուած անոր խորհուրդով, չենք ընկալած անոր անժամանցելի պատգամները, պէտք եղած դասերը չենք քաղած անկէ, ան չէ եղած մեր կեանքի ուղեցոյց, եթէ չենք ներշնչուած պատմութեան հերոսներու անսակարկ հայրենասիրութեան ու քրիստոնէական զոհաբերութեան ոգիով։
Օտարներ ալ կրնան կարդացած ըլլալ այդ պատմութիւնը, իմանալ այդ պատմութեան ծալքերը եւ այդ բոլորը գիտնալ երբեմն նոյնիսկ պատմութեան տէրերէն, այսինքն մեզմէ՝ հայերէս աւելի լաւ։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ չենք սորված Աւարայրի ճակատամարտին դարաթափանց խորհուրդը, եթէ չենք ապրիր ու առաջնորդուիր Վարդանանց գաղափարախօսութեամբ, եթէ պարզապէս սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ թութակաբար կ’արտասանենք «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»։
Ահա թէ ինչու չի բաւեր Վարդանի թոռնութեան կոչում տալ մեր զաւակներուն՝ առանց զանոնք մեծցնելու այդ կոչումէն բխած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ, առանց զանոնք թրծելու այդ կոչումը արդարացնող արժանիքներով եւ արժէքներով, այնպէս ինչպէս կ’ընեն յետ մկրտութեան՝ մանուկին քրիստոնէական դաստիարակութեան համար։
Աւելի քան երբեք այսօր, քորոնավիրուսի համաճարակին պարտադրած արտասովոր պայմաններուն հետեւանքով դպրոցական միջավայրէն եւ մասնաւորաբար դասատուներուն եւ դաստիարակներուն անմիջական հոգատար ուշադրութենէն զրկուած իրենց զաւակներու ուսումնառութեան եւ բարոյական, կենցաղավարական, ազգային, տոհմիկ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անմիջական վերհսկողութիւնը կատարելու կոչուած են ծնողք, փորձելով փոխարինել դասատուն ու դաստիարակը։
***
Հայ ծնողքէն, ուսուցիչէն, ապա Ազգին ու Հայրենիքին քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդներէն, պետական գործիչներէն մեր ակնկալիքներուն կենսագործումին յաջողութեամբ պսակումը բոլոր ժամանակներուն կախեալ եղած է արժանիքէ մը որ ակնկալուած է Ազգին մեծ ու փոքր բոլոր բաղկացուցիչներէն, որովհետեւ ան եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդի նուաճումներուն ու յաղթարշաւին գրաւականը։ Այդ բարեմասնութեան պակասը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է Ազգին ու Հայրենիքին համար առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր։
Այդ արժանիքը ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է, միասնական ու միակամ կեցուածքը, մանաւանդ՝ Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահերուն եւ ընտրանքներուն ժամանակ։ Այդպիսի կեցուածքի ռազմա-քաղաքական կարեւորութիւնը զգացած ենք բոլոր ժամանակներուն մինչեւ այսօր։ Քաջ գիտակցած ենք որ միաբան ու միասնական ըլլալու առաւելութեան մէջ կը կայանայ մեր անպարտելիութեան, մեր ինքնապաշտպանութեան անխորտակելի վահանը ըլլալու գաղտնիքը, մեր ինքնութեան ու գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները դիմակալելու մեր ուժը։ Այս իրողութեան գիտակցութեամբ է որ առաջին դարերէն ցայսօր կը շարունակենք Տիրոջմէ խնդրել «Ազգիս Հայոց՝ Սէր, Միութիւն…»։
Պատմութեան դասերը աւելի քան երբեք այսօր կը պարտաւորեցնեն մեզի կառչիլ այդ արժանիքին որպէս ազգային միւս բոլոր բարեմասնութիւնները իր մէջ շաղախող առաւելութիւն, զօրացնել զայն, լսե՛լ Հայոց պատմութենէն թելադրուած մշտահունչ պատգամը բանաստեղծին.- «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու միասնականութեանդ մէջն է»։ Միասնականութիւն մը որ կախեալ է ժողովուրդի բոլոր բաղկացուցիչներու համախորհուրդ աշխատանքէն։ Անոնց անշահախնդիր համագործակցութենէն։
Մեր աշխարհասփիւռ ու հայրենաբնակ ժողովուրդը աւելի քան երբեք այսօր կը զգայ միաբան, միասնական ու միակամ ըլլալու առաւելութեան կարիքը՝ իր հիմնախնդիրներու հետապնդումին մէջ, իր ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան, իր ազատ եւ անկախ կամքին ու խղճին սպառնացող բազմաբնոյթ վտանգները դիմագրաւելու համար, իր իրաւունքներուն ձեռքբերումը յաջողութեամբ հետապնդելու համար, զինք՝ իր պահանջատիրութենէն եւ արդար իրաւունքներէն հրաժարեցնելու միտող՝ ցեղասպան թշնամիին հետ հաշտեցնելու մեծապետական սադրանքները դիմագրաւելու համար։ Անսակարկ միաբանութենէ եւ միասնականութենէ թելադրուած կեցուացքով ու նախաձեռնութիւններով է որ մէ՛կ Ազգ եւ մէ՛կ ժողովուրդ ըլալու վկայութիւնը պիտի տանք այնպէս ինչպէս ըրին Վարդանանք, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահուն ոտքի հանելով եւ համախմբելով ողջ ժողովուրդը։
Աւարայրը յաւերժագրեց այն փաստը, որ Ազգերու ազատութեան, ինքնորոշման եւ ինքնիշխանութեան ձգտումը անընկճելի է։ Չկայ ուժ մը – ինչքան ալ հզօր ըլլայ ան – որ կարենայ պարտութեան մատնել այս արդար ձգտումի կենսագործումին համար գերագոյն զոհողութեան յանձնառու ժողովուրդ մը։
Հայ ժողովուրդին մղած գոյամարտերը, սկսեալ Աւարայրէն մինչեւ Արցախի ազատագրութիւնը, անցնելով Սարդարապատէն, ցոյց տուին որ բազմաբնոյթ տառապանքներու, զրկանքներու ու ճնշումներու ամէն գնով տոկալու ու դիմադրելու միասնականութեան ուժը, ուշ կամ կանուխ, բայց անպայմա՛ն յաղթանակով կը պսակուի։
10 / 02 / 2021