ՊԱՊԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ

ՊԱՊԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ

Արեւելքի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լիոնարտէ Սանտրի «Վատիկան նիուզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը 5-8 Մարտ 2021 պիտի այցելէ Իրաք, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու հոգեւոր պետերուն հետ:
Սանտրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին Լիբանան այցելութիւնը հաւանական է` աւելցնելով, որ Լիբանանը պատգամի երկիր է, ուր համերաշխութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը կը մնան տիրական:
Նշենք որ Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած դիւանագիտական անձնակազմին հետ Փետրուարին ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն պահանջած էր Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին նպաստող ազգային եւ միջազգային յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ազգային ինքնութիւնը կորսնցնելու եւ շրջանային լարուածութիւններու մէջ ներգրաւուելու վտանգը: