ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՒՈՐՈՒՀԻ ՄԱՅՐ ՍԱՃՈՆԵԱՆԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՒՈՐՈՒՀԻ ՄԱՅՐ ՍԱՃՈՆԵԱՆԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ստորեւ՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի Վարդանանցի ուղերձը, զոր ան փոխանցեց յընթացս 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած Վարդանանցի տօնակատարութեան, որուն ներկայ գտնուած են Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը՝ Ծովինար Համբարձումեան, Էջմիածնի Հայրապետական ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Խաժակ եպիսկ. Պարսամեան, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ վարժարանի մեծաւոր Հայր Նարեկ Նաամոյեան եւ վարժարանի ժառանգաւորները, ծնողներ եւ Միաբանութեան բարեկամներ։

Վարդանանց Պատգամ՝ Վասն կրօնից եւ Հայրենեաց.
«Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, ոչ հրեշտակները, ոչ մարդիկ, ոչ սուրը եւ ոչ ալ հուրը, ոչ ջուրը եւ ոչ ալ որեւէ հարուած»։
Այս եղաւ պատասխանը հայ ամբողջ եկեղեցականութեան, իշխաններուն ու զօրականներուն երբ Պարսիկ թագաւորը կը պարտադրէր որ ուրանային Քրիստոս եւ ընդունէին զրադաշտական կրօնքը:
Մենք որ այսօր հպարտօրէն մենք մեզ կը կոչենք արժանի հետեւորդները Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու, եւ ամէն տարի, բացառիկ հանդիսութիւններով կը կատարենք Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց յիշատակութիւնները, արդեօք կը դաւանի՞նք այն հաւատքը որուն համար իրենց կեանքը զոհեցին Վարդանանց քաջ հերոսները: Վարդանանք զոհուեցան Հայու ինքնութիւնը եւ հաւատքը պահպանելու համար. Մենք պատրա՞ստ ենք, չըսեմ մեր կեանքը, այլ մեր հանգիստը զոհելու որպէսզի պահենք եւ պահպանենք մեր Հայութիւնը եւ մեր Կրօնքը: Վարդանանցէն հարիւր յիսուն տարի առաջ միայն հայերը ազգովին քրիստոնեայ դարձած էին, իսկ մենք 1720 տարուայ քրիստոնեայ ազգի զաւակներն ենք:
Վարդանանց յիշատակութիւնը բացառիկ առիթ մըն է խթանելու մեզ նոր միջոցներ որոնելու՝ պայքարելու համար ներկայ դարու Յազկերտներու դէմ, որոնք ոչ այնքան ոյժով, այլ արժէքներու խաթարումով, կործանարար անտարբերութեան կը մատնեն մեզ, եւ անզգալաբար, կը տարուինք յարաբերապաշտութեան – relativismօ – հոսանքէն:
Ճիշդ է որ աշխարհը փոխուած է, կեանքի պայմանները դժուարացած են. նոր գիւտերը եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցները մօտեցուցած են հեռաւորութիւնները առանց սակայն մօտեցնելու մարդոց սրտերն ու հոգիները: Այսօր, սփիւռքահայութիւնը ենթարկուած է տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու մշակոյթներուն յարմարուելու վտանգին. նոր սերունդը կ’ուզէ յարմարիլ իր շրջապատին, կը վախնայ զանազանուելէ եւ տարբեր ըլլալէ, եւ դժբախտաբար ծնողներ, շատ անգամ, տարուած իրենց աշխատանքով եւ զանազան գործերով, թոյլ կու տան որ իրենց զաւակները հետեւին շրջապատի պահանջներուն:
Մենք Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու կը պարտինք մեր հաւատքը եւ մեր ինքնութիւնը եւ Վարդանանց յիշատակութիւնը պէտք է ստիպէ մեզ նորոգելու մեր ուխտը ըլլալու արժանի յաջորդները մեր հերոսներուն, հաւատարմութեամբ մեր ազգային հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն, ինչպէս նաեւ մեր լեզուին եւ մշակոյթին :
Եթէ Վարդանանք կարենային այսօր իրենց շիրիմներէն դուրս գալ, ի՞նչ պիտի փսփսային արդեօք մեզմէ իւրաքանչիւրի ականջին. իսկ մենք, ի՞նչպիսի ուշադրութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ պիտի ուզէինք լսել անոնց ձայնը որ պիտի բացագանչէր. «Ով աշխարհի բոլոր հայեր, եւ մանաւանդ նոր սերունդներ՝ պահեցէք ամուր ձեր հաւատքը սուրբ, սիրէք երկիրը մեր հայրենի»:
Անոնք անվարան պիտի ըսէին մեզի, կռուեցէք եւ պայքարեցէք, պահելու եւ պահպանելու համար մեր դարաւոր կրօնքն ու ազգային ինքնութիւնը:
Վարդանանք՝ 1570 տարիէ, մեր ազգային կեանքին մէջ, մեր անփոփոխ հաւատքի գրաւականն են: Անոնք՝ կրօնական ամուր սկզբունքներով, քրիստոնէական արժէքներու հիմքը դրած են մեր կեանքէն ներս: Դարերու ընթացքին, հալածանքներու ճնշումէն, եւ յատկապէս 1915-ի օսմանեան կայսրութեան հայ ցեղը բնաջնջելու ահաւոր ծրագրէն՝ վերապրած է Հայը: Ամէն օր, ամէն ժամ, հարկ է որ. կրկնենք Եղիշէի խօսքը ուղղուած Վարդանանց կտրիճներուն. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է. մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»։ Վարդանանք՝ իրենց մահով, տապալեցին թշնամիի դաւանափոխութեան ծրագիրը։ Մեր կտրիճներն ալ այսօր, իրենց մահով կը տապալեն ոսոխի բռնապետութիւնը:
Փառք մեր Վարդանանց զօրավարներուն, փառք մեր Ապրիլեան զոհերուն, փառք մեր յաւերժ վերածնեալ ժողովուրդին եւ յատկապէս փառք մեր Արցախի քաջարի հերոսներուն:
30 տարի, մեր հայրենական Արցախը վերակենդանացնելէ ետք, կրկին ահաւոր պարտութիւն կրեցինք. խլեցին մեզմէ մեր հողերը եւ սրբութիւնները։ Կարիքն ունինք Վահաններու, մեր դատը պաշտպանելու եւ Արցախի անկախութիւնը ապահովելու համար: Վարդանանց ճակատամարտէն ետք, մեր ժողովուրդը համախմբուեցաւ եւ այդպէս կրցաւ ստիպել Պարսից արքային ճանչնալու մեր իրաւունքը ազատօրէն մեր կրօնքը դաւանելու եւ մեր ինքնութիւնը պահելու: Հրամայական է որ այսօր մենք՝ մէկդի դնելով մեր բոլոր տարբերութիւնները, ազգովին միանանք, հայրենիք եւ սփիւռք, եւ պայքարինք մինչեւ որ մեր նպատակին հասնինք:
Մեր աննման Սեւակի խօսքերով. «Քիչ ենք, բայց հայ ենք։ Քիչ ենք, բայց մեզ հայ են ասում։ Կանք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք», եթէ պահենք եւ ապրինք մեր սուրբ հաւատը, հպարտութեամբ դաւանենք մեր հայկական ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը եւ այս զոյգ գանձերը փոխանցենք նոր սերունդին ի գին ամէն տեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու:
Այս է ժառանգը Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց եւ իրենց շառաւիղներուն հետեւող մեր բիւրաւոր նահատակներուն:
Այս է իսկական խորհուրդը Վարդանանց, որ գրել տուած է մեր Շնորհալիին.
«Հեղին զարիւնս իւրեանց ի նորոգումն եկեղեցւոյ»։
Անոնք իրենց արիւնը տուին եկեղեցին նորոգելու համար;
Մենք ալ պատրաստ ըլլանք ամէն բան զոհելու մեր հաւատքն ու ինքնութիւնը պահպանելու համար: