Խորհրդածութիւն «…ՆԱՀԱՏԱԿԵԱԼ ԱՐԻԱԲԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱՒ…» «… ՊՍԱԿԵՑԱՒ ԱՐԵԱՄԲՆ ԻՒՐՈՎ…»

Խորհրդածութիւն «…ՆԱՀԱՏԱԿԵԱԼ ԱՐԻԱԲԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱՒ…» «… ՊՍԱԿԵՑԱՒ ԱՐԵԱՄԲՆ ԻՒՐՈՎ…»

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ


 

Տիզբոնի արքունիքը չէր կշռած աչալրջօրէն թերուդէմը իր սպառնական հրովարտակին…
Խափանել ու տրորել հայերու կրօնական ազատութիւնը.
Հայաստանի տարածքին մոգութեան կրօնքը պարտաւորել,
Ու դարձնել հպատակ երկիր մը որմզդապաշտ։
Սասանեան ինքնակալը՝ Յազկերտ Բ. ու իր բանիմաց խորհրդականները չէին ըմբռնած, նոյնիսկ, ամբողջ առումը իրենց հասցէագրուած Շահապիվանի Զինուորական Խորհուրդին ազդարարութեան.

«Յայսմ հաւատոց
Զմեզ ո՜չ ոք կարէ խախտել,
Ոչ հրեշտակք եւ ոչ մարդիկ,
Ոչ սուր, ոչ հուր, ոչ ջուր,
Ոչ ամենայն եւ են դառն հարուածք…».
«Սուր քո, եւ պարանոցք մեր»

(Եղիշէ, Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին,
Յեղանակ Բ, էջ 74-75, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1950)։

Անյողդողդ է ու մեկին ։ Ո՜չ ոք։
Ուստի, ապարդիւն է կամակորիլ։
Պատասխանը՝ համազօր է պատուիրանի, ինչպէս կը վկայակոչէ Եղիշէ.
«Քանզի հայր մեր՝զսուրբ աւետարանն գիտեմք,
Եւ մայր՝ զառաքելական եկեղեցի կաթողիկէ.
Մի՜ ոք չար անջրպետ ի մէջ անկեալ՝
Զմեզ քակեսցէ ի սմանէ» ( Անդ, Յեղ. Գ. էջ 128 )։

Հետեւաբար, ո՜չ կարելի է սակարկել այդ հաւատքը, ո՜չ ալ աճուրդի հանել այն Եկեղեցին՝ ուր հաճեցաւ իջնել Հօր Աստուծոյ Միածին Որդին։
Պարսիկ ինքնակալին կը մնայ վերաքննել իր հայեացքը, ու հակառակ պարագային՝ յետսկոչել։
«Յայսմ հաւատոց զմեզ ո՜չ ոք կարէ խախտել…»։
Լիովին է, ուրեմն, յանձնառումը հայ Աւագանիին։ Ու Շահապիվանի Զինուորական Խորհուրդը ա՜յդ է, որ կը հանդիսադրէ։
Հաւատալ լիովին՝ ինչպէս Գրիգոր Խոր Վիրապի միայնութեան մէջ, սիրելու ապա՝ բոլորանուէր։
Հաւատքը՝ նախապայման սիրոյ, որ հայ Աւագանիին «Ո՜չ»-ը՝ կը վերածէ Աւարայրի, Եկեղեցին մերձեցնելով Հայրենիքին, ու Հայրենիքը՝ իր Եկեղեցիին։
Այդ հաւատքով զսպանակուած չէ՞ր, արդեօք, որ Հայոց Սպարապետը Տիզբոնի արքունիքին առջեւ պիտի յայտարարէր անվրդով.
«Յայսմ հետէ ամենայն զօրութեամբ եւ ուժով,
Օգնականութեամբն Աստուծոյ, հնարիմ գործել
Գործ այնպիսի, զոր ոչ միայն առաջի ձեր Արեաց,
Այլ եւ ի կայսեր դրանն եւ յայլ ազգս պատմեսցի
Համբաւն այն մինչեւ ցյաւիտեան»

(Ղազար Փարպեցի, Հայոց Պատմութիւն,
Դրուագ Բ. Գլ. ԻԶ, էջ 126, Երեւան-1982)։

Գերագոյնին գրաւն է, որ քիչ ետք արդէն պիտի դառնայ իրողութիւն Շաւարշանի գիւղին մօտ՝ Տղմուտ գետի ափերուն։
Ու բեկանելու համար այդ գրաւը՝ համազօր հաւատքի, հարկ եղաւ տեղափոխել անհամար փիղեր, մինչեւ իսկ Մատեան Գունդը, նման մակեդոնական փաղանգներուն։
Անհարկի պիտի չըլլար յիշեցնել Տիզբոնի արքունիքին, թէ Վարդան թոռն էր Ս. Սահակ Հայրապետին, «Լուսաւորչասնունդ» այդ շառաւիղը, որ կ’ընձիւղի Խոր Վիրապէն։
Յաւիտեանի սահմանը չի թուիր, այլեւս, ինչպէս վաղուան օր մը անմատչելի, կամ՝ վաղորդայն մը հեռաւոր։
Յաւիտեանը կը դառնայ մերձենալի. կը դառնայ ներկայ։
Եւ այդ ներկան կը կոչուի 451 թուական… կը կոչուի Աւարայր, յիշեցնելու ու չմոռնալու երբեք, թէ հինգերորդ դարու խաւարամիտ Ասիոյ մէջ, եղաւ ժողովուրդ մը ամբողջ, որ իջաւ պատերազմի դաշտ ու ազգովին զէնքի դիմեց՝ պաշտպանելու ինչ որ իրեն համար ամէնէն նուիրական էր ու սրբազան… Քրիստոնէական Հաւատքը. ճիշտ այդ դարուն, երբ Հիւսիսային ու Արեւմտեան Եւրոպայի ազգերը՝ կը յածէին տակաւին անտառէ անտառ , իբր ցեղախումբեր թափառական։
Այդ ներկան կը կոչուի Արցախ… որպէս լուսագիծը Աւարայրի ինքնազոհագործութեան, որ կ’երկարի հո՜ն, դարաւանդներուն վրայ հայրենի լեռներուն, ուր գիտակից մահուան հասկացողութիւնը հայ զինուորին վսեմօրէն հանդիսադրեց աշխարհին, համայն մարդկութեան ու նամանաւանդ հզօր պետութիւններուն, թէ
Ի՜նչ է հայրենիքը,
Սէրը հայրենի հողին, եւ թէ
Ի՜նչ է հայու արժանապատուութիւնը։
Հայ զինուորին համար էր գրած կարծէք Դանիէլ Վարուժան.
«Թափուած արիւնն անմեղին չի՜ մեռնիր. Ոչ…
Վաղն այս բարի արիւնէն վեր պիտ» ելլեն
Նոր սերունդի կարմիր կարմիր կակաչներ…»

(Ցեղին Սիրտը, Վաղուան Բողբոջներ)։

Այդ հերոսական արիւնով է հիւսուած Շարականը Շնորհալիի, որ կը յորդի լիատարափ այսօր եւս խորաններէն Հայ Եկեղեցւոյ։
Աւարայր թէ Արցախ… միշտ հայ զինուորն է, որ կ’աղօթէ Հայրապետին հետ Հռոմկլայի.
«…Նահատակեալ Արիաբար Պատերազմաւ…»
«…Պսակեցաւ Արեամբն իւրով…» ( Նորահրաշ Պսակաւոր)։