ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ՝ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ՝ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ

«Սրբութիւնը լծորդուած է ճանաչողութեան որ փորձառութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի Խորհուրդին, որ անլուծանելի կերպով կապուած է Եկեղեցւոյ Խորհուրդին։ Սրբութեան եւ աստուածային ու մարդկային իմացականութեան միջեւ այս կապը առանձնայատուկ կերպով կը ցոլայ անոնց մէջ, որոնք զարդարուեցան «Եկեղեցւոյ Վարդապետի» տիտղոսով։ Արդարեւ, իմաստութիւնը, որ կը յատկանշէ այս մարդիկն ու կիները չի հայիր միայն անոնց, որովհետեւ անոնք Աստուածային Իմաստութեան աշակերտ դառնալով իրենց կարգին դարձան իմաստութեան վարդապետներ համայն եկեղեցւոյ հասարակութեան համար։ Այս լոյսին ներքոյ «Վարդապետ» սուրբերն ու սրբուհիները մաս կը կազմեն Հռոմէական Օրացոյցին» գրուած է միշտ վերոնշեալ հրամանագիրին մէջ։
Յայտնենք թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետ պաշտօնական հռչակումը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ 12 Ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին։ Ապա 2018 ապրիլի 5-ին Վատիկանի ագիներուն մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին զետեղուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը։