Ֆրանչիսկոս Պապ. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ ԿՐՆԱՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻԼ ՆԱԵՒ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ»

Ֆրանչիսկոս Պապ. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ ԿՐՆԱՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻԼ ՆԱԵՒ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ»

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ


 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին արտասանած ճառերուն մէջ մի քանի անգամներ յիշեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ու մէջբերումներ կատարեց անոր գրութիւններէն։
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ միասին գլխաւորած համամիութենական հանդիպումին ու խաղաղութեան աղօթքին ընթացքին եւս Քահանայապետը ճառը աւարտեց Նարեկացիի խօսքերով։

«Խաղաղութեան Վարդապետ»
«Կ՚ուզենայի վերջապէս յիշել Քրիստոսի խաղաղութեան մեծ վկան եւ գործիչը, սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, զոր Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեցի» ըսած էր Սրբազան Պապը հաստատելով նաեւ, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կարող է նաեւ յայտարարուիլ «Խաղաղութեան Վարդապետ»:
Ան ապա մէջբերած էր հայոց մեծ սուրբին Մատեան ողբերգութեան (83, 1-2) գիրքէն քաղուած հետեւեալ աղերսի խօսքերը «Յիշի՛ր, [Տէր,…] նրանց, ովքեր մարդկային ցեղում մեր թշնամիներն են, սակայն նրանց բարիքի համար. նրանց մէջ իրագործիր ներում եւ ողորմութիւն […] Մի՛ վերացնիր նրանց ովքեր ինձ կծոտում են. կերպարանափոխի՛ր: Արմատախիլ արա աշխարհիկ ախտաւոր ընթացքը եւ տնկիր բարին իմ եւ նրանց մէջ»։

Նարեկացիին աղերսը՝ քրիստոնէական մեծ պատգամ խաղաղութեան
Նարեկացին, «խորապէս գիտակից մասնակից ամէն կարիքի (Նոյն, 3,2), ուզեց մինչեւ ամէն ժամանակի եւ տեղանքի տկարներու եւ մեղաւորներու հետ նոյնանալ, միջնորդելու համար բոլորի օգուտին (Նոյն, 31,3; 32,1; 47,2)» ըսած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ «Անոր ընդհանրական զօրակցութիւնը մարդկութեան հետ, քրիստոնէական մեծ պատգամ է խաղաղութեան, ներդաշնակ ճիչ, որ բոլորին համար ողորմութիւն կը հայցէ», եւ ասկէ մեկնելով Ան խրախուսած էր տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերը դառնալու այդ հաղորդակցութեան իղձին պատգամաբերներ, «խաղաղութեան դեսպաններ»։
«Համայն աշխարհը կարիքն ունի ձեր այս քարոզութեան, կարիքը ունի ձեր ներկայութեան, կարիքն ունի ձեր ամենաբիւրեղ վկայութեան: Խաղաղութիւն ամենեցուն» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը ճառին աւարտին։

Վատիկան