ԼԱՏԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿԷ 27 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ

ԼԱՏԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿԷ 27 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետ պաշտօնական հռչակումը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ 12 Ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին։
Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովի՝ 2 Փետրուար 2021-ին հրապարակած մէկ հրամանագիրով կը հաստատուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրահանգած է վերջին տարիներուն «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետ»ի տիտղոսին արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէս Պինկէնը, Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին արձանագրել Լատին Եկեղեցւոյ սուրբերու տօնացոյցին մէջ։
Այսպէսով որոշում կայացած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը նշել ամէն տարուան 27 Փետրուարին, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը՝ 10 Մայիսին եւ Պինկէնի Սրբուհի Ւլտեկարտը՝ 17 Սեպտեմբերին։
Հրամանագիրը կը կրէ 25 Յունուար 2021 թուականը՝ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին օրը եւ կը հաստատէ թէ վերոնշեալ սուրբերու յիշատակի օրերը պիտի արձանագրուին բոլոր տօնացոյցերուն, ծիսական գիրքերուն ու ժամասացութեան աղօթագիրքերուն մէջ։
Հրամանագիրը ստորագրուած է Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ռոպէր Սարայի եւ Ժողովի քարտուղարին կողմէ։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակել տալու գաղափարը ծնունդ առաւ յետ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանի հանդիսաւոր օրհնութեան ու զետեղումին Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» Մայր Տաճարին արտաքին գաւիթին մէջ, ձեռամբ երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին, 2005-ի Յունուարի 19-ին։ Այս եզակի պատիւը կը շնորհուի միայն քրիստոնեայ մեծ Եկեղեցիներու հիմնադիրներուն, որոնց շարքին դասուեցաւ Հայոց Լուսաւորիչը։
Հարկ է նշել որ թէ՛ Նարեկացին եւ թէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը անծանօթ չեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսագէտներուն։ Արդարեւ, երկուքն ալ կը յիշուին հռոմէական ծիսական օրացոյցին մէջ։ Այս իմաստով անոնք իրաւամբ կը սեպուին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբեր։

02/02/2021