Վատիկանի Ձայնասփիւռի հիմնադրութեան 90 ամեակին առթիւ, 12 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանած է Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Ռատիօ Վատիկանի աշխատակիցներու մեծ պատուիրակութեան մը։
Վատիկանի Պետքարտուղարը այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ շեշտը դրած է երեք կարեւոր բառերու վրայ՝ բացուածք, տիեզերականութիւն եւ շփում, «որոնք, ըսած է ան, ուղեցոյց մըն են առաքելութեան մը, որ կը շարունակուի եւ մշտական կերպով կը նորոգուի»։
«Ռատիօ Վատիկանը իր առաջին օրէն սկսեալ ներկայացուց աշխարհին բացուելու նշան մը, ոչ միայն աշխարհագրական իմաստով, հասնելով նաեւ ամենահեռաւոր վայրերը, այլ նաեւ պատմական իմաստով, դառնալով հաղորդակցութեան նորարութեան մէջ անկիւնաքար մը» ըսած է Ծիրանաւորը։ Շփումի մասին խօսելով ան հաստատած է թէ «հաղորդակցութիւնը պէտք է հանդիպի մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են»։
Վատիկան Նիուզին հետ հարցազրոյցի մը ընթայցքին, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, որ եղած է Ռատիօ Վատիկանի նախ յայտագիրներու տնօրէն, ապա 2006-2016 ընդհանուր տնօրէն, ըսած է թէ «ռատիօն հանդիպումի եւ երկխօսութեան վայր մըն է եւ ոչ թէ միայն միքրոֆոն մը որուն միջոցաւ պատգամներ կ’ուղարկուի»։
«ՄԱՍԻՍ» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ 90 ամեայ Ռատիօ Վատիկանի
մեծ ընտանիքը, Հայկական բաժանմունքի տնօրէն
Ռոպերթ Աթթարեանը եւ անձնակազմը, անոնց մաղթելով յարատեւութիւն եւ յարաճուն վերելք իրենց հայանպաստ աշխատանքին մէջ։