ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ՝ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՁԱՅՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ՝ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՁԱՅՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ


 

Ձայնասփիւռը ծրագրուած ու կառուցուած է Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կամքով՝ գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնիի կողմէ՝ 1931-ին, նպատակ ունենալով Աւետարանի յոյսը եւ Քահանայապետի ձայնը տարածել համայն աշխարհին մէջ։ Այս կարեւոր Յոբելենական տարուոյն առթիւ Վատիկանի Ռատիօն կը դառնայ նաեւ «Web radio»։

Պիոս ԺԱ Քահանայապետ (1857-1939) եւ գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնի (1874-1937)
Ռատիօ Վատիկանի պաշտօնական հեռարձակման ծառայութեան կեդրոնին մէջ, Յուլիս 25, 1937

Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի, Վատիկանի հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչը, Վատիկանի Ռատիոյի 90 ամեակին առթիւ, յայտարարեց որ «Ռատիօն այն միջոցն է, որ ժամանակի ընթացքին կարողացած է բարեփոխուիլ, առանց սակայն կորսնցնելու իր արժէքն ու հմայքը»:
Ձայնասփիւռը այսօր կը խօսի 41 լեզուներ։ Ան այն զօրեղ արմատն է որուն վրայ կ’աճի Վատիկան Նիուզի ծառը, կայքէջը, որ 43 լեզուներով կը պատմէ Եկեղեցւոյ պատմութիւններ եւ Քահանայապետին վարդապետութիւնը եւ որ 2020 տարուայ ընթացքին համայն աշխարհի մէջ ունեցաւ 250 միլիոն կարդացուած էջեր։

Մեր առաքելութիւնն է ոչ մէկը թողուլ առանձին
Վատիկանի Ռատիոյի պատասխանատու՝ Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթի, 90 ամեակին առթիւ հրապարակած խմբագրականին մէջ կը նշէ թէ «90 ամեակը կը տօնախմբենք մինչ ընթացքի մէջ է համայն մարդկութիւնը յուզող ամենամեծ փորձանքներէն մին՝ Քովիտ 19 համաճարակի պատճառաւ։ Մեր առաքելութիւնն է ոչ մէկը թողուլ առանձին եւ տարածել քրիստոնէական աւետիսին յոյսը, Քահանայապետին ձայնը ու իրադարձութիւնները ներկայացնել Աւետարանի լոյսին տակ, եւ այս մեր ապրած պահը մեզի աւելիով կը հարցաքննէ ու մեզ մարտահրաւէր կը նետէ»։

69 ազգութիւններէ անհատներ մաս կը կազմեն անձնակազմին
Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմին մաս կը կազմեն 69 ազգութիւններէ լրագրողներ, որոնց կը պարտինք Ռատիօ Վատիկանի առաքելութեան յաջողութիւնը ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 12 Փետրուարին ծնունդ առնող «Web radio»-ի ծրագիրը (https://www.vaticannews.va/it/epg.html), որ սկզբնական շրջանին պիտի թողարկուի Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն Գերմաներէն եւ Հայերէն լեզուներով։
«Մեր առաքելութիւնը եղած է եւ կը մնայ այն ինչ որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաճախ կը կրկնէ. հասնիլ աշխարհի արուարձանները»։

(Յապաւուած) Վատիկան