ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՄՆԱՑԱԾ ԵՆ 1456 ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ ԵՒ 8 ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՄՆԱՑԱԾ ԵՆ 1456 ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ ԵՒ 8 ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ

Հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին վերաբերեալ՝ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին հրապարակած զեկոյցին համաձայն, Արցախի վրայ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին հետեւանքով՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերը եւ բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ։ Ըստ ՄԻՊ աշխատակազմին՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են նաեւ 8 պետական թանգարաններ` 19 հազար 311 ցուցանմոյշներով, ինչպէս նաեւ Շուշիի գորգերու եւ Հայկական դրամի մասնաւոր թանգարանները:

Ըստ ՄԻՊ հաղորդագրութեան՝ զեկոյցին մէջ ներկայացուած են ազրպէյճանական – թրքական յարձակումին ընթացքին եւ զինադադարէն ետք արձանագրուած` հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու վանտալիզմի շարք մը դէպքեր, ներառեալ` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելու եւ վանտալիզմի պարագաները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ապատեղեկատուութեան միտումնաւոր տարածման եւ մշակութային կոթողները «ալպանիզացնելու» քաղաքականութեան, ինչ որ եւս ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը դնէ Արցախի տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
«Վերհանուած դէպքերի եւ հայատեացութեան համատեքստի վերլուծութիւնը ցոյց են տալիս, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու խեղաթիւրումը կրում են համակարգուած ու համատարած բնոյթ: Ազրպէյճանի պետական մարմինների ու հանրային դէմքերի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները վկայում են այն մասին, որ ատիկա յատուկ պետական քաղաքականութիւն է` յենուած հայ ազգի դէմ ատելութեան խրախուսման յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ», կը յայտնէ ՄԻՊ աշխատակազմը: Նկատի ունենալով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանխամտածուած կերպով ոչնչացնելու բազմաթիւ նախադէպերը եւ իրական վտանգները` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրատապ կը նկատէ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, յատկապէս UNESCOի կողմէ Արցախի տարածքին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ու անյապաղ քայլերու ձեռնարկումը: