ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Յիսուսի «մի՛ վախնաք» պատուէրին իր հաւատարմութեան կենդանի վկայութիւնը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատմական այցելութիւնը Իրաք։ Պատմական ոչ միայն այն իրողութեամբ որ 2000 տարիէ ի վեր առաջին անգամն էր որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետ մը ոտք կը դնէր Իրաքի հողին վրայ, նաեւ անոր համար որ Պապին ֆիզիքական անվտանգութեան համար չափազանց վտանգաւոր ճանապարհորդութիւն մըն էր։
Արդարեւ, Ֆրանչիսկոս Պապը, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր Վատիկանի սահմաններէն դուրս չէր ելած՝ քորոնավիրուսի համաճարակին պատճառով, չվախցաւ անապահովութեան պայմաններէն, հերթական հրթիռակոծումներէն, անձնասպանական գործողութիւններէն որոնց վերջինը տեղի ունեցած էր 21 Յունուարին Պաղտատի մէջ իսկ եւ խլած էր 32 զոհ, շրջանային եւ համաշխարհային տագնապներուն սպառնալի անդրադարձէն հոն ուր ոտք դրաւ, ժիհատական բջիջներու ներկայութենէն եւ անոնց՝ Վատիկանի հասցէին յաճախ թշնամական ակնարկութիւններէն, բռնութիւններէն, անվերջանալի հակամարտութիւններէն, խռովութիւններէն, եւ ոչ ալ համաճարակի սարսափէն։
Որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր՝ ան, քաջաբար, երեք օր՝ Մարտի 5-7, փակ ինքնաշարժով եւ օդանաւով շրջեցաւ Իրաքի մէջ, Հարաւէն Հիւսիս, կտրելով 1445 քիլոմեթր ճանապարհ։ Գնաց Պաղտատ, Մուսուլ, Կարակոշ, Էրպիլ, Նաժաֆ, ուր պատմական հանդիպում մը ունեցաւ Այաթոլլա Ալի Ալ Սիսթանիի հետ, որ արաբ շիիներու բարձրագոյն իշխանութիւնն է եւ որ հանդիսաւորապէս յանձնառութիւն յայտնեց «երաշխաւորելու քրիստոնեաներուն բոլոր սահմանադրական իրաւունքները, խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը»։ Գնաց Ուր՝ որ կը նկատուի Աբրահամ մարգարէի ծննդավայրը, միաստուածութեան երեք կրօնքներու օրրանը, եւ ուր աղօթեց տարբեր դաւանանքներու՝ սիւննի, շիի, եզիտի եւ սապէացի ներկայացուցիչներուն հետ, «բոլոր անոնց համար, որոնք հալածանքներու տառապանքը կրեցին եւ անոնց համար որոնք դեռ եւս տարտըղնուած են եւ արգելափակուած, որպէսզի կարենան վերադառնալ իրենց օճախները»։ Ան յիշատակեց մասնաւորաբար Եզիտի համայնքը եւ այս համայնքին զոհերը՝ «մարդիկ, հազարաւոր կիներ, երիտասարդ աղջիկներ եւ մանուկներ՝ որոնք առեւանգուեցան, ծախուեցան որպէս ստրուկներ եւ ենթարկուեցան ֆիզիքական բռնութիւններու եւ պարտադիր հաւատափոխութեան» ըսաւ ան։
Ուրբաթ, 5 Մարտին, հազիւ ոտք դրած միաստուածութեան հօր՝ Աբրահամի երկիր եւ այնուհետեւ, ամէնուրեք ուր գնաց, ան կոչ ըրաւ «լռեցնելու զէնքերը եւ «ո՛չ ըսելու ահաբեկչութեան եւ յանուն կրօնքի կատարուող թշնամութիւններու եւ բռնամիջոցներու՝ «որոնք կրօնքի դէմ դաւաճանութիւններ են» գոչեց ան։
Ֆրանչիսկոս իր օրինակով ցոյց տուաւ որ իրապէ՛ս «Եղբայրներ ենք բոլորս»՝ այնպէս ինչպէս կը հաստատէ իր «Fratelli Tutti» շրջաբերական թուղթին մէջ։
«Իրաքի մէջ, ան այնքան մօտիկ եղաւ ժողովուրդին, ինք որ այնքան հեռու է մեզմէ։ Իրական հայր մը՝ տասնըմէկ տարիէ ի վեր մոլեռանդութեան հիւծող պայմաններուն մէջ հալումաշ այս ժողովուրդին համար» ըսաւ Քիրքուքի քաղդէացիներու արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Միրքիս։
Իսլամական պետութեան դէմ պատերազմին հետեւանքով աւերուած՝ իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքի մարզադաշտը ժամանումին՝ 84 տարեկան Սրբազան Քահանայապետը «բաբամոպիլ»էն հազիւ ոտքը դուրս դրած՝ յաղթական դիմաւորութեան արժանացաւ մարզադաշտին մէջ հաւաքուած շուրջ տասը հազար հաւատացեալներու ուրախութեան գոչիւններով եւ զինք տառապեցնող հիւանդ ոտքով ուղղուեցաւ դէպի խորանը ուր զետեղուած էր ՏԱԷՇ-ի ժիհատականներուն կողմէ վիրաւորուած Տիրամօր մէկ արձանը։
Մուսուլի մէջ, որ հիւսիսային Իրաքի Նինուէ նահանգի կեդրոնն է եւ խորհըրդանիշը 2014-2017-ին ՏԱԷՇ-ի գործած վայրագութիւններուն, Պապը յընթացս մեծաշուք պատարագին խօսքը ուղղելով համայն աշխարհին, կոչ ըրաւ խաղաղութեան եւ միասնականութեան Միջին Արեւելքի մէջ, շրջանէն քրիստոնեաներուն մեկնումը նկատելով «անհաշուելի վնաս մը»։ «Լսեցի ցաւի եւ անձկութեան ձայներ, բայց նաեւ ձայներ յուսոյ եւ մխիթարութեան» ըսաւ ան, վստահեցնելով որ «Իրաքը միշտ պիտի մնայ իր հետ, իր սրտին մէջ»։
Յայտնապէս, ամէն գնով Իրաք այցելելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս յանդուգն ճամբորդութեան առաջին նպատակն էր իր զօրակցութիւնը ցուցաբերել շրջանէն ներս քրիստոնեայ ամէնէն հին համայնքին, որ ժիհատականներու հալածանքներուն հետեւանքով ներկայիս 40 միլիոն իրաքցիներուն միայն մէկ առ հարիւրը կը կազմէ, ապա շարունակել երկխօսութիւնը իսլամական աշխարհին հետ։ Այս նպատակին առաջին մէկ արտայայտութիւնը եղած էր քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ երկխօսութիւնը քաջալերող փաստաթուղթի մը ստորագրումը 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, սիւննի իսլամութեան բարձրագոյն իշխանութեան՝ Ալ Ազհարի իմամին՝ եգիպտացի Ահմէտ Ալ Թայեպին հետ, որուն հանդիպած էր 2017-ին, Եգիպտոսի մէջ, ներողականութեան միջազգային խորհրդաժողովին առիթով։ Պապին այս ուղեւորութիւնը կը մտնէր տարբեր դաւանանքներու եւ մշակոյթներու միջեւ փոխադարձ ներողականութեան եւ համակեցութեան մշակոյթ մը զարգացնելու նպատակով բազմաթիւ արաբական երկիրներ այցելութիւններու շարքի մը շրջագիծէն ներս։ Այս շարքը սկսած էր 2014-ին Ամման եւ Պաղեստին այցելութեամբ, հաւանաբար պիտի շարունակուի նաեւ Լիբանան այցելութեամբ։