Իրաքի կաթողիկէ եկեղեցին՝ թիւերով

Իրաքի կաթողիկէ եկեղեցին՝ թիւերով

Ըստ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակին, Իրաքի կաթողիկէ Եկեղեցին՝ 31 Դեկտեմբեր 2019-ի տուեալներու հիման վրայ կազմուած է հետեւեալ ձեւով.
►Իրաքը ունի 438,317 քառակուսի քլմ. տարածք ու 38 միլիոն 836 բնակիչ որոնցմէ 590 հազարը կաթողիկէ են։
►Իրաքի մէջ կը գործեն 17 եկեղեցական գաւառներ, 122 ժողովրդապետութիւններ եւ 12 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ:
►Կղերական դասը կազմուած է 19 եպիսկոպոսներէ, 113 թեմական քահանաներէ, եւ այլ 40 կրօնաւոր քահանաներէ հուսկ 20 մնայուն սարկաւագներէ, 8 կրօնաւորներէ եւ 365 կրօնաւորուհիներէ։ Կրօնուսոյցներունթիւն է 632 մինչ նորընծաներունը 43։
►Կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ 59 դպրոց եւ 9 բարձրագոյն վարժարաններ ու համալսարաններ, ապա կան 7 հիւանդանոցներ, 6 բժշկական կեդրոններ, 5 տարեցներու տուն, 10 որբանոց ու մանկապարտէզներ եւ 6 այլ բարեսիրական հաստատութիւններ։

Վատիկան Նիուզ