ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

Տիրամայր Լիբանանի հոյակերտ արձանը որ ծանօթ է նաեւ Our Lady of Lebanon եւ Notre Dame du Liban անուններով, Մարիամ Աստուածածնի արձանն է որ ձեռքերը մեկնած է դէպի մայրաքաղաք Պէյրութ, կարծէք կ’ըսէ. «Եկէ՛ք ինծի, ով հաւատացեալներ, որ շնորհեմ ձեզ իմ օրհնութիւնը»:

OLYMPUS DIGITAL CAMERA

1908-ին, Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Էլիաս Հուայէք Պատրիարքի երազը իրականացաւ. Լիբանանի Տիրամայր Աստուածածնի անունով սրբավայրի մը բացումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի ամենագեղեցիկ բլուրներէն մէկուն վրայ` որպէսզի գրկաբաց ընդունի երկրի բոլոր համայնքներն եւ կրօնքներու ներկայացուցիչները: Լեռը կը կոչուի Հարիսա, լերան գագաթին գտնուող գիւղին անունով։ Հետեւաբար, պատահական չէ որ Պէյրութէն 25 քլմ. հեռաւորութեան վրայ եւ Քեսըրուանի սրտին վրայ գտնուող այս սրբավայրը ընտրուած է Աստուածամօր արձանը տեղադրելու համար։ Ծովու մակերեսէն 650 մեթր բարձրութեան վրայ բազմած այս ուխտավայրը եզակի է, ոչ միայն անկէ բացուած գեղատեսիլ տեսարանին համար, որ ինքնին հմայիչ է, այլ նաեւ որովհետեւ ան թոյլ կու տայ ամբողջական պատկերացում կազմելու Լիբանանի համայնքային հարստութեան եւ մշակոյթին մասին։ Սրբավայրին գտնուած բլուրի փէշերուն կը գտնուի Մարոնիթներու Պքէրքէի նստավայրը, բլուրի գագաթին՝ Յոյն Մելքիթներու կաթողիկէ հայրերու միաբանութիւնը, անկէ քիչ անդին՝ Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակութեան ամառնային նստավայրը, որուն կից՝ Ֆրանչիսկեան հայրերու մենաստանը։ Աւելի հեռու տեղակայուած է Սիրիաք Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Շարֆէի վանքը, իսկ Զմմառի բլուրին վրայ Հայ Կաթողիկէ Զմմառու վանքը։

1904-ին, Էլիաս Հուայէք Պատրիարքը եւ Լիբանանի մէջ Առաքելական պատուիրակ Արքեպիսկոպոս Գարլոս Տիւվալ, 8 Դեկտեմբեր 1854-ին Պիոս Թ. Պապին կողմէ յայտարարուած Անարատ Յղութեան վարդապետութեան 50-ամեակի տօնակատարութեան ժամանակ այս յոբելեանը յատկանշական դարձուցին երբ յայտարարեցին Լիբանանի Տիրամօր նուիրուած այս հոյակերտ սրբավայրի կառոյցի հիմնադրման մասին, մարմնաւորելով լիբանանցիներուն տածած խոր սէրն ու հաւատքը Աստուածամօր։ Յովհաննէս Պողօս Բ. Պապը Հարիսայի սրբավայր այցելած էր 1997-ի Մայիս 10-ին՝ Արեւելքի կաթողիկէ հաւատացեալներուն զօրակցելու եւ երիտասարդութիւնը հաւատքին աւելի մերձեցնելու իր ջանքերու ծիրէն ներս:
Եուսէֆ Խազէնի նուիրաբերած հողատարածքին վրայ կառուցուած սրբավայրէն երկինք խոյացող արձանը կառուցած է Սլէյման Եաղուպ Հոքայիմը՝ Պաթրունէն։ 15 թոն կշռող արձանը պատրաստուած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ. շինուած է պրոնզէ եւ ծածկուած է սպիտակ ներկով։ Ունի 8,5 մեթր բարձրութիւն եւ 5 մեթր շրջագիծ: Արձանը հասած է Պէյրութ 1906 թուականին՝ մեծ նաւու մը վրայ: Արձանի ներքեւի մասը՝ պատուանդանին տակ կայ մոմավառութեան համար նախատեսուած մատուռ։ Անմիջապէս կողքին հետագային կառուցուած է մեծադիր եկեղեցի մը, որ նոյնպէս ուխտատեղի է եւ վերէն դիտուած կը ներկայացնէ մայրիի ծառը։


Արձանի 20 մեթր բարձրութեամբ աշտարակ-պատուանդանը բնական քարով կառուցած է Իպրահիմ Մախլուֆ՝ Այն-Էլ-Ռիհանիէն: Մինչեւ պատուանդանի գագաթը եւ Աստուածամօր արձանի ոտքերուն մօտ հասնելու համար հարկաւոր է բարձրանալ 104 աստիճան պարուրաձեւ սանդուղքով: Անոր ցած մասի շրջագիծը կը հասնի 64 մեթրի, իսկ ամենաբարձր ծայրամասը՝ 12 մեթրի:
Սրբավայրի շինարարութիւնը աւարտած է 1908-ի Մայիսի 3-ին: Այդ օրը Պատրիարք Հուայէք Կոյսը հռչակեց լեռներու և ծովերու գերիշխանուհի, եւ Լիբանանի թագուհի: Պատրիարք Հուայէք Մայիսի առաջին Կիրակին նշանակեց Լիբանանի Տիրամօր նուիրուած օր։ Այդ օրը Պատրիարքը եւ Լիբանանի բոլոր եպիսկոպոսները Սուրբ Պատարագ կը մատուցեն բաց երկնքի տակ, Լիբանանի Տիրամօր սրբատեղիին մէջ։ Այս տօնակատարութիւններու ընթացքին Պիոս ԺԲ. պապը Լիբանան ուղարկած էր իր ներկայացուցիչը՝ քարտինալ Անճելօ Ռոնքալլին, որ յետագային դարձաւ Յովհաննէս ԻԳ. Պապ:
Այն Լիբանանի մէջ ամենաշատ այցելուող սրբավայրն է, եւ յատկանշական է որ սրբավայր կու գան եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը հայցեն ոչ միայն քրիստոնեաները այլեւ իսլամներն ու տիւրզիները, որոնք ջերմեռանդութեամբ կը հաւատան Աստուածամօր սրբութեան։ Շատերը կու գան հեռուներէն քալելով: Երթերը դէպի Հարիսա կ’աճին յատկապէս Մայիս ամսուան ընթացքին: Հարիսա լեռ կարելի է բարձրանալ ճոպանուղիի օգնութեամբ։

Ն.Է.Ն.