ՄՇՈՅ ՃԱՌԸՆՏԻՐԸ՝ ՁԵՌԱԳԻՐԻ ՄԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ ԳԱՂԹԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

ՄՇՈՅ ՃԱՌԸՆՏԻՐԸ՝ ՁԵՌԱԳԻՐԻ ՄԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ ԳԱՂԹԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ


Գեղարքունիք, Մաքենիս, Վարդենիս… Հայաստան աշխարհը պատկերող փոքր խճանկար, որ կ’առաջնորդէ անվրէպ դէպի վանական համալիրը Մաքենեաց վանքին։
Վանական ու հոգեւոր կեանքի իսկական մենաստան ու միաժամանակ կրթութեան դպրոց, մեծ էր հռչակը այս համալիրին, որու համբաւը կ’անդրանցնի ութերորդ դարաշրջանը։

Մաքենեաց վանք

Յովհաննէս Դրասխանակերտցի Կաթողիկոսին (897-931) վկայութեամբ, հոն կը դասաւանդուէր աստուածաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, երաժշտութիւն եւ սաղմոսերգութիւն (Յ. Դրասխանակերտցի, Հայոց Պատմութիւն, թրգմ. Գէորգ Թոսունեան, 1996, էջ 112-113)։ Իսկ այլ պատմագիր մը, պիտի յանդգնի նոյնիսկ գրել, թէ Մաքենեաց վանքը «Ժամանակին Հայաստանեայցն էր պարծանք» ( Մովսէս Կաղանկատուացի, Պատմութիւն Աղուանից աշխարհի, էջ 314)։
Մաքենեաց համալիրին հոգեմտաւոր վերելքն ու վարկը կապուած է Սողոմոն անուն վարդապետի մը անձին, որ երկար տարիներ եղած է վանահայրը Մաքենեաց մենաստանին. «Եղել է իր ժամանակի ամէնէն իմաստուն ու զարգացած հայրերից մէկը», ինչպէս կը հաւաստեն Հայաստանի մէջ պատրաստուած ու նկարահանուած, 2009-ին, «Մոռացուած վանքի շունչը» ժապաւէնին հեղինակները։
Ի զուր չէր, ուրեմն, որ ժամանակակիցները զինք կ’անուանէին «Զհռչակելի այրն Սողոմոն» եւ կամ՝ «Հարանց հայր» (Հայրերու Հայր), ինչպէս կը յիշատակէ Ստեփանոս Օրպելեան(1250-1305) իր պատմութեան գիրքին մէջ։
Այս վանքին մէջ է, որ Սողոմոն Մաքենացի վանահօր նախաձեռնութեամբ, ծնունդ կ’առնէ հայ հին գրականութեան առաջին Ճառընտիրը, կոչուած նաեւ Տօնական. «Դա քրիստոնէական տօների, վարքերի, վկայութիւնների, ճառերի ամբողջական ժողովածու է, որ ճառերի պարունակութեան հետեւանքով կոչւում է նաեւ Ճառընտիր», կ’ընդգծէ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի գիտաշխատող Արփենիկ Ղազարոսեան (Մոռացուած վանքի շունչը)։
Մաքենեաց վանքի բեղուն անցեալը անշուշտ չէ վրիպած Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի ուշադրութենէն, որու մասին երկարօրէն կ’անդրադառնայ իր «Սիսական» երկին 65-70-րդ էջերուն մէջ, զայն կոչելով «Գեղարգունեաց հանրահռչակ Մաքենիսի վանք»։

Լուսանկարին մէջ՝
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկի աշխատակից Շ. Սմբատեան կը թերթէ «Մշոյ Ճառընտիրը»`
հայերէն ամենամեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը (1976)։

Ժամանակակից հայրենի բանասէր Նորայր Պօղոսեան, 2012-ին, ծայր աստիճան լուրջ ուսումնասիրութիւն մը հեղինակած է սոյն ուշագրաւ խորագիրով. «Մաքենեաց վանքը ըստ Ղեւոնդ Ալիշանի» (Էջմիածին, Պաշտօնական Ամսագիր, 2012, ԿԸ (Գ), էջ 102-110)։
Ն. Պօղոսեանի երկասիրութիւնը յենակէտ մըն է հետեւելու Ալիշանի նշումներուն եւ քաղելու հետաքրքրական տեղեկութիւններ…, թէ Սողոմոն Մաքենացի վանահօր ձեռնարկած առաջին Ճառընտիրը ստեղծուած է 747 թուականին եւ ոչ թէ 701-711 տարիներուն, ինչպէս աւանդած է Մխիթար Այրիվանեցի ժամանակագիրը (1210-1290)։
Սոյն թուականը կը հաւաստէ նաեւ Արփենիկ Ղազարոսեան. «Ճառընտիրը ստեղծուել է Մաքենիսում 747 թուականին։ Այս մասին տեղեկութիւն պահպանուել է հայոց ամենամեծ ձեռագրում՝ Մշոյ Ճառընտիրում։ Դրա էջերում պահպանուել է այդ ձեռագրի Յիշատակարանը, որտեղից մենք իմանում ենք, որ Մաքենիսում 747 թուականին Սողոմոն Մաքենացին ստեղծում է Տօնական ժողովածուն» (Մոռացուած վանքի շունչը)։
Արփենիկ Ղազարոսեանի ակնարկած ճիշտ այս «Մշոյ Ճառընտիր»-ը մեր ներկայ գրութեան ողնասիւնը պիտի կազմէ։
Ան, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ պահպանուած թիւ 7729 մատեանն է. հայերէն ամենամեծ ձեռագիրը, ծանօթ՝ «Մշոյ Ճառընտիր» անունով։
Ներկայ աշխատասիրութեան մէջ պիտի փորձենք վերականգնել անոր պատմութիւնը, հիմնուելով ձեռագրագէտներու, պատմաբաններու հետազօտութիւններուն վրայ, որոնք իրենց կարգին շատ մը ծանօթագրութիւններ ու տեղեկութիւններ քաղած են այլազան ձեռագիրներու Յիշատակարաններէ եւ այլ հաւաստի աղբիւրներէ, առանց անտեսելու Մաշտոցեան Մատենադարանի գիտաշխատողներն ու անոնց լուսաբանութիւնները։
Պատմութիւնը մեզ կը տանի դէպի ԺԲ. դարու վերջերը, դէպի Բաբերդ կամ Բայտբերդ։
Ան, մաս կը կազմէր Բարձր Հայքի Սպեր գաւառին ու նկատուած՝ իբրեւ նշանաւոր բերդաքաղաք։
Կը գտնուի Էրզրումի հիւսիս – արեւմտեան կողմը, Ճորոխ գետի ձախ ափերուն, երկու լեռներու միջեւ տարածուած բացաստանի մը վրայ։ Արաբները զայն կը կոչեն «Պայպուրթ» (Հ. Սուքիաս Էփրիկեան, Բնաշխարհիկ բառարան, տպ. Վենետիկ, 1903, էջ 335-336)։
Քրիստոսէ ետք առաջին դարուն, արդէն, կը յիշատակուին պատմական իրադարձութիւններ նկատմամբ այս բերդին, որ մեր Պատմահայրը կ’անուանէ նաեւ Սմբատաւան, եւ «Ի շէնն Սմբատաւանոյ» (Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Վենետիկ, 1955, էջ 264) բացատրութիւնը կը կիրառէ, «Բիւրատ Բագրատունիի որդի Սմբատ իշխանին անունով, որ զայն ստացած է իբր ժառանգութիւն եւ հոն բնակած իր ընտանիքով» (Հայաստանի Բերդերը, Հ. Միքայէլ Վ. Յովհաննէսեան, էջ 21 եւ 23, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1970)։
ԺԱ. դարու կէսին, Տուղրիլ պէկի զօրքերը կը փորձեն «այցելել» Բաբերդ. «Եկեալ մինչեւ ի բերդաքաղաքն որ կոչի Բաբերդ, հանդիպի եւ անդ գունդ մի ի զօրացն Հոռոմաց… որք ի դիմի հարեալք ճակատեցան. եւ յաղթեալ թշնամեացն՝ զգլուխ զօրուն սպանին եւ զբազումս ընդ նմա, եւ զայլսն ի փախուստ դարձուցեալ, զառ եւ զգերի զամենայն թափեցին…» (Արիստակէս Լաստիվերցի, Պատմութիւն, Վենետիկ,, 1901, էջ 78)։
Պատմական այս յաւելումները կատարեցինք մատնանշելու համար Բաբերդի ունեցած կարեւոր տեղը մեր պատմութեան մէջ։
Ու դեռ աւելին…
Հայրենի պատմագէտ Գեղամ Բադալեան կը մատնանշէ. «Քաղաքի հայ բնակչութիւնը, որի թիւը հասնում էր 4000-ի (500 տուն), գերազանցապէս կենտրոնացած էր գետի ձախափնեայ հինգ թաղերում՝ Շինգեախ, Ջիգրաշէն, Կալեր, Թաշթաղ եւ Նորաշէն» (Գեղամ Բադալեան, Արեւմտեան Հայաստանի Ժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին, Վէմ համահայկական հանդէս, Է (ԺԳ) տարի, թիւ 4 (52), Հոկտեմբեր – Դեկտեմբեր, 2015, էջ17)։
Ծաւալուն աշխատասիրութիւն մը (43 էջ), ուր հեղինակը կը յիշատակէ, նաեւ, իւրաքանչիւր թաղի հայկական եկեղեցիներուն անունները. «Սբ. Յովհաննէս, Չարխափան Սբ. Աստուածածին, Սբ. Նշան, Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ Սբ. Աստուածամայր կամ՝ Մայր Եկեղեցի, եւ Սբ. Աստուածածին»։
«Բայբուրթը (Բաբերդ) թեմական առաջնորդանիստ էր։ Գործում էր երեք հայկական դպրոց՝ Արամեան ( երկսեռ ), Սուրբ Մեսրովբեան (տղաների) եւ Վարդուհեան (աղջիկների)», (Անդ, էջ 17)։
Ա՛յս էր Բաբերդը, որու հոգեւոր Առաջնորդը՝ Սահակ եպիսկոպոս մասնակցած է Սիսի Ե. ժողովին։
Սոյն ժողովը, որ տեւած է մէկ օր միայն, տեղի ունեցած է «1307 թուականի Մարտի 19-ին, Անաւարզեցի կաթողիկոսին մահէն ետք» (Մ. Օրմանեան, Ազգապատում Բ. մասն Ա. թիւ 1229), եւ այս նիստին մասնակցող եպիսկոպոսներու ցանկին մէջ կը գտնենք անունը Բաբերդի Սահակ եպիսկոպոսին (Անդ, թիւ 1231)։
Ոչ միայն…
Բաբերդը ունեցած է իր նահատակ Առաջնորդը, որու մասին կ’իմանանք Դոկտ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեանի յօդուածէն՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան հայ նահատակ եկեղեցականներուն։
Յօդուածագիրը կ’ակնարկէ Կ. Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիայեանի (1913) վկայութիւններուն, տեղեկութիւններ քաղելով անոր թղթակցութիւններէն, որ գրառած է իր պաշտօնի սակաւատեւ շրջանին, ընդամէնը բուռ մը տարիներ՝ դէպի Մոսուլ (Իրաք) աքսորուելէ առաջ։
Եւ այսպէս, վերահասու կ’ըլլանք «Զաւէն Պատրիարքի Օգոստոս 15 թուակիր (1915) նամակէն, թէ Բաբերդի Առաջնորդ Անանիա Ծ. Վարդապետ Հազարապետեան կախաղան հանուած է» (Դոկտ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան, Հայ Եկեղեցականներ նահատակ Ցեղասպանութեան, «Ապագայ» թերթ, 25 Սեպտեմբեր 2015)։
Խորացնելով մեր որոնումները կ’անդրադառնանք, թէ Վենետկեցի երեք ճանապարհորդներ այցելած են Բաբերդ։
Նախ, ԺԴ դարուն, Մարքօ Փօլօ (1254-1324), որ իր ուղեգրութիւններուն մէջ կը յիշատակէ Կիւմիւշխանէի ճամբուն վրայ՝ Բաբերդի հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող արծաթի հանքերը։
Հուսկ, 1474-ին, այլ վենետկեցի մը, ազնուական ընտանիքէ, Պարպարօ Ճիոզաֆաթ (1413-1494), եւ աւելի ուշ՝ Ճեմելլի Քարերի (1651-1725), ԺԷ դարու վերջերը (Հ. Ս. Էփրիկեան, Բնաշխարհիկ բառարան, Վենետիկ, 1903, էջ 336)։
Վերոյիշեալ երեք ճանապարհորդներէն առաջ, Բաբերդ այցելած է նաեւ Եաքուդ Իպն Ապտալլահ Ալ-Ռումի Ալ Համաուի սուրիացի արաբ աշխարհագրագէտը (1179-1229), ծանօթ՝ Եաքուդ Ալ-Ռումի յորջորջումով։
Պատմութիւնը բազմաթիւ տիտղոսներ շռայլած է այս գիտնականին. աշխարհագրագէտ, իմաստուն մարդ, խորահմուտ համայնագէտ…։
Միջնադարեան բերդաքաղաքի մասին Եաքուդ Ալ–Ռումիի հաղորդած վկայութիւնները իսկական գանձարան մը կը ներկայացնեն։ Ան, Բաբերդը կոչած է «Մեծ, նշանաւոր ու գեղեցիկ քաղաք… Էրզրումի նահանգին մէջ՝ Հայաստանի հողին վրայ» (Թադեւոս Յակոբեան, Պատմական Հայաստանի քաղաքները, էջ 80-83, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1987)։
Աշխարհագրական քարտէսներու վրայ նկարուած աննշան կէտ մը կը թուի Բաբերդ. բայց, որքա՜ն հրապուրիչ է եղած անոր դարակերտ պատմութիւնը։
Մենք, լոկ համառօտ ակնարկ մը տուինք, պատմելէ առաջ ձեռագիրի մը խորհուրդը համակ, առնչուած՝ Աստուածատուր իշխանի անունին, որ հայ Ռէիսն էր, այսինքն՝ կառավարիչը Բաբերդի։
Բարեպաշտ անձ, հայ իշխանը կը փափաքի Սողոմոն Մաքենացիի նախաձեռնած ճառընտիրի ընդօրինակութիւնը ունենալ։
Հասնելու համար իր նպատակին, հետամուտ կ’ըլլայ ու կը փնտռէ մտացի ու ճարտար գրիչ մը. «Եւ ապա խնդիր արարեալ յոգնիմաստ գրչի եւ գտեալ քահանայ մի ի գաւառէն Կարնայ, յորուս Վարդան կոչեցեալ, հմուտ եւ վարժ ամենայն արհեստի գրչութեան եւ նա յանձին կալեալ եւ աւգնականութեամբն Աստուծոյ սկիզբն արարեալ զկնի երից ամաց եհաս յաւարտ բանիս» (Մատենադարան, ձեռագիր թիւ 7729, էջ 602ա, 602բ։ Հմմտ. Յիշատակարանք. Ա, էջ 712)։

Էրզրումի նահանգ, Երզնկա գաւառ. Աւագ վանքը Սեպուհ լերան վրայ

Ուրեմն, Վարդան Կարնեցի, սկսելով 1200-ին, երեք տարուան մէջ կ’աւարտէ ձեռագիրը, այսինքն՝ 1202 թուականին, Դարանաղեաց գաւառի Սեպուհ լերան Աւագ մենաստանին մէջ։
Ձեռագիրը ծաղկելու համար Վարդան Կարնեցի ունեցած է իբրեւ օգնական «Զշնորհազարդեալ քահանայն Ստեփաննոս» (Յիշատակարանք, Ա, էջ 646), որ Աւագ վանքի միաբան մըն էր։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէ, նաեւ, պատուիրատու Աստուածատուրին եղբայրը՝ Աւետիս քահանան, նոյն մենաստանէն, որ այդ դարուն մեծ համբաւ կը վայելէր, որովհետեւ հոն հաւաքուած էին գրչութեան արուեստի հմուտ վարդապետներ ու մատենագիրներ։
Այդ ժամանակ, Սեբաստիայի Ռուքն Էդ Դին սուլթանը (1196-1204), մեծ բանակով կը յարձակի Կարինի վրայ. «…Ժողով արարեալ անհուն բազմութեամբ… փքացեալ, լեռնացեալ եհաս՝ ի Թէոդուպաւղիս, եւ անդի կամեցեալ անցանել յաշխարհն Հայոց եւ Վրաց» (Մատենադարան, ձեռ. թիւ 7729, էջ 602ա, 602բ)։
Բայց այս ճանապարհին վրայ, իր զօրքը պարտութիւն կը կրէ Զաքարիա Ապասալարի ուժերուն կողմէ. մանրամասնութիւն, որ կը կարդանք Ստեփանոս եպիսկոպոսի ժամանակագրութեան մէջ . «Ի սոյն ամի (ՌԾԱ-1202) Ռաքնատտին սուլտանն էառ զԿարնոյ քաղաք եւ կոտորեցաւ ի Զաքարիայէն» (Մանր Ժամանակագրութիւններ, ԺԳ-ԺԸ դ.դ., Կազմաւորում՝ Վազգէն Յակոբեան, հտ. Ա. էջ 37, Երեւան, 1951)։


Դժբախտաբար, վերոյիշեալ հակամարտութիւններուն հետեւանքով, Աստուածատուր զոհ կ’երթայ Բաբերդի Ալատտին ամիրայի սադրանքներուն. կը կալանաւորուի անիրաւ կերպով, «Եւ ի ձեռն այնմ գազանի Աստուածատուրն այն ընկալաւ զվախճան» (Յիշատակարանք. Ա, էջ 712), այսինքն՝ կը կնքէ իր մահկանացուն։
Ալատտին կը բռնագրաւէ հայ Ռէիսին բոլոր սեփականութիւններն ու կալուածները. կը մնայ միայն ձեռագիրը. «Եւ ոչ մնաց եւ ոչ մի ինչ, բայց այս գիրքս» (Մատենադարան, ձեռ. թիւ 7729, էջ 602բ)։
Եւ ահա՛, կը յայտնուի «Բաբերդի դատաւոր բոծորը, որ նշանակում է տաճիկ» (Արտաշէս Մաթեւոսեան, Բանբեր Մատենադարանի թիւ 9, Երեւան, 1969, էջ 145), որ ստեղծուած ծանր կացութենէն օգտուելով՝ իր կարգին՝ կը յափշտակէ հայերէն ձեռագիրը, «Պատճառաբանելով, թէ Աստուածատուր իրեն պարտք է» (Արփինէ Սիմոնեան, Մատենադարանի գիտաշխատող, Փրկուած Ձեռագրերը, Առաջին Ալիք)։
Եւ «Չու արարեալ դատաւորն եկն բնակեցաւ ի հռչակաւոր քաղաքն Խլաթ եւ Բ ամ կայր ի պահեստի» (Մատենադարան, ձեռագիր 7729, էջ 602 բ)։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ «Բոծոր» դատաւորը երկու տարի կը թաքցնէ ձեռագիրը, սպասելով՝ որ մէկը զայն պահանջէ։
Սակայն, Ալատտինի բրտութիւններէն ու վայրագ վերաբերումներէն ծանր վնասներ կրած Աստուածատուրի ընտանիքը, չունէր այլեւս կարողութիւնը այդ մատեանը ձեռք բերելու։
Կար նաեւ վերահաս սովը, որ կը սպառնար ամէնուրեք։ Եւ այս սովի մասին տեղեկութիւնները կը գտնուին Բաբերդի մերձակայքը ընդօրինակուած ձեռագիրի մը մէջ (Յիշատակարանք. Ա, էջ 1031)։
Երկու տարի թաքցնելէ ետք, ուրեմն, «Բոծոր» դատաւորը կ’որոշէ յափշտակած մատեանը վաճառքի դնել, «Հասկանալով, թէ ձեռագիրը մեծ գանձ է ներկայացնում հայ ժողովրդի համար» (Արփինէ Սիմոնեան)։
Արտաշէս Մաթեւոսեանի համաձայն «Բոծոր» բառը յատուկ անուն չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, այլ՝ համարժէք է տաճիկ բառին, որուն կը հանդիպինք 1347 թուականի ձեռագիրի մը Յիշատակարանին մէջ… «Յազգէն Բոծորայ» յորջորջումով (Մատենադարան, ձեռ. թիւ 3797, էջ 713բ)։
Խլաթի մերձակայ Դերջան գիւղէն Ստեփաննոս շինականը, ինչպէս նաեւ՝ Վարդապետ ու Յովհաննէս անուն երկու քահանայ եղբայրներ, որ ժամանակ մը միաբանած էին Մշոյ Առաքելոց ուխտին, ընդհուպ վաճառքի բօթը վանք կը հասցնեն։
Նոյնհետայն, Եսայի եպիսկոպոս վանահայրը եւ չորս քահանաներ Խլաթ կը փութան. բայց «Ոչ կարաց հասանել ի փափագ բաղձանացն… զի ժամանակն ձմեռնային էր եւ աւդն դառնաշունչ» (Մատենադարան, ձեռ. թիւ 7729, էջ 602բ եւ 603ա)։
Այսուհանդերձ, եպիսկոպոսը կը յաջողի յարատեւ հետապնդումներէ ետք, «Բոծոր» դատաւորին պահանջած սկզբնական հինգ հազար գումարը՝ չորս հազարի համաձայնիլ, յաջորդ տարի վերադառնալու վճռակամութեամբ։
Եւ այսպէս, ամբողջ տարի մը, եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ, Մուշի եւ անոր շրջակայքի բնակիչներուն նուիրատուութիւններով՝ կարելի կ’ըլլայ մէկտեղել այդ գումարը ու վաճառքէն փրկել Աստուածատուրի պատուիրած Ճառընտիրը։
Այս ձեռագիրի Յիշատակարանին մէջ հետագային պիտի գրուին բոլոր նուիրատուներուն անունները։ Հետաքրքրական է նկատել, թէ անոնք եղած են «Ամենահասարակ մարդիկ՝ գիւղացիներ, արհեստաւորներ. այսինքն՝ մի հսկայական ժողովուրդ մասնակցել է այդ հանգանակութեանը, եւ հաւաքելով այդ գումարը կարողացել են փրկագնել այդ ձեռագիրը» (Կարէն Մաթեւոսեան, Մատենադարանի արուեստի պատմութեան եւ գրչութեան բաժնի վարիչ, Փրկուած Ձեռագրերը, Առաջին Ալիք)։

(Վերջը՝ յաջորդ թիւով)