ՉՄՍԽԵՆՔ ԵՒ ՉԱՊԱԿԱՆԵՆՔ ՋՈՒՐԸ ՈՐ «ՄԵՐ ԱՄԷՆԷՆ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

ՉՄՍԽԵՆՔ ԵՒ ՉԱՊԱԿԱՆԵՆՔ ՋՈՒՐԸ ՈՐ «ՄԵՐ ԱՄԷՆԷՆ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

«Ջուրը մեր ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնն է` «երկնագոյն ոսկին», որուն աւելի քան 2 միլիառ մարդ հասանելիութիւն չունի:
Ջրային հարստութիւններու համաշխարհային օրուան (22 Մարտ) առիթով իր հրապարակած 200 էջնոց տարեկան զեկուցումին մէջ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը՝ Օտրէ Ազույէ կը յայտարարէ որ «Ջուրը մեր ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնն է` «երկնագոյն ոսկին», որուն աւելի քան 2 միլիառ մարդ հասանելիութիւն չունի: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է գոյատեւման համար, այլ նաեւ առողջապահական, ընկերային եւ մշակութային դեր կը խաղայ մարդկային հասարակութիւններուն մէջ»։
Զեկուցումին մէջ անկախ գիտնականները կը պնդեն որ «2030 թուականին աշխարհը պիտի բախի ջուրի 40 առ հարիւրի համաշխարհային բացի հետ», եւ կացութիւնը պիտի խորանայ այլ համաշխարհային խնդիրներու, ներառեալ համաճարակի հետեւանքներու պատճառով: Զեկուցումի հեղինակները կ’ընդգծեն, որ ներկայիս առողջապահական ճգնաժամի լոյսին տակ մարմնի մաքրութեան պահանջներու բաւարարման համար երկրի բնակիչները ջուրով ապահովելու խնդիրը դարձած է առաւել քան արդիական:
Զեկուցումի հեղինակները կ’ընդգծեն, որ ներկայիս առողջապահական ճգնաժամի լոյսին տակ մարմնի մաքրութեան պահանջներու բաւարարման համար երկրի բնակիչները ջուրով ապահովելու խնդիրը դարձած է առաւել քան արդիական:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անունով FAO-ի եւ UNESCO-ի տնօրէններուն ուղղուած նամակի մը մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին իր կարգին կոչ կ’ընէ « արագ շարժելու եւ սրբագրելու մեր կենսակերպը՝ ջուրը չմսխելու եւ զայն չապականելու համար եւ որպէսզի այս կերպով կարենանք զայն բաժնել անոնց հետ որոնք անոր կարիքը ունին»։ Կարդինալ Փարոլին կը հրաւիրէ «բոլոր մարդիկը աշխատելու վերջ դնելու համար ծովերու եւ գետերու, ընդերկրեալ հոսանքներու եւ աղբիւրներու ապականումին կրթական աշխատանքով մը որ կը ծառայէ փոխելու մեր կենսակերպը՝ փնտռելու բարիքը, ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը ուրշ մարդոց հետ ի խնդիր հասարակաց բարիքին»։
«Շտապենք ուրեմն ջուր տալու ծարաւին: Ուղղելու մեր կենսակերպը ՝ չվատնելու եւ չապականելու համար ջուրը: Դառնանք այդ բարութեան գլխաւոր հերոսները, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզիացին մղեց ջուրը նկարագրելու որպէս «քոյր», որ «շատ խոնարհ, թանկ և մաքուր» է» կը գրէ Վատիկանի Պետքարտուղարը։