320 Ամեակ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ՝ ՈՏՔԻ՛

320 Ամեակ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ՝ ՈՏՔԻ՛

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ


1970-ական տարիներուն, Հայաստանի Պետական Համալսարան։
Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ամառնային դասընթացքի առաջին դասախօսութիւնը սկսելէ առաջ, դասախօսը ակնարկը ուղղելով դասարանին մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան երիտասարդ մէկ վարդապետին, կը հրաւիրէ ներկաները նախքան դասախօսութիւնը յոտնկայս ողջունել մէկ ներկայացուցիչը այն Միաբանութեան, «որուն համեստութիւնն է որ իր մէկ անդամը ուղարկած է հոս, որովհետեւ մենք անոր՝ իր Միաբանութենէն աւելի սորվեցնելիք բան չունինք» կ’ըսէ ան։ Վկայութիւնը կատարողն էր բանաստեղծ, բանասէր, գրող, հրապարակագիր, թատերագիր եւ կրթական մշակ Մանուէլ Ադամեանը։

Ս. Ղազար Մ. Մ. Մայրավանքի ձեռագրատունը

Կէս դար առաջ, Մխիթարեան Միաբանութեան այսօր արդէն 320 տարիներու անչափելի վաստակը յոտնկայս ողջունելու Հայաստանի Պետական Համալսարանի դասախօսին աշակերտութեան ուղղած հրաւէրը պիտի նկատենք ուղղուած համա՛յն Հայութեան, որ կոչուած է ինչպէս անցեալին, նաե՛ւ այսօր եւ ընդմի՛շտ, յոտնկայս ողջունելու Մխիթարեան Միաբանութեան ամէն ներկայացուցիչ, խոնարհելու յիշատակին առջեւ Սեբաստիոյ հայկական ոստանին մէջ 1676-ին աշխարհ եկած Մանուկին, որ կոչուեցաւ ՄԽԻԹԱՐ եւ որուն կամքին ու տեսլականին «Եղիցի» ըսաւ Աստուած Տիրամօր բերնով՝ երկնագեղ Սեւանի ափին։ ԵՂԻՑԻ՛ Միաբանութիւն մը ստեղծելու Մեծ Սեբաստացիի տեսլականին։ ԵՂԻՑԻ՛, Տիրոջ տնօրինութեամբ ու կամքով դառնալու հայ ժողովուրդին նո՛ր ՄԵՍՐՈՊԸ, անոր պատմական հորիզոնը լուսաւորող ջահը՝ որ ոչ միայն պիտի մնար անմար, այլ տարիներու թաւալումին հետ պիտի ուռճանար, եւ այսպէս, երեք դար ամբողջ անոր բոցերը խաւարէն լոյս աշխարհ պիտի բերէին Հայ մտքի ստեղծագործութիւններ եւ այն բոլոր, եւ առաջին հերթին գրական արժէքները, որոնք երաշխիք են Ազգի գոյութեան, գոյատեւումին ու յաւերժութեան։
Ժողովո՛ւրդ, ոտքի՛, ի տես Հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս մշակոյթի վերածնունդին հիմը դնող Մխիթարի եւ անոր հոգեզաւակներուն՝ որոնք շարունակողը եւ ամբողջացնողը եղան անոր հիմնադրած սրբազան գործին։ Դարձան հնադարեան հայ մշակոյթի ու դպրութեան ջահակիր առաքեալները։ Առաքեալներ, որոնք Հայ Ազգին պարգեւեցին երկրորդ Ոսկեդար մը տարածուած աւելի քան 300 տարիներու վրայ։ Ստեղծեցին տարածութեամբ փոքր, բայց հոգեմտաւոր բովանդակութեամբ մեծ Հայաստան մը, Եւրոպայի սրտին վրայ դարձան հոգեկան եւ մտաւոր փարոսը Հայ ժողովուրդին, անառիկ միջնաբերդը Հայկական մշակոյթին ու գրականութեան։
Հայ ժողովուրդ, ոտքի՛ մեծարելու համար այն առաքեալները, որոնք վերահաստատեցին հայ ժողովուրդին կապը իր անցեալին, իր պատմութեան ու մշակոյթին հետ, որոնք վերարծարծեցին հայուն ազգային ու կրօնական ապրումներուն բոցը։ Որոնք Հայաստանը տարին օտար ափերու վրայ կայք հաստատած անոր բեկորներուն, տարին իւրաքանչիւր հայկական գաղթավայր՝ երբ Հայը ի՛նք չէր կրնար ու չկրցաւ երթալ Հայաստան։ Անոնք եղան Մայր Հայաստանին մէկ շերտը։
Աստուածային ԵՂԻՑԻ-ն ստացած ըլլալով հանդերձ, Մխիթար գիտակցեցաւ այն իրողութեան, որ մարդ որքան ալ հանճարեղ ու անձնուրաց ըլլայ, անոր մէկ ու միակ կեանքը, անոր անհուն հոգեկան ու մարդկային շնորհները բաւարար չեն կրնար ըլլալ իրագործելու համար այն ինչ որ հարկաւոր է Ազգի վերականգնումին ու զարթնումին համար, լրումին հասցնելու համար այն ծառայութիւնը, զոր կրնայ նպատակադրած ըլլալ մատուցանել Աստուծոյ եւ Ազգին։ Ծառայութիւն, որոնց կենսագործումը կը կարօտի մտքի ու գրչի մարդոց բանակներու, եւ բանակ կազմեցին Մխիթարի յաջորդները։ Փոքրաթիւ բանակ, որուն իւրաքանչիւր անդամին մտային կարողութիւնն ու ֆիզիքական տոկունութիւնը աստուածային հրաշքով մը բազմապատկուեցան տասով, հարիւրով, հազարով երբեմն։
Հայու անընկճելի կամքի խորհրդանիշ դարձաւ Մխիթար, որովհետեւ կրցաւ իրագործել այն ինչ որ կամեցաւ, հակառակ հազարումէկ դժուարութիւններուն, ձախորդութիւններուն եւ մինչեւ իսկ հալածանքներուն ու մահուան սպառնալիքներուն։ Ան գիտցաւ ու կրցաւ իր այդ կամքին ուժով վարակել իր աշակերտները, որոնց հետ 1701-ի Սեպտեմբերի 8-ին հիմը դրաւ Մխիթարեան Միաբանութեան, որուն արմատները տարածուեցան մինչեւ Վիեննա։ Սակայն, ժամանակի պայմաններուն բերումով՝ աւելի քան 300 տարիներու ինքնամոռաց ծառայութիւնը Ազգին եւ ամենալայն առումով անոր մշակոյթին՝ սկսած ըլլալով իր քայքայիչ անդրադարձը զգացնել Միաբանութեան կեանքին վրայ, հաստատախարիսխ բունին շուրջ վերամիաւորուելու հրամայականութիւնը ինքզինք պարտադրեց։ Սակաւաթիւ միաբանները սկսած էին ուժասպառութեան նշաններ ցոյց տալ, այնպէս ինչպէս կ’ըլլայ իր կեանքը ամբողջութեամբ իր զաւակներուն նուիրած Մայրը, այնպէս ինչպէս եղաւ համայն Հայաստանին լոյս պարգեւած Սեւանը կապուտաչեայ։ Զաւակները պարտաւորուած են վերաշխուժացնելու իրենց Մայրը, բայց նաեւ ու մանաւանդ անոր բռնած սրբազան ջահը, ու նոր լիցք տալու համար անոր, որպէսզի շարունակէ լուսաւորել հայաշխարհը, այնպէս ինչպէս Արփան նոր լիցք բերաւ յաւերժական Սեւանին։
Արդարեւ, հերթը Հայ ազգին է նուազագոյնով հատուցանելու այն շատը որ իրեն տուին Մխիթարեան հայրերը, տուին ոչ որպէս պարտք, այլ ինքնաբուխ, առանց որեւէ ակնկալութեան։ Աստուածահաճոյ, եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն առաքելութեան կատարման պարգեւած հոգեկան բաւարարութիւնը եղաւ իրենց միակ վարձատրութիւնը։ Արդար է նուազագոյն հատուցման ակնկալութիւնը իբրեւ երախտագիտութիւն։ Այդ երախտագիտութիւնը արդարօրէն կ’ակնկալենք այսօր մանաւանդ Մայր Հայրենիքէն, Հայաստանէն ու անոր պետականութենէն, որովհետեւ ոեւէ մէկէն աւելի Հայաստան պէտք է երախտապարտ ըլլայ Մխիթարեան Միաբանութեան, որովհետեւ ան փոխարինեց Հայաստանը, երբ Հայրենիքը երազ էր միայն ու գաղափար արտերկրի Հայութեան համար, որովհետեւ Մխիթար եւ իր յաջորդները կատարեցին պետականավայել գործ՝ առանց որուն Սփիւռքը, Հայ Մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը կրնային դեռ եւս մնալ խաւարի մէջ։ Այդ հսկայածաւալ գործը ընդգրկեց այնքան այլազան հատուածները մարդկային եւ ընկերային կենցաղավարութեան․ լեզու, գրականութիւն, թարգմանութիւն, գիտութիւն, դաստիարակութիւն, պատմութիւն, արուեստ, թատրոն, երգ եւ երաժշտութիւն, ժողովրդային բարքեր եւ աւանդութիւններ, գործնական եւ առտնին գիտելիքներ առօրեայ կենցաղին համար։ Եւ դեռ, անգնահատելի ծառայութիւններ Հայ Մշակոյթին՝ լեզուաբանութեան, տեղագրութեան, ազգագրութեան, հրատարակչական, կրօնական եւ աշխարհիկ պատմութեան ու գրականութեան, եկեղեցական ու մարդկային գիտութիւններու եւ այլ բազմաթիւ մարզերու մէջ։

Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանը

Ոտքի՛ Հայ ժողովուրդ, ոտքի՛ Հայաստան, խոնարհելու համար վաստակին առջեւ անմահանուն Մխիթարին ու անոր յաջորդներուն, որոնք Հայոց պատմութեան, մշակոյթին ու գրականութեան արտորայքը պարարտացնող անխոնջ մշակները եղան։ Ոտքի՛, յարգելու համար յիշատակը այդ մշակներէն անոնց, որոնք չկան այսօր, բայց որոնք իրենց գործով կեանք պարգեւեցին մեզի, խաւարէն լոյս աշխարհ բերին մեզ։
Ոտքի՛ Հայ ժողովուրդ, վերարծարծելու համար Սուրբ Կանթեղը, զոր վառեց Տիրամայրը 300 տարիներ առաջ ձեռամբը Մխիթար Սեբաստացիին։
Ոտքի՛ Հայ ժողովուրդ։

9 / 02 / 2021