Խմբագրական. ԱՍՏՈՒԱԾ Ե՛Ւ ԱՐԴԱՐ է, Ե՛Ւ ՈՂՈՐՄԱԾ

Խմբագրական. ԱՍՏՈՒԱԾ Ե՛Ւ ԱՐԴԱՐ է, Ե՛Ւ ՈՂՈՐՄԱԾ

Արդար եւ ողորմած, երկու ածականներ որոնք շատ յաճախ մարդս շփոթի կը մատնեն, հարց տալով թէ արդեօք պէտք է միա՞յն արդար ըլլանք մեր որոշումներուն մէջ, թէ՞ նաեւ ողորմած։ Նոյնպէս ալ երբ Աստուծոյ մասին խօսինք, միեւնոյն հարցադրումով կը մօտենանք՝ արդեօք Աստուած արդա՞ր է թէ ողորմած։ Ոմանք զանոնք կը նկատեն հակասական բառեր, ուրիշներ՝ իրաւամբ կը խորհին թէ երկու ածականները կու գան իրար ամբողջացնելու։
Աստուած սէր է, եւ իր սուրբ կամքը կեդրոնացած է միաժամանակ իր սիրոյն, իմաստութեան, արդարութեան եւ ողորմածութեան վրայ։ Անոր փափաքն է որ իւրաքանչիւր մարդ, ազատագրուելէ ետք նիւթի եւ մարմնի կապանքներէն, մասնակից դառնայ աստուածային յաւիտենական կեանքին։
Ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ, Աստուած ինքզինք յայտնեց որպէս ողորմած, գթացող, համբերող եւ հաւատարիմ հայր։ Եւ երբ ժամանակներու լրումը հասաւ, ներշնչումի եւ յոյսի լրումը, ղրկեց իր Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի համայն մարդկութիւնը անոր շուրջ հաւաքուէր, հաւատար անոր, եւ զինք տեսնելով տեսնէր Հօր դէմքը՝ արդար եւ ողորմած դէմքը. «Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրն ալ տեսաւ» (Յովհաննէս 14,9)։ Աստուծոյ կամքը հիմնուած է արդարութեան եւ ողորմութեան վրայ միաժամանակ։

Աստուած արդար է…
Արդարութիւնը Աստուծոյ մակդիրներէն մէկն է, որ կը նշանակէ թէ անոր մէջ չկայ անիրաւութիւն։ Երբ խօսինք աստուածային արդարութեան մասին երեք սահմանումներ կրնանք վերագրել անոր։ Առաջին հերթին, աստուածային արդարութիւնը իւրաքանչիւր մարդ արարածին կ’ապահովէ իրաւունքը ապրելու ազատ եւ արժանապատուութեամբ։ Աստուած սկիզբէն մարդս ազատ ստեղծեց եւ անոր յանձնեց ամէն բան, ամբողջ ստեղծագործութիւնը, խնդրելով որ տէր դառնայ անոր եւ խնամէ զայն։ Երկրորդ սահմանում մը նաեւ որ կը բնորոշէ աստուածային արդարութիւնը այդ ալ հաւասարութիւնն է բոլորին միջեւ։ Դարձեալ առաջին վայրկեանէն երբ Աստուած մարդիկը ստեղծեց զանոնք իրարու հաւասար ստեղծեց։ Ամէն մարդ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, այսինքն Աստուծոյ զաւակն է, եւ իւրաքանչիւրին իրաւունքն է հաւասար վերաբերում վայելել։ Աստուծոյ արդարութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան վրայ համայն մարդկութեան միջեւ։ Երբ Յիսուս կը պատմէ մշակներու առակը, կը խօսի այն գործատէրին մասին որ բոլոր ժամերու աշխատաւորներուն հաւասար օրավարձ կը շնորհէ, հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք առտու կանուխէն սկսած էին գործի, իսկ ուրիշներ միայն մէկ ժամ աշխատած էին։ Եւ երբ ամբողջ օրը աշխատող մշակներրը կը գանգատին ըսելով թէ վերջինները ինչո՞ւ իրենց նման կը վարձատրուին, տէրը կը պատասխանէ ըսելով. «Ընկեր, ես քեզ չեմ զրկեր. մէկ դահեկանի սակարկութիւն չըրի՞ր ինծի հետ. առ քուկդ եւ գնա։ Եթէ ես կ’ուզեմ այս վերջինին քեզի հաւասար տալ, միթէ իշխանութիւն չունի՞մ ունեցածներս գործածելու ինչպէս որ կ’ուզեմ. եւ կամ քու աչքդ չար է՝ որովհետեւ ես բարի եմ» (Մատթէոս 20,13-15)։ Գալով երրորդ սահմանումին, աստուածային արդարութիւնը նաեւ կը կայանայ աստուածային դատաստանին մէջ, ուր Աստուած կը ներկայանայ որպէս դատաւոր, որուն նպատակը պատժել չէ, այլ՝ ապահովել յաւիտենականութիւնը իւրաքանչիւրին։ Նոյնիսկ որպէս դատաւոր, Աստուած կը գործէ մեկնելով իր սէրէն։
Աստուածային արդարութեան նպատակակէտը բարին եւ խաղաղութիւնն է։ Սուրբ Թովմաս Ագուինացին կ’ըսէ. «Արդարութիւնը Աստուծոյ լաւագոյն առաքինութիւններէն մէկն է, որ նպատակ ունի բարին եւ անարատութիւնը»։ Իսկ Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ. «Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը երկու անբաժան բարեկամներ են»։ Ուստի արդարութիւնը անպայման պէտք է ապահովէ մարդուն թէ՛ անձնական բարիքն ու խաղաղութիւնը, եւ թէ՛ հանրային բարիքն ու խաղաղութիւնը։ Երբ այս երկուքը չկան ուրեմն արդարութիւնը չկայ։ Ափսոս որ մարդկային ըմբռնումով արդարութիւնը պարզապէս քաղաքական ու կանոնական չափանիշ նկատուած է։ Յաճախակի ժողովներ, համագումարներ ու հանդիպումներ կը գումարուին, հազարաւոր գիրքեր կը տպուին, հազարաւոր գումարներ կը ծախսուին արդարութեան մասին խօսելու եւ գրելու համար, սակայն ոչ մէկ ձեւով զայն կ’իրագործեն գետնի վրայ։

…եւ ողորմած
Խօսելով ողորմածութեան մասին, Աստուած իր բնութեամբ չի կրնար եթէ ոչ ողորմած ըլլալ։ Սուրբ գիրքին մէջ կը տեսնենք անոր գթալիր պատկերը որ միշտ կը քալէ ժողովուրդին առջեւէն, կ’առաջնորդէ զայն, կը խնամէ ամէն տեսակի փորձանքէ, կ’ազատէ, կը կերակրէ, կը զգեստաւորէ։ Այնքան ողորմած է որ նոյնիսկ ինքզինքը տուաւ, զոհեց մարդուն համար։ Եւ որովհետեւ ինք ողորմած է, կ’ուզէ որ ամէն մարդ ըլլայ ողորմած իրեն նման. «Ողորմած եղէ՛ք, ինչպէս ձեր Հայրը ողորմած է» (Ղուկաս 6,36)։ Ողորմած ըլլամ նման երկնաւոր Հօրս կը նշանակէ ինքզինքս տամ, իմ կեանքս նուիրեմ ուրիշին համար։ Յիսուսի կարեւորագոյն հրաւէրն է ողորմած ըլլալը, որովհետեւ միայն ողորմած ըլլալով կրնանք սրբութեան հասնիլ։ Եկեղեցին յստակ կը սահմանէ 14 ողորմութեան գործեր, եւ զանոնք կը բաժնէ երկու խումբերու՝
մարմնային ողորմութեան գործերը՝ հիւանդին այցելել, անօթին կերակրել, ծարաւը յագեցնել, անտունիին բնակարան ապահովել, կարիքաւորը զգեստաւորել, բանտարկեալներուն այցելել եւ մեռելները թաղել,
եւ հոգեւոր ողորմութեան գործերը՝ անգէտը ուսուցանել, մեղաւորը քաջալերել, վնասողին ներել, սգաւորը մխիթարել, ուրիշին յանցանքներուն համբերել, ողջերուն եւ մեռեալներուն համար աղօթել։
Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս վարձատրութիւն կը խոստանայ բոլոր անոնց որոնք ողորմութիւն կը կատարեն ծածուկ. անոնք որոնք թմբկահարելով, կեղծաւորութեամբ եւ մարդոցմէ գովասանք ստանալու համար ողորմութիւն կը կատարեն, արդէն իսկ մարդոցմէ ստացած կ’ըլլան իրենց վարձատրութիւնը, սակայն բոլոր անոնք որոնք ծածուկ կը կատարեն՝ Աստուած պիտի վարձատրէ զիրենք յայտնապէս. «Իսկ դուն երբ ողորմութիւն ընես, թող ձախ ձեռքդ անգիտանայ ինչ որ կ’ընէ աջդ, որպէսզի ողորմութիւնդ ըլլայ գաղտնի, եւ Հայրդ որ կը տեսնէ գաղտնին, պիտի վարձատրէ քեզ յայտնապէս» (Մատթէոս 6,3-4)։ Խոստացուած վարձատրութիւնները կրնանք համառօտել երեք կէտերու մէջ։ Քրիստոս նախ կը խոստանայ մեզի տալ ամէն բան որուն կարիքն ունինք. «Տուէ՛ք, եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկաս 6,38)։ Երկրորդ՝ ողորմութեան գործերը կ’օգնեն մեզի որպէսզի ազատագրուինք խոստովանուած մեղքի կապանքներէն ու հետքերէն. «Այսուհետեւ ապաշխարութեան արժանի պտուղ տուէք» (Մատթէոս 3,8)։ Լերան քարոզին մէջ եւս, Յիսուս կ’անդրադառնայ այս վարձատրութեան մասին ըսելով. «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մատթէոս 5,7)։ Իսկ երրորդ վարձատրութունն է ժառանգել յաւիտենական կեանքը։ Ողորմութեամբ մենք կը նմանինք Յիսուսի, մեր կեանքի միակ տիպարին, որ մեզի սորվեցուց ինչպէս վերաբերիլ ուրիշներուն հանդէպ։ Այս կէտին կ’անդրադառնայ Յիսուս երբ կ’ըսէ. «Մի՛ դիզէք ձեզի գանձեր երկրի վրայ ուր ցեցն ու որդը կը կրծեն, ուր գողերը պատին մէջէն անցք կը բանան ու կը գողնան։ Դուք գանձեր հաւաքեցէք երկինքի մէջ, ուր չկայ ցեց ու որդ որ կրծեն, չկայ գող որ գողնայ։ Ուր գանձդ է, հոն է նաեւ սիրտդ» (Մատթէոս 6,19-21)։

Հետեւաբար…
Նոյնիսկ եթէ մարդուս համար դժուար է միանգամայն ըլլալ արդար եւ ողորմած, որովհետեւ յաճախ ան իր զգացումներուն վրայ միայն հիմնուելով, կը մոռնայ արդար ըլլալ, եւ կամ արդար ըլլալու համար կը կարծէ թէ պէտք չէ ողորմած ըլլալ եւ զգացական, սակայն Աստուծոյ համար անբաժանելի են արդարութիւնն ու ողորմութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ. «Թող ոչ ոք կարծէ թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը առանց պատիժի կը թողու յանցաւորը, որովհետեւ Աստուած արդար է»։ Յաճախ մարդիկ իրենց դատողութեան մէջ կը հիմնուին ողորմութեան վրայ, որով նախընտրելով ողորմութիւնը կը կորսնցնեն արդարութիւնը, եւ երբեմն ալ կը կորսնցնեն ողորմութիւնը, պահպանելու համար իրենց դատողութիւններուն խստութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոս դարձեալ կ’ըսէ. «Աստուած չի կորսնցներ իր դատողութեան խստութիւնը ողորմութեան բարութեան մէջ, եւ ոչ ալ ողորմութեան բարութիւնը դատողութեան խստութեան մէջ։ Աստուծոյ ողորմութեան մեծութիւնը այն է որ չի թողուր յանցաւորը առանց պատիժի. ան կը հարուածէ դաստիարակչական գաւազանով, որպէսզի վերջաւորութեան չի ստիպուի պատժել դժոխքին մէջ։ Որքան որ պէտք է վստահիս Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, նոյնքան պէտք է վախնաս անոր արդարութենէն։ Եւ երբ ողորմութիւն ընես, ողորմութեամբ պիտի դատուիս, եւ այս է արդարութիւնը։ Ողորմութիւնը Աստուծմէ չի յափշտակեր արդարութիւնը, եւ արդարութիւնը Անկէ չի յափշտակեր ողորմութիւնը»։ Ուստի արդարութիւնն ու ողորմութիւնը չեն հակասեր իրարու, սակայն անոնք երկու տուեալներն են, երկու տարբերակներն են միեւնոյն իրականութեան, որ է սէրը։ Իսկ լաւագոյն օրինակը այս իրականութեան Յիսուսի խաչելութիւնն է։ Ան արդար դատաւորն է բարձրացած խաչի գահին վրայ, երկու աւազակներու միջեւ, մէկը աջին եւ միւսը ձախին։ Եւ կարծէք թէ վերջին դատաստանի նախապատկերը կը յայտնուի մեր առջեւ, աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու պատկերը։ Աջ կողմի աւազակը կը ներկայացնէ ողորմութիւնը, իսկ ձախ կողմինը՝ արդարութիւնը։ Աջ կողմի աւազակը զղջաց եւ փրկուեցաւ, ժառանգեց արքայութիւնը, իսկ ձախ կողմինը չի զղջաց, այլ՝ կրեց իր գործերուն արժանի պատիժը, եւ այս է արդարութիւնը։ Մեկնելով այս պատկերէն, սուրբ Օգոստինոս ըսաւ. «Ողորմութիւնը կը գերազանցէ դատաստանը եւ կը նախընտրուի անոր վրայ»։
Այսօր ողորմութեան ժամանակն է, օգտուէ՛ որքան որ կրնաս այս երկար ժամանակէն։ Ապաշխարէ՛, մտածէ՛ մեղքերուդ վրայ, զղջա՛յ եւ վերադարձի՛ր Աստուծոյ։ Մի՛ ձգեր որ այս ժամանակը անցնի անօգուտ։
Աստուծոյ արդարութիւնը ողորմութիւնն է։ Ինչպէս ինք կը գթայ ուրիշին վրայ, կը ներէ անոր, մարդս ալ կանչուած է ողորմելու ուրիշին վրայ։ Ինչպէս Յիսուս մեղաւորներուն հետ սեղան նստաւ, մենք ալ կանչուած ենք մեղաւորը ընդունելու մեր կեանքին մէջ։ Եղի՛ր արդար, եղի՛ր ողորմած նման երկնաւոր Հօրդ, որ արդար է եւ ողորմած։
Հայր ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ