ՅԱԿՈԲ ԲԱՄՊԱԿԵԱՆ
Քու մայրական անհուն սիրոյ կրակէն
Հոգիին մէջ նոր արշալոյս թող ծագի,
Խաղաղութեան պայծառ շողեր բաղձալի
Ատելութեան մշուշը սեւ փարատեն։
Շուրջս աւեր, հառաչանքներ ողբալի,
Ահեղաձայն թնդանօթներ կը գոռան,
Հայ ազգն ամբողջ արդարութեան ծարաւի,
Քեզ կը դիմէ, անհուն սիրոյդ մայրական։
Ո՛վ բարեգութ, ո՜վ Տիրամայր չարխափան,
Պայքարէն վերջ, սահմաններուն Արցախեան,
Հայ ազգն ամբողջ դառնայ կեանքին վաղեմի,
Արդարութեան երգն հնչէ յաղթական։
Հայ սրտերու յոյսի վերջին բերդն է սա.
Տո՛ւր մեզ կորով, ո՜վ բարեգութ Մայր Փրկչին,
Քու զօրութեամբ խորտակուի ուժը չարին,
Որդուոյդ դըրօշն հայ սրտերուն մէջ ծփայ։
Ապաւինած անհուն սիրոյդ մայրական,
Հայ ազգն ամբողջ ինքզինք Քեզի կը յանձնէ,
Որ հաւատքի գետը դարձեալ կարկաչէ,
Ազատօրէն հնչէ երգը յարութեան։