Այս լուսանկարը որ առնուած է 1941-ին Օթթաուայի մէջ՝ կը նկատուի բոլոր ժամանակներու ամենաշատ տպագրուած եւ տարածուած լուսանկարներէն մէկը: Անոր հեղինակն է գանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ: Այս նկարին մասին անձամբ պատմած է լուսանկարիչը՝ «Ժամանակի Դէմքերը» իր գիրքին մէջ։
1941 թուականի Դեկտեմբերին, ճափոնցիներուն կողմէ՝ ամերիկեան Փըրլ Հարպըրի վրայ յարձակումէն ու Ա.Մ.Ն.ի՝ պատերազմի մէջ ներգրաւուելէն յետոյ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլ կը մեկնի Օթթաուա՝ շնորհակալութիւն յայտնելու Գանատային՝ աջակցութեան համար: Չըրչիլ ելոյթ կ’ունենայ գանատական խորհրդարանին առջեւ: Ան գաղափար անգամ չունէր, որ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշին յանձնարարուած էր ելոյթէն յետոյ զինք լուսանկարել: Ելոյթէն յետոյ հանդիպելով Քարշին՝ Չըրչիլ կը զայրանայ, որ նախապէս տեղեկացուած չէր նկարահանման մասին: Ան կը վառէ իր անբաժանելի սիկարը եւ կ’ըսէ.
– Երկու վայրկեան ունիս, կրնաս միայն մէկ լուսանկար առնել:
Քարշ անակնկալի չի գար այս պատասխանէն. ան լսած էր որ Չըրչիլ կոպիտ մարդ էր: «Երկու վայրկեան,- կը մտածէ Քարշ,- երկու աղքատիկ վայրկեաններ նկարելու համար մարդ մը, որ շփոթեցուցած էր իր բոլոր կենսագիրները, որ պարուրած էր աշխարհը իր փառքով, իսկ զիս` սարսափով: Երկու վայրկեան, որ իւրայատուկ ձեւով յաւերժացնէի մարդ մը, որուն մասին արդէն գիրքերու ամբողջ գրադարան մը գրուած է, որուն լուսանկարած են աշխարհի լաւագոյն լուսանկարիչներն ու պարբերականները»։ Քարշը լուռ կը սկսի հետեւիլ Չըրչիլին, որ մռայլ դէմքով կ’երթայ իր սենեակը:
Երբ ներս կը մտնեն, Չըրչիլ կը տեղաւորուի բազկաթոռին մէջ, կը վառէ իր բերանէն անբաժանելի սիկարը եւ կը սկսի զննել լուսանկարիչը, լուսանկարիչն ալ՝ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը: Անոր դէմքի արտայայտութիւնը հրաշալիօրէն կը համապատասխանէր Քարշի պատկերացումներուն, բայց Չըրչիլի ակռաներուն միջեւ խրուած սիկարը անհամատեղելի էր նման հանդիսաւոր եւ պաշտօնական առիթի հետ: Բոլոր լուսանկարներու մէջ Չըրչիլ պատկերուած էր սիկարով: Քարշ սակայն չէր ուզեր կարծրատիպ դարձած լուսանկար ստանալ: Ան նախ Չըրչիլի առջեւ մոխրաման կը դնէ՝ այդպիսով նրբօրէն ակնարկելով այնտեղ ձգել սիկարը: Չըրչիլ, բնականաբար, կ’անտեսէ լուսանկարիչին ակնարկը եւ կը շարունակէ ծամծմել եւ ծխել սիկարը: Քարշ, իր կարգին, կը սպասէ, ապա համոզուելով, որ թեքնիքօրէն պատրաստ է ստանալու լուսանկարը, կը մօտենայ վարչապետին ու ամենայն յարգանքով կ’ըսէ. «Ներողութիւն, սը՛ր» ու առանց թոյլտուութիւն հարցնելու կտրուկ շարժումով մը կը հանէ սիկարը Չըրչիլի բերանէն:
Այդ պահուն Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի դէմքը այնքան խոժոռ եւ յարձակունակ տեսք կը ստանայ, որ կարծէք պատրաստ էր յօշոտել Քարշը: Մինչ Քարշ ՝ զգալով հանդերձ վարչապետին խիստ հայացքը, արագօրէն կը մօտենայ իր լուսանկարչական սարքին եւ անմիջապէս կը սեղմէ կոճակը։ Եւ ահաւասիկ այսպիսի հնարքով Քարշ կը յաջողի քաղաքական մեծ գործիչէն կորզել հրաշալի դիրք եւ դէմքի արտայայտութիւն։ Այս լուսանկարը նաեւ հրաշալի ձեւով կը պատկերէ Չըրչիլի եւ Մեծն Բրիտանիոյ անհնազանդութիւնն ու խրոխտութիւնը՝ ժամանակի ծանրագոյն մարտահրաւէրներուն ի պատասխան։
Վայրկեաններ անց Չըրչիլի դէմքին կը յայտնուի ժպիտ մը եւ ան թոյլ կու տայ, որ Քարշ անգամ մը եւս լուսանկարէ զինք:
Նկարահանումէն յետոյ Չըրչիլ կը սեղմէ Քարշի ձեռքը: Ան անծանօթներու հետ իրեն երբեք նման բան թոյլ չէր տուած:
– Դուք նոյնիսկ մռնչացող առիւծին կրնաք ստիպել անշարժ լուսանկարուիլ, կ’ըսէ վարչապետը Քարշին։
Այսպիսով՝ Քարշ այս դիմանկարը կ’անուանէ «Մռնչացող առիւծը»:
Չըրչիլի նկարը այն երեք եզակի նկարներէն էր, որ ինքը՝ հեղինակը շատ կը հաւնէր: Սակայն ինքն ալ չհասկցաւ, թէ ինչպէս այդ հանճարեղ նկարը ան ընդամէնը 100 տոլարով վաճառած էր «Life» թերթին: Յետագային Չըրչիլի հանրայայտ նկարը վերածուեցաւ յուշային դրոշմանիշի, ուր նշուած է. «Լուսանկարիչ՝ Եուսուֆ Քարշ»: