ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ԵՒ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐԸ

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ԵՒ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐԸ

Հայր ԳԷՈՐԳ Եպիսկ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ


Հինգշաբթի 1 Յուլիս 2021-ը եզակի թուական մը եղաւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար, որոնք տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններ կ’ապրին: Այդ օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասին աղօթեն տառապեալ Լիբանանին համար, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ, որպէսզի համայնքապետերը լիբանանեան տագնապին առնչութեամբ իրենց տեսակէտները յայտնեն Սրբազան Քահանայապետին:
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Լիբանանի հանդէպ տածած այս յատուկ հոգատարութիւնը անսովոր երեւոյթ մը չէ: Ան իր նախորդներուն նման եւ անոնց ոտնահետքերուն հետեւելով, միշտ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Լիբանանի հանդէպ: Բոլորս կը յիշենք Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետին կազմակերպած յատուկ սիւնհոդոսը Լիբանանի համար: Կը յիշենք նաեւ իր՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի (10-11 Մայիս 1997) եւ Պենետիկդոս ԺԶ (14-16 Սեպտեմբեր 2012) Պապերուն օրհնաբեր այցելութիւնները Լիբանան: Չմոռնանք նաեւ 2 Դեկտեմբեր 1964-ին Պօղոս Զ. Քահանայապետին պատմական այցը Լիբանան եւ այդ առիթով իր արտասանած պատգամը Լիբանանի օդակայանին մէջ: Այս բոլոր իւրայատուկ եւ օրհնեալ թուականներուն այսօր կ՛աւելնայ նաեւ 1 Յուլիս 2021-ը:
Թէեւ լիբանանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցները ուշադրութեամբ հետեւեցան այս եզակի հանդիպումին, սակայն չյաջողեցան ըմբոշխնել անոր կարեւորութիւնը: «Թէեւ շնորհակալ ենք Սրբազան Քահանայապետին այս անդրադարձին համար» ոմանք ըսին Լիբանանի մէջ, աւելցնելով որ «սակայն աղօթքը շատ բան չի կրնար փոխել»: Նման արտայայտութեամբ հանդէս եկողները չէին հասկցած թէ աղօթքը զօրութիւն ունի նոյնիսկ պատմութեան ընթացքը փոխելու: Սուրբ Կոյսը անընդհատ կը քաջալերէ հաւատացեալները, որպէսզի յարատեւ աղօթեն, նամանաւանդ Վարդարանը, որովհետեւ ան կրնայ պատերազմներ կասեցնել: Սուրբ գիրքի թելադրանքն է, որ որեւէ բանի ձեռնարկելէ առաջ, նախ աղօթենք եւ Տիրոջ օրհնութիւնը, ուղղութիւնը եւ զօրութիւնը հայցենք: Կրնամ երկար խօսիլ սուրբերու փորձառութեան մասին աղօթքի կապակցութեամբ, բայց կ’ուզեմ բաւարարուիլ շեշտելով անոր կարեւորութիւնը ու զօրութիւնը մեր կեանքերէն ներս:
Հարկ է յիշել նաեւ, որ Սրբազան Քահանայապետին այս անդրադարձը բոլոր միջազգային ուժերու հայեացքը դարձուց դէպի Լիբանան: Այս քայլը եղաւ աղաղակ մը ուղղուած մեծ երկիրներու, որպէսզի աւելի ջանք թափեն Լիբանանի տագնապը լուծելու ուղղութեամբ:
Սակայն ինչո՞ւ Ս. Աթոռը այս հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ Մայրիներու Երկիր՝ այս փոքր աշխարհարարն տարածքին նկատմամբ:
Ս. Աթոռը միշտ եղած է տառապեալ ազգերու եւ ժողովուրդներու կողքին, ինչ կրօնի ալ պատկանին անոնք: Պատշաճ է աւելցնել, թէ ան առաւել եւս նեցուկ պիտի կանգնէր քրիստոնեաներուն: Արդեօ՞ք կրնանք մենք՝ հայերս մոռնալ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կատարած պատարագը Վատիկանի մէջ, եւ ասոր դրական արձագանգները հայ ազգին ի նպաստ: Այսպէս, ան միշտ նեցուկ կանգնած է բոլոր կրօններու եւ ժողովուրդներու:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Ֆրանչիսկոս Պապը (նման իր նախորդներուն), ուզեց լիբանանցիներէն, որ անդրադառնան իրենց ունեցած եզակի դերին, Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Լիբանանի կայունութիւնը զօրաւոր թիկունք է շրջանի բոլոր տառապեալ քրիստոնեաներուն: Այս պատճառով Ս. Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը զայն՝ Լիբանանը կոչեց առաւել քան հայրենիք մը, ան առաքելութիւն է եւ պատգամ ըսաւ ան: Այս առաքելութիւնը նախ ներքին է, սէր եւ համերաշխութիւն տարածելով: Ապա արտաքին է, համերաշխ կենակցութեամբ օրինակ ըլլալով այլոց, ինչպէս նաեւ թիկունք կենալով շրջանի քրիստոնեաներուն:
Չմոռնալու համար մեր կոչումը որպէս լիբանանցիներ, պէտք է վերադառնանք այս երկիրը իրենց արիւնով ոռոգած սուրբ նահատակներու կտակին, որով կարողացանք գոյատեւել այս Արեւելքի մէջ, պատմութեան փոթորիկներու դիմաց:
Ցաւ ի սրտի մեր հայ կաթողիկէ եկեղեցին չկրցաւ մասնակցիլ վերոյիշեալ հանդիպումին, պատրիարքական ընտրութիւններով զբաղ ըլլալուն պատճառաւ: Սակայն սիւնհոդոսի հայրերը իրենց աղօթքներով միացան բոլոր քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:
Շնորհակալութի՛ւն Սրբազան Քահանայապետին իր ցուցաբերած սիրոյն համար հանդէպ Լիբանանին, եւ կը վստահեցնենք որ ընդառաջելով իր նախաձեռնութեան, պիտի շարունակենք աղօթել եւ գործել մինչեւ Լիբանանը գտնէ իր խաղաղութիւնն ու հանգիստը: